Այժմու Աշխարհաքաղաքական Իրավիճակը Հարաւային Կովկասի Մէջ
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
haroutchekijian.wordpress.com
Ռուսական կիսապաշտօնական քաղաքական մարտավարական հիմնարկին՝ «Վալտայ» միջազգային քննարկումի ակումբի 7 մարտ 2025-ի յօդուածին խորագիրն է վերոնշեալը (1): Հեղինակը՝ ռուս, Սերկէյ Մարքետոնով (2), պատմութեան դոկտ. «Յետխորհրդային պետութիւններու նոր դերը» ծրագիրի ղեկավար, MGIMO միջազգային հետազօտութիւններու հիմնարկի առաջատար գիտաշխատող եւ Միջազգային վերլուծաբանութիւն International Analytics ամսագիրի գլխաւոր խմբագիրն է: Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ յօդուածը իմ կողմէս ճշդումներով աստղանշան * եւ շեղագիր.
Նախ՝ Վալտայի նախաբանը. «Տարածաշրջանին մէջ Ռուսիոյ բացառիկ ազդեցութեան մարտահրաւէր կը կարդան թէ՛ արտաքին դերակատարներ, թէ՛ ալ շրջանային պետութիւններ: Այս չի նշանակեր, որ Ռուսիան դուրս կու գայ Հարաւային Կովկասէն, սակայն անոր շարժելու հնարաւորութիւնը զգալիօրէն նեղցած է։ Ռուսիոյ համար բանալին, իրավիճակը խելամտօրէն կառավարելն է՝ հեռանալով առաջուան մտածողութենէն։ Փոխարէնը, Մոսկուան պէտք է խթանէ խաղաղ եւ կայուն հարեւանութեան գործնական տեսլականը՝ զերծ աշխարհաքաղաքական պատրանքներէն, կը գրէ Սերկէյ Մարքետոնով։

«Հարաւային Կովկասը աւանդաբար եղած է Եւրասիոյ ամենէն ուժաբանական տարածաշրջաններէն մէկը։ ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն ետք Խորհրդային Անդրկովկասի նախկին հանրապետութիւնները դարձան տարածաշրջանի ցեղային-քաղաքական հակամարտութիւններու կեդրոնը՝ իրողական de facto պետութիւններու մասնակցութեամբ: Այստեղ էր, որ Պելովեժայի համաձայնագրերը, ԱՊՀ, որոնք հաստատեցին յետխորհրդային սահմանազատման* հիմնական սկզբունքները՝ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն միջեւ վարչական սահմանները միջպետական սահմաններու վերածելու*, որ արդիւնաւէտօրէն վերանայուեցան օգոստոս 2008-ին:
Վերը նշած Պելովեժայի համաձայնագիրով Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը Խորհրդային Ատրպէյճանին մաս չէր կազմած, ոչ ալ անկէ առաջ: Խորհրդային հանրապետութիւնները երբե՛ք անկախ պետութիւններ չեն եղած եւ միջազգային հանրութեան կողմէ չե՛ն ճանչցուած իբրեւ միջազգային իրաւունքի հպատակներ։ Անոնք Սովետական պետութեան կազմին մէջ տարածքային-վարչական միաւորներ էին, ինչպէս՝ նահանգներ կամ գաւառներ։ Անկախ պետութեան մը որեւէ տարածքի պատկանելութիւնը, կը սահմանուի իրաւատիրական տիտղոսով, որ հաստատուած է միջազգային իրաւաբանական վաւերագիրով (3): Խորհրդային կարգերը նախորդող միջազգային իրաւաբանական վաւերագիրը Սեւրի դաշնագիրն է, ուր Ղարաբաղը եւ շրջակայքը Հայաստանին մաս կը կազմեն (4)* :
«Սակայն, 2020-էն 2025-ի ընթացքին, Հարաւային Կովկասը աշխարհաքաղաքական տեղաշարժներու այնպիսի՛ զգալի փոփոխութիւններ կրեց, որ հարց կը ծագի, թէ՝ արդեօք տարածաշրջանը որակական վերափոխման նոր կարգի՞ մը կ՚ենթարկուի:
«Շրջանին մէջ ուժերու նոր հաւասարակշռութիւն:
«Նախ եւ առաջ կարեւոր է ընդգծել, որ այս կարճ ժամանակամիջոցին, տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական իրավիճակը երկու անգամ փոխուեցաւ։ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմը (սեպտեմբեր-նոյեմբեր 2020) արմատապէս խախտեց ուժերու հաւասարակշռութիւնը, որ 26 տարի պահպանուած էր։ Այս իրադարձութեան իմաստը ցեղային-քաղաքական հակամարտութենէ մը անդին է: Միայն այն չէ, որ Ատրպէյճանը իր անցեալի պարտութիւններուն իբրեւ վրէժ վերատիրացած* է իր* կորսնցուցած տարածքներուն մեծ մասին:
*Այստեղ հեղինակը ինքզինք կը հակասէ. «իր տարածքները չե՛ն որ վերատիրանայ», ըստ Խորհրդային «սահմաններուն»: Ատրպէյճանը Ղարաբաղի իրաւատիրական տիտղոսը չունի եւ երբե՛ք ունեցած չէ, Հայաստանն է որ ունի:
«Կովկասի մէջ Թուրքիոյ դերը նոյնպէս զգալիօրէն աճած է։ Առաջին անգամ է, որ ԽՍՀՄ-ի հետ պատմական կապեր չունեցող պետութիւնը առանցքային դեր խաղաց յետխորհրդային աշխարհաքաղաքական իրավիճակը վերաձեւելու մէջ: Ղարաբաղեան հակամարտութեան Թուրքիոյ մասնակցութեան անմիջական հետեւանքը ո՛չ միայն թուրք-ատրպէյճանական ռազմավարական դաշինքի ամրապնդումն էր, այլ նա՛եւ Թուրքիոյ, Ուքրանիոյ եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու միջեւ ռազմագիտական համագործակցութեան ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ Թրքական Պետութիւններու Կազմակերպութեան աշխուժացումը։
«Սեպտեմբեր 2023-ին Ատրպէյճանը լիակատար գերիշխանութիւն հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի վրայ, որ 7 ամիս ետք ռուսական խաղաղապահ ուժերուն կանխահաս հեռացումը պատճառեց*։ Ռուսիոյ աւանդական դերը՝ իբրեւ ատրպէյճան-հայկական հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բացառիկ միջնորդ, փաստօրէն աւարտեցաւ։ Փոխարէնը, Թուրքիոյ ազդեցութիւնը երկու կողմերուն վրայ ալ աճեցաւ՝ Ատրպէյճանի հետ ռազմաքաղաքական համագործակցութեան ուժեղացումով եւ Հայաստանի վրայ դիւանագիտական ճնշումներով, ներառեալ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնգումի նախապայմաններ պարտադրելով:
«Թուրքիոյ վերելքը զգալի մտահոգութիւններ պատճառեց Իրանի մէջ, որ փորձեց ընդլայնել իր դիւանագիտական ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ (օրինակ՝ Կապանի մէջ հիւպատոսութիւն բացաւ հոկտեմբեր 2022-ին՝ յստակ ուրուագծելով իր «կարմիր գիծերը»։ Իրանը առաջարկուող (այսպէս կոչուած*) Զանգեզուրի միջանցքը՝ Ատրպէյճանը Նախիջեւանի հետ Հայաստանի Սիւնիքի մարզով կապող երթուղին՝ իր ազգային շահերուն իբրեւ սպառնալիք սահմանած է:
«2020-ին շատ մը դիտորդներ գուշակեցին Կովկասի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպայի ազդեցութեան նուազումը: Սակայն այս նախատեսութիւնները չիրականացան։ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ յատուկ ռազմական գործողութեան սկսելէն ետք, Արեւմուտքը սառեցուց Ռուսիոյ հետ համագործակցութիւնը հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման հարցին մէջ, քանի որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը դարձաւ լիովին անարդիւնաւէտ: Մինչ Մոսկուայի, Ուաշինկթընի եւ Պրուքսելի միջեւ նախապէս տարակարծութիւնները կեդրոնացած էին Վրաստանի հնարաւոր ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան վրայ, 2022-էն ետք, հայ-ատրպէյճանական կարգաւորումը դարձաւ դիւանագիտական մարտադաշտը։
Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան՝ արտաքին քաղաքականութեան մէջ «Փոխուող սահմանաքարեր»:
«Հարաւային Կովկասի արագացուած աշխարհաքաղաքական ընթացքը անգործածելի դարձուցած է տարածաշրջանի ուժերու հաւասարակշռութիւնը հասկնալու աւանդական վերլուծական ենթահողը: Մինչեւ 2020 Հայաստանը կը նկատուէր իբրեւ Ռուսիոյ առաջապահը Հարաւային Կովկասի մէջ։ Սակայն, յունուար 2025-ին Երեւանը Ուաշինկթընի հետ ստորագրեց ռազմավարական գործընկերութեան պայմանագիր։ Զուգահեռաբար, Հայաստանի կառավարութիւնը սկսաւ քննարկել եւրոպայի անդամակցութեան հանրաքուէի կազմակերպման ուղղուած քայլեր։
«Հայաստանի ղեկավարութիւնը ոչ միայն քննադատած է ՀԱՊԿ-ը՝ նախապէս ալ կրկնուող նիւթ, այլ նաեւ՝ կազմակերպութիւնը ազգային անվտանգութեան սպառնալիք անուանած է: Այս քննադատութեան խորապատկերին, Ռուսիոյ ռազմական ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ զգալիօրէն կրճատուած է, երբ սահմանապահները դուրս բերուած են «Զուարթնոց» օդակայանէն եւ հայ-իրանեան սահմանային անցակէտէն։ 32 տարի տեւած այս ներկայութիւնը գրեթէ աւարտած է՝ մնալով մի՛այն Գիւմրիի 102-րդ ռազմակայանը։ Եւրոմիութեան անդամակցելու Հայաստանի ձգտումը, որ այժմ իր արտաքին քաղաքականութեան առանցքային նպատակն է, նոյնպէս կասկածի տակ կը դնէ անոր շարունակական անդամակցութիւնը ԵԱՏՄ-ին։ Եթէ եւրոպայի անդամակցութեան ընթացքը արագանայ, եւրասիական տնտեսական միութենէն Երեւանի դուրս գալը անխուսափելի կրնայ դառնալ:
«Ի հակադրութիւն, Վրաստանը*, որ երկար ժամանակ կը համարուէր Կովկասի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕ-ի շահերու հիմնական խողովակը, որդեգրած է աւելի բարդ արտաքին քաղաքական դիրքորոշում: Երբ Եւրոխորհրդարանը փաստօրէն մերժեց Վրաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն օրինականութիւնը, Թիֆլիսը եւրոպայի անդամակցութեան բանակցութիւնները «սառած» յայտարարեց։ Միացեալ Նահանգներու նախաձեռնութեամբ 2009-ի Ռազմավարական գործընկերային պայմանագրի կասեցումը ալ աւելի սրեց յարաբերութիւնները»:
*Հեղինակը բոլորովին լուռ անցած է շատ կարեւոր նախընթացի մը վրայէն՝ 2008-ի Վրաստանի հետ պատերազմը չնշելով: Իրականութեան մէջ, յար եւ նման Ղարաբաղի, Ռուսիան խաղաղապահ ուժեր ունէր Հարաւային Օսէթիոյ մէջ, որոնց վրայ վրացական ուժերուն կողմէ յարձակումին պատճառով Ռուսիան Վրաստանի հետ պատերազմեցաւ, «ազատագրեց» Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսէթիոյ ինքնավար մարզերը եւ ապա ճանչցաւ անոնց անկախութիւնը: Նոյնը չըրաւ Ղարաբաղի պարագային, երբ շուրջ տարի մը պաշարման ենթարկուեցաւ եւ ռուս խաղաղապահներ զոհուեցան*: Տես՝ «Ինչպէ՞ս Փոքր Երկրի Մը Միացեալ Նահանգներուն Նեցուկը Վայելող Ղեկավարին Փառամոլութիւնը Սկիզբը Դրաւ Ռուսիոյ Եւ Արեւմուտքի Միջեւ Ճակատումին» (5): Ինչո՞ւ… Այն ատեն Ուքրանիոյ պատերազմը չկար…
«Արեւմտեան գործընկերները քննադատեցին Վրաստանի օտարերկրեայ գործակալներու վերաբերեալ ռուսականի նմանող օրէնսդրութիւն ընդունելու եւ «աւանդական արժէքներ» քարոզելու համար, միւս կողմէ՝ Ռուսիան վերցուց Վրաստանի քաղաքացիներուն վիզայի կարիքը (շուրջ 23 տարի ետք) եւ դէպի Վրաստան օդային ուղիղ թռիչքները վերսկսան։
«Սեպտեմբեր 2023-ին Վրաստանը վերցուց մուտքի վիզաները Չինաստանի քաղաքացիներուն համար, իսկ փետրուար 2024-ին Չինաստանը փոխադարձաբար արտօնեց վրացիներուն 30 օր առանց վիզայի մնալ։ Վրաց-չինական յարաբերութիւնները պաշտօնապէս ռազմավարական հռչակուեցան: Հակառակ այս այլազանութեան, Թիֆլիսը բոլորովին չէ հրաժարած եւրոպական եւ եւրօատլանտեան հակումէն, թէեւ այս նպատակները այլեւս իբրեւ պինդ գաղափարներ չեն նկատուիր:
«Հարաւային Կովկասի մէջ Ատրպէյճանը միշտ ուրոյն դիրք գրաւած է՝ հմտօրէն հաւասարակշռելով յարաբերութիւնները Արեւմուտքի, Թուրքիոյ, Իսրայէլի, Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ։ Ռուս-հայկական յարաբերութիւններու վատթարացման եւ 2020-ի եւ 2023-ի Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ հակամարտութիւններուն մէջ Մոսկուայի փաստացի չէզոքութեան* խորապատկերին, կը թուէր, որ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանին վիճակուած էր աւելի՛ սերտանալ*:
*Ինչպէս վարը անուղղակիօրէն պիտի խոստովանի, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը երբե՛ք Ռուսիոյ բարեկամ չեն եղած եւ պիտի չըլլան: Ծիծաղելի ու ամօթալի՛ է պաշարման ենթարկուած, ապա ցեղային մաքրագործումի ենթարկուող Ղարաբաղին հանդէպ չէզոքութիւն խաղալը*:
«Փաստը՝ 22 փետրուար 2022-ի Մոսկուայի դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիրը, որ ստորագրուեցաւ, Ուքրայինայի մէջ Ռուսիոյ յատուկ ռազմական գործողութենէն քանի մը օր առաջ: Սակայն, այս «աշխարհաքաղաքական հատուցումը» չիրականացաւ։ Աքթաուի օդային ողբերգութիւնը, որուն համար Պաքուն մեղադրեց Ռուսիան, ընդգծեց անոնց ռազմավարական գործընկերութեան փխրուն ըլլալը եւ յարաբերութիւններու ետին գտնուող լարուածութիւնը»: *Տես՝ Ատրպէյճանը ՆԱԹՕ-ի Տրոյեան ձիու դերին մէջ է. «Հարուած Ալիեւի վարկանիշին – նախկին պաշտօնեան կը բացայայտէ «Պաքուի պալատական գաղտնիքները» Ա. Եւ Բ. (6), (7)*:
«Այս միջադէպը երկու պետութիւններուն, Ուքրայինայէն մինչեւ Մերձաւոր Արեւելք, հարցերու վերաբերեալ տարբեր մօտեցումները ընդգծեց։ Միեւնոյն ժամանակ, Պաքու-Անգարա դաշինքը ամրապնդուեցաւ, յատկապէս 2021-ի Շուշիի հռչակագիրէն ետք, որ բարձրացուց անոնց փոխադարձ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան պարտաւորութիւնները: Այս մէկը ամրապնդեց Թուրքիոյ դերը Կասպից ծովու տարածաշրջանին եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ՝ միաժամանակ առաջ մղելով Թրքական պետութիւններու կազմակերպութիւնը՝ իբրեւ հիմնական միութեան ծրագիր:
«Ռուսիոյ համար հաւանական վտանգները եւ հնարաւորութիւնները:
«Կովկասը զգալի փոփոխութիւններու կ՚ենթարկուի: Հինգ տարի առաջ կարելի էր զայն բնութագրել իբրեւ բացարձակապէս յատուկ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ռուսական ազդեցութեան առաջնահերթ միջավայր։ Այս դիրքը մնաց անփոփոխ, հակառակ 2008-ի ռուս-վրացական պատերազմին, ուր Վրաստանը աննախադէպ օգնութիւն ստացաւ Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոմիութենէն եւ ՆԱԹՕ-էն, ապա՝ Ղարաբաղի մէջ 2016-ի «քառօրեայ պատերազմին», որմէ ետք Ռուսիոյ բացառիկ դերը իբրեւ միջնորդ ընդունեցին Արեւմուտքը, Թուրքիան եւ Իրանը։ Նոյնիսկ 2020-ի դէպքերը, որոնք հանգեցուցին Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման, ի սկզբանէ Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպան ընկալեցին իբրեւ Մոսկուայի ազդեցութեան համախմբում։ Տրամաբանութիւնը պարզ էր. մինչեւ նոյեմբեր 2020 Ղարաբաղի մէջ ռուսական զօրքեր չկային, ապա՝ կային:
«Սակայն, այսօր, Ռուսիոյ բացառիկ ազդեցութիւնը կը վիճարկուի թէ՛ արտաքին դերակատարներու, եւ թէ՛ ալ տարածաշրջանի պետութիւններուն կողմէ: Այս չի նշանակեր, որ Ռուսիան դուրս կու գայ Հարաւային Կովկասէն, սակայն անոր շարժելու հնարաւորութիւնը զգալիօրէն նեղցած է: Բայց եւ այնպէս, գոյացող աշխարհաքաղաքական համայնապատկերը ո՛չ միայն վտանգներ կը ներկայացնեն, այլ նաեւ՝ հնարաւորութիւններ:
«Առաջին՝ շրջանային միութեան չգոյութիւնը եւ արտաքին խաղացողներուն Կովկասի հարցերը կարգադրելու միացեալ մօտեցումի բացակայութիւնը Մոսկուայի համար առիթներ կը ստեղծէ: Երկրորդ՝ հակառակ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ լարուած յարաբերութիւններուն եւ Վրաստանի հետ դիւանագիտական կապի բացակայութեան, Ռուսիան կը մնայ հարաւային Կովկասի հետ երեք գլխաւոր տնտեսական գործընկերներէն մէկը: Երրորդ՝ անվտանգութեան եւ գերիշխանութեան նկատառումները կը մնան գերագոյն ազդակ:
Ռուսիոյ համար բանալին, իրավիճակը խելամտօրէն կառավարելն է՝ հեռանալով առաջուան մտածողութենէն, թէ՝ «անոնք ոչ մէկ տեղ կ՚երթան» մտածելակերպը այլեւս ի զօրու չէ։ Փոխարէնը, Մոսկուան պէտք է խթանէ խաղաղ եւ կայուն հարեւանութեան գործնական տեսլականը՝ զերծ աշխարհաքաղաքական պատրանքներէն»: Վերջ:
Պիտի կրկնեմ ռուսիոյ մասին յօդուածներուս ուղերձը ռուս պատմաբաններուն, վերլուծողներուն եւ քաղաքական պատասխանատուներուն: Արեւմուտքին նման ձեր այս երկու չափ երկու կշիռը կը վնասէ հայ-ռուս յարաբերութիւններուն: Խրիմի ժողովուրդին, Աբխազիոյ, Հարաւային Օսէթիոյ եւ արեւելեան Ուքրայինայի Տոնպաս եւ այլն ինքնորոշման իրաւունքը ճանչնալը Ռուսիոյ գովելի ու արդար կեցուածքն էր, սակայն նոյն վիճակին մէջ գտնուող Ղարաբաղի հանդէպ «չեզոքութիւնը»՝ անընդունելի՛: Երկրորդ, լաւ կ՚ըլլայ, որ վերոնշեալները իրենց յօդուածներուն մէջ նշեն Հարաւային Կովկասի պատմական իրականութիւնները, մա՛նաւանդ Ատրպէյճանի գոյութիւն չունենալը 1918-էն առաջ եւ Խորհրդային վարչակարգին կողմէ հայկական հողերը դրացիներուն նուիրելը, ներառեալ Արարատ լեռը, Ղարաբաղը, Նախիջեւանն ու Ախալքալաքը:
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները յօդուածագրին կողմէ:
- https://valdaiclub.com/a/highlights/the-current-geopolitical-situation-in-the-caucasus/
- https://valdaiclub.com/about/experts/3806/
- https://hairenikweekly.com/?p=63011
- https://www.socialist-armenia.org/politicaldetail/744/Ara-Papyan-Legal-Title-Nagorno-Karabakh/Politics/Armenia
- https://www.aztagdaily.com/archives/589694
- 6. https://hairenikweekly.com/?p=62665
- 7. https://hairenikweekly.com/?p=62685