Լրահոս

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւոր Եւ Հ․Յ․Դ․-ի Անդամ Գառնիկ Դանիէլեան Այցելեց Շուէտ

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, Հ․Յ․Դ․-ի անդամ եւ Հայաստան-Շուէտ բարեկամական խումբի անդամ Գառնիկ Դանիէլեան այցելեց Շուէտ:

Մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին, Դանիէլեան լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի եւ հայութեան համար կարեւոր հարցեր` միջազգային հանրութեան կողմէ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղային զտման համարժէք գնահատականներ տալու խիստ անհրաժեշտութեան, արցախահայութեան վերադարձին եւ այլ իրաւունքներու վերականգնման հարցին մէջ միջազգային աջակցութեան կարեւորութեան մասին: Ան ընդգծեց նաեւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը դատապարտելու եւ համապատասխան բանաձեւեր ընդունելու անհրաժեշտութիւնը:

«2023 թուականին Շուէտը աւելի քան 1 միլիոն տոլար է յատկացրել Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին` Արցախի բնակչութեան մարդասիրական կարիքների համար: Հաշուի առնելով Արցախից բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցների` օր օրի վատթարացող ընկերային դրութիւնը, խնդրեցի չդադարեցնել այս տեսակ աջակցութիւնները: Տարբեր կուսակցութիւնների ներկայացուցիչների հետ հանդիպումների ժամանակ բարձրաձայնել եմ Ատրպէյճանում պահուող մեր գերիների` ապօրինաբար պահուող ռազմաքաղաքական եւ քաղաքացիական անձանց հարցը` ակնկալելով, որ գործուն քայլեր կը ձեռնարկուեն վերջիններիս ազատ արձակելու ուղղութեամբ: Խօսել եմ նաեւ Շուէտի կողմից Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչելու եւ դատապարտելու կարեւորութեան մասին: Նշեմ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչող բանաձեւ առայժմ ընդունել է միայն խորհրդարանը: Տեղեկանալով այցիս մասին` ինձ հետ հանդիպելու ցանկութիւն յայտնեցին շուէդահայերը, որոնք իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին ցանկացած հայանպաստ գործունէութեան մէջ ներգրաւուելու հարցում: Եւս մէկ անգամ ցանկանում եմ շնորհակալութիւն յայտնել շուէտական կողմին` արժանացրած ջերմ ընդունելութեան եւ փորձի փոխանակման հնարաւորութեան համար», ըսաւ Դանիէլեան:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button