Բանտարկեալներու Մոռացման Խայտառակութիւնը

0 0
Read Time:2 Minute, 30 Second

«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական

«Եթէ չես կրնար թռչիլ, ապա վազէ՛, եթէ չես կրնար վազել, ապա քալէ՛, եթէ չես կրնար քալել, ապա սողա՛, բայց ինչ որ ալ ընես, պէտք է շարունակես յառաջ շարժիլ»:
Մարթին Լութըր Քինկ Կրտսեր (1929-1968)

Հետաքրքրական ու ուշագրաւ էր Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան լոյս ընծայած մէկ գրառումը, թէ՝ Հայաստան կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու եւ Քաթարի ղեկավարներու նախաձեռնութիւնը՝ վերսկսելու Կազայի մէջ զինադադարի շուրջ բանակցութիւնները, խորապէս գիտակցելով զինադադարի եւ պատանդներու ազատ արձակման կարեւորութիւնը, երբ վտանգուած են մարդկային կեանքերն ու երկրին խաղաղութիւնը։
Յայտարարութիւնը կ’աւելցնէ․ «Կը յուսանք, որ յաջորդ քննարկումներուն ընթացքին, պիտի արձանագրուին շօշափելի արդիւնքներ, որոնք պիտի բարեփոխեն վնասուած բնակչութեան վիճակը»։
Հիմա դառնանք մեր ածուին. հաւանաբար մինչեւ իսկ քաղաքական աշխարհէն շատ հեռու կանգնող հայորդիին համար, բան մը պակաս կը հնչէ այս յայտարարութիւններուն մէջ։ Ամբողջական չէ մօտեցումը, այլ ընդհակառակը, շատ բան թերի է, այդ ալ ինչպէ՜ս։ Շատ լաւ հասկնալով Կազայի անմեղ բնակչութեան ողբերգական վիճակն ու դժնդակ կացութիւնը, հայորդիին համար նմանօրինակ յայտարարութիւն շատ աւելի ամբողջական պիտի ըլլար, եթէ գոնէ յիշատակում ըլլար նաեւ Պաքուի բանտերուն մնացող մեր գերիներու եւ պատանդներուն մասին:
Անտեղի ու անարդար պիտի ըլլայ այսինչ բանտարկեալը գերադասել այլ բանտարկեալի մը, սակայն պէտք է նշել, շեշտել, յիշել եւ վերստին յիշել, թէ անարդարօրէն պահուող բանտարկեալներու շարքին են Արցախի ղեկավարներէն ընտրանի մը։
Վերջերս, լաւատեղեակ աղբիւրներէ ստոյգ տեղեկութիւններ տարածուած են, որ յատկապէս Արցախի նախկին ղեկավարներ Բագօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի առողջական վիճակը սկսած է վատթարանալ։ Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդեօք տեղեա՞կ է անոնց վիճակին. անկասկած որ տեղեակ է, ուրեմն, Կազայի իրադարձութիւններուն մասին իր լոյս ընծայած յայտարարութիւնը օգտագործելով՝ չէ՞ր կրնար գէթ տող մըն ալ աւելցնել, որ Պաքուի մէջ ալ չեն յարգուիր մարդկային իրաւունքի ամենադոյզն պայմանները։
Թող ո՛չ ոք հարց դնէ, թէ ոչ մէկ կապ կայ Կազայի կացութեան եւ Պաքուի բանտարկեալներուն միջեւ։ Անշու՛շտ որ կարելի կապել, շաղախել եւ բողոք ներկայացնել, եւ ատիկա Հայաստանի Հանրապետութեան պարտականութիւնն է, ո՛չ Միացեալ Նահանգներու, ո՛չ Եգիպտոսի եւ ո՛չ ալ Քաթարի։
Դեռ վերջերս, Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան հաղորդակցութեան ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի, յիշատակելով Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու առողջական վատթարացման մասին մամուլին մէջ տարածուող լուրերը, շեշտած էր, թէ պարզ ու մեկին՝ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն Պաքուի մէջ պահուող հայերու հետ իր ներկայացուցիչներու տեսակցութեան բովանդակութեան առնչուած որեւէ բան հանրային հարթակի վրայ չի կրնար մեկնաբանել: Սա արդեօք պիղատոսութեան ինքնարդարացո՞ւմ մըն է…
Մարթին Լութըր Քինկ կրտսերի իմաստուն խօսքերը որքա՜ն համահունչ են ներկայ կացութեան եւ կը շեշտեն ԲԱՆ ՄԸ, ՈՐԵՒԷ ԲԱՆ ԸՆԵԼՈՒ հրամայականը, ներկայացող առիթները օգտագործելու պահանջը։
Արտաքին յարաբերութիւններու «փրոթոքոլային» բեմահարթակին վրայ բացակայ ենք, կամ ալ պարզ դէտի դեր կը կատարենք, այն ալ՝ կարծէք թէ ո՛չ առնչակից դէտի դեր։
Սպանացի հռչակաւոր արուեստագէտ Փապլօ Փիքասօ ըսած է. «Գործը ամբողջական յաջողութեան հիմնական բանալին է»:
Արուեստի աշխարհէն ու անոր տրամաբանութենէն շատ հեռու, պէտք է նմանօրինակ վրձիններ յանձնել Հ․Հ․ ռազմաքաղաքական-յարաբերական ղեկավարներուն, որպէսզի չմոռնան անմոռանալի իրականութիւնները, որոնց շարքին՝ Պաքու գտնուող բանտարկեալ գերիները, նոյնինքն Արցախն ու Հայաստանէն փրցուած-յանձնուած հողակտորները, աւելի՛ն, Արարատն ու «Մեր հողե՛րը, մեր հողե՛րը», մեր անսակարկելի իրաւունքները եւ կերտեն Հայոց Պատմութեան եւ մեր հայրենիքին փրկութեան ՆԿԱՐը։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
50 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
50 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles