Լրահոս

303 ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ՝ «ՋԼՈՒՏԵԱՆ» ԿՏԱԿԻՆ ՄԻՋՈՑՈՎ

 

Հ.Օ.Մ.-ի «Զոհուած Հերոսներու Զաւակներ» ծրագիրը ամէնամեայ դրութեամբ կը հովանաւորէ զոհուած հերոսներու զաւակներ, որոնք Հայ Օգնութեան Միութեան մնայուն հոգածութիւնը կը վայելեն։ Այս ծրագիրը նախապէս կը կոչուէր «Որբախնամ», որ հաստատուած էր՝ հովանաւորելու համար 1988-ի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժին պատճառով որբացած երեխաներ, ինչպէս նաեւ՝ Արցախեան գոյամարտի նահատակներու զաւակներ։

Յասմիկ Ջլուտեան այն բարեգործ հայուհին է, որ որոշ գումար կտակեց Հ.Օ.Մ.-ին, փափաք յայտնելով, որ կտակին շահարկումէն ստացուած հասոյթը  յատկացուի որբերու եւ մանկապարտէզներու։

Առ այդ, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան որոշումով, 2025 տարեշրջանի համար՝ «Յասմիկ Ջլուտեան» կտակի շահարկումէն ստացուած $100,000 (հարիւր հազար ամերիկեան տոլար) պիտի յատկացուի 303 երեխաներու,  որոնցմէ իւրաքանչիւրը $300 ( երեք հարիւր ամերիկեան տոլար ) պիտի ստանայ։

Այս առիթով, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կ՛ոգեկոչէ բարեգութ Յասմիկ Ջլուտեանի յիշատակը։ Ան իր կտակով՝ բացառիկ օրինակ հանդիսացաւ բարեգործութեան եւ գթասրտութեան։ Խորապէս գնահատելով իր եւ  մեր բոլոր կտակարարներուն եւ նուիրատուներուն  ազնուագոյն արարքը, կ՛ուզենք տօնական այս օրերուն բոլորին ուշադրութեան յանձնել կարեւոր հանգամանք մը, թէ որբ մը ուրախացնելով՝ կը ստանանք հոգեկան անբացատրելի գոհունակութիւն։ Խորապէս կը հաւատանք, որ «Զոհուած Հերոսներու Զաւակներ» ծրագիրը անխափան պիտի շարունակուի՝ շնորհիւ մեր գթասիրտ նուիրատուներուն։

Վարձքը կատա՛ր բոլորին։

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button