ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Չորեքշաբթի, Մարտ 20-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Մեծ Պահքի ծրագիրը հասաւ իր աւարտին։ Տեղւոյն Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ համագործակցութեամբ եւ Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի նախագահութեամբ, ծրագրի իւրաքանչիւր դասախօսութեան կողքին տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն եւ հիւրասիրութիւն։
Վերջին դասախօսն էր Տիթրոյթի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան, որ խորհրդածութիւն մը կատարեց՝ «Զիս քու գործաւորներէդ մէկը նկատէ» խորագրով (Ղկ 15.19)։ Տէր Հայրը Անառակ Որդիի առակը կիրարկեց եկեղեցւոյ համայնական կեանքին, յատկապէս ծառայութեան լծուածներու պարագային, եւ խոստմնալից գործնական եզրակացութիւններու յանգեցաւ։