ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐԸ

0 1
Read Time:3 Minute, 6 Second

ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐԸ
«Հայրենիք» – Խմբագրական
Փետրուար 20, 1955

Երեք օր առաջ տօնեցինք Աւարայրի քաջերուն խնկելի յիշատակը։
Այս առթիւ, Հայ Եկեղեցին, աւանդական հանդիսութեամբ, խունկով ու աղօթքով յարգեց յիշատակը անոնց, որոնք
տասնըհինգ դար առաջ, բռնակալութեան դէմ ծառացեր եւ մերժեր էին Հայաստանը նուաճող կայսրութեան մը գահակալին՝
Յազկերտի անա՛րգ հրովարտակը, որով կը փորձէր ան հայ հողէն ետք, նուաճել նաեւ հայ հոգին։
Հայը, իր ըմբոստութեան շարժումին մէջ, պարտուեր էր ֆիզիքապէս, սակայն յաղթեր էր հոգեպէս. մնացեր էր քրիստոնեայ,
մերժելով դուրսէն բռնի պարտադրուած կրօնք մը, իր բոլոր կարգերով։
Մեր ժողովուրդը դարերով տօնախմբած է Վարդանանց դիւցազնական գործը, իբրեւ բռնութեան դէմ ըմդվզումի գերազանց
ու պատուաւոր կեցուածք մը, հերոսական շարժում մը՝ ի պաշտպանութիւն խղճի ազատութեան։
Ոգեկոչումի այս օրերուն կը զուգադիպի տարեդարձը Փետրուարեան ապստամբութեան, որ նոյնպէս բռնութեան դէմ
պանծալի ընդվզում մըն է, համատարած ու համաժողովրդական, որքան Վարդանանցը։ Փետրուարեան
ապաստամբութեան մէջ, իշխանական տուներ ու անուններ չկան, անանուն ժողովուրդն է որ շարժման մէջ նետուած է, իր
բոլոր դասակարգերով, գիւղացի, քաղաքացի, մտաւորական ու արհեստաւոր, որոնք մէկ մարդու պէս ծառացած են
բռնակալ իշխանութեան դէմ, իրենց կեանքը, ինչքը, պատիւը, եկեղեցին, ազատութիւնը պաշտպանելու համար։ Պայքարած
են անոնք, մերժելու համար բոլշեւիկեան պարտադրուած կարգն ու վարդապետութիւնը, ինչպէս իրենց նախահայրերը
մերժած էին պարսկական կրօնքն ու կարգը։
Արդ, ահա երեսուն եւ չորս տարի է, ժամանակակից Յազկերտեան Կայսրութիւնը, Բոլշեւիկեան Ռուսաստանը, որ աւելի
բիրտ է, աւելի անկրօն ու անպարկեշտ, բռնագրաւած է մեր երկիրը։ Արիւն ու արցունք ծաւալած է մեր հայրենիքին մէջ. ամէն
հայ տան մէջ սուգ մը սփռած է, բանտն ու աքսորը դարձնելով պետական կարգ ու օրէնք, հալածանքն ու սպաննութիւնը
առօրեայ սպառնալիք ու անխուսափելի իրողութիւն։
Այս է դառն իրողութիւնը, որքան ալ, խարդախ ոսկերիչներ ջանան ոսկեփոշի ցանել հայ ժողովուրդին ապրած
ողբերգութեան վրայ։
Սակայն, հակառակ այս բոլորին, հայ մարդիկ, խմբակցութիւններ ու նոյնիսկ կուսակցութիւններ, խայտաբղէտ անուններով
ու ըմբռնումներով, ոչ միայն բողոքի ճիչ մը չեն արձակած ու չեն արձակեր, այլեւ կը փառաբանեն մեր հայրենիքը
բռնագրաւոր իշխանութիւնը։ Կը պանծացնեն զայն, իբրեւ «փրկութիւն» նկատելով, կը տօնեն Նոյեմբեր 29¬ը, ազգային
անկախութեան խորտակման թուականը։
Եւ Նոյեմբեր 29¬ին հետ կը տօնեն ու կը պանծացնեն Վարդանանց յիշատակը…
Կը հայհոյեն Փետրուար 18¬ին, «արկածախնդրութիւն» կոչելով զայն, ու կը տօնախմբեն Վարդանանցը, իբրեւ
դիւցազներգութիւն։
Բացէք վերջին երկու երեք օրերու Ռամակավար, Հնչակ, Յառաջդիմական քողածածուկ խմբակցութիւններուն
պաշտօնական օրկանները եւ կը զարմանաք։ Յօդուածներու խմբագրականներ, շողշողուն վերտառութիւններ,
վերլուծումներ ու խորհրդածութիւններ, պերճաբարբա՜ռ տողերով, քով քովի, ըսելու համար թէ Վարդանանք հերոսներ էին,
որոնք բռնութեան դէմ ծառանալով, փրկած էին հայ ժողովուրդի ազատութիւնը։ Զարմանքով կը կարդանք այս թերթերուն
մէջ «Խորհուրդ Վարդանանց», «Վարդանանց Համազգային Տօնակատարութիւնը», «Վարդանանց Յիշատակին»
յօդուածները եւ յետոյ խմբագրական մըն ալ՝ «Վարդանանք» խորագրով, որոնք բոլորը կը փառաբանեն, կը պանծացնեն եւ
կ՛ոգեկոչեն Աւարայրի հերոսներուն յիշատակը։ Կը փնտռեն ու կը փռեն թերթի սիւնակներուն մէջ ամենէն շողշողուն
բառերը, աստուածացնելու համար Վարդանն ու իր զինակիցները, պարսաւելով Վասակը, ապա եզրակացնելու համար.
«Վարդանանք կամաւոր ընծայաբերում մըն էին այն բոլոր ազատութիւններուն ու խորհուրդներուն, որ արժէքն են
մարդկային կեանքին, եւ պիտի տեւեն որքան շունչ ու կենդանութիւն կան երկրի երեսը»։
Այս տողերը ռամկավա՛ր օրկանինն են։

Հնչակեանը սակայն, որ «Ս. Դեմոկրատ» ալ է, վար չի մնար շաղփաղփանքի այս մրցակցութեան մէջ. նոյնիսկ աւելի
պերճախօս տողերով կը պանծացնէ Վարդանի յիշատակը, մեծադիր նկարն ալ հրատարակելով, յայտարարելու համար, թէ
«Վարդանանք պատերազմեցան որպէսզի Հայութիւնը ապրի»։
Կամ, աւելի հեղինակաւոր կերպով, յայտարարելու համար զոյգ սիւնակներու մէջ, թէ «Ան ¥Վարդան¤, չտատանուեցաւ
¥չտատանեցաւ ըսել կ՛ուզէ.¬ «Հ»¤, ոչ ալ ականջ տուաւ իր ¥իրե՛ն, «Հ»¤ ժամանակակից, խոհականութիւն եւ զգուշութիւն
քարոզողներու թելադրանքներուն»։ Յետոյ, առանց ամչնալու. «Ինչքան ծանր է մեր գործը ներկայիս, նոյնքան ծանր էր այդ
Վարդանանց հերոսամարտի շրջանին։ Հետեւինք անոնց օրինակին»…
Փարիսեցինե՛ր, ժամանակակից փարիսեցիներ, որոնք ստուերի մէջ կը ձգեն Աւետարանի խեղճ ու ողորմելի իրենց
նածատիպարները։ Ի՞նչ պիտի ըսէր Յիսուս, եթէ այս օրերուն ապրէր…։
Այս առեղծուածային կեցուածքներուն առջեւ, այս սուտ ու խարդախ փառաբանութիւններուն ի տես, կը զարմանանք ու կը
վրդովուինք, բայց չենք ցաւիր։
Նոյնիսկ, կ՛ուրախանանք երբեմն, որովհետեւ, կը մտածենք թէ՝ մարդիկ, հերոսներ պանծացնելով, կրնայ ըլլալ որ
պայծառանան հոգիով։օ
Ազատութիւնը տօնելով, թերեւս, ազնուանան ու վեր բարձրանան, արժանի դառնալով Վարդանանց ոգիին ու յիշատակին։
Փարիսեցինե՛րն ալ թող տօնեն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles