Արցախի ճգնաժամային օրերուն, երբ կը պատրաստուէինք նշել Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ անկախութիւնները վարժարանէն ներս, երկու օր անքուն կը մտածէի, թէ ի՛նչ պատգամ պիտի տամ մեր աշակերտութեան, երբ մղոններ հեռու Արցախը կը յանձնուի ոսոխին եւ Հայաստան պատանդ առնուած է դաւաճաններու ձեռքը:
Յիշեցի իմ աշակերտական օրերս, երբ հանգուցեալ պարոն Մարգար հանդէս կու գար մեր աշակերտական առաւօտեան հաւաքներուն, երբ միասնաբար կ՛աղօթէինք եւ կ՛երգէինք քայլերգները: Մենք հասակ առինք ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի յարկին տակ մեր պատմութեան անկիւնադարձային տարիներուն` 1988-ի երկրաշարժն ու Արցախի ազատագրական պայքարի ծնունդ եւ յաջորդող տարիներու Արցախի գոյամարտ եւ զոյգ պետութիւններու անկախացումներ: Պարոն Մարգար յարատեւօրէն մեզի քարոզեց լոկ հայրենասիրութիւն` գնահատել եւ ապրեցնել մեր մշակոյթը, ծառայել ի շահ մեր ժողովուրդին եւ հայրենադարձութիւնը համարել որպէս հայապահպանման լաւագոյն միջոց: Մարդասիրական ծառայութիւն ջամբեց ան երկրաշարժի ու Արցախի պատերազմի օրերուն եւ պահանջատիրութեան ջահերը վարեց ու վերանկախացման յոյսը ներշնչեց մեր մանուկ հոգիներուն մէջ, երբ բռնապետութիւններու ձեռքն էին մեր հայրենի հողերը:
35 տարիներ ետք, հայրենիքի նման պայմաններու տակ, վարժարանի որպէս ներկայ տնօրէն, դիմեցի պարոն Մարգարի օրինակին` մղելու աշակերտները դէպի յարատեւ պայքար եւ անշահախնդիր ծառայութիւն:
Մէջբերեցի իր խօսքերէն` գրուած «Արձագանգ»-ի 1972 թուականի 11-րդ համարին մէջ:
«Եւ թող բոլորը իմանան, թէ դուն ունիս զաւակներ, որոնք հպարտ ու երջանիկ կը զգան իրենք զիրենք, երբ ծառայեն քեզի ու կը զոհուին քեզի համար:
«Կ՛արհամարհեմ անոնք, որոնք չեն սիրեր կամ կ՛ուրանան քեզ: Անոնք պարզապէս չեն ճանչցած քեզ, եւ կամ ցամքած է արիւնը հայուն իրենց երակներուն մէջ:
«Կ՛երդնում իմ երիտասարդութեան վրայ, որ քեզ պիտի սիրեմ ու պիտի ծառայեմ քեզի մինչեւ վերջին շունչը իմ:
…
«Թող ես ոչնչանամ, եթէ քեզ ուրանամ, ու թող գոյութիւնս անհետանայ, եթէ քեզ մոռնամ, ո՛վ իմ հմայիչ ժողովուրդս:
«Ու կը հաւատամ…
«Ու կը հաւատամ, որ պիտի գայ օ՛ր մը, երբ քու հայրենի հողերուն վրայ վերստին պիտի փայլի ազատութեան արեւը, պիտի վերստին ծածանի արդարութեան դրօշը, եւ այն ատեն դուն դարձեալ պիտի առնես այն, ինչ որ քուկդ էր արդէն, իմ պաշտելի՜ ժողովուրդ – ՀԱ՜Յ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ»:
Ճիշդ այս երդումով ալ ան եւ դպրոցի անձնակազմը դաստիարակեցին մեր սերունդը` անդադար քարոզելով մեզի, որ մենք ՀՕՄ-ի վարժարանին մէջ պիտի զինուինք գիտելիքներով եւ ազգային գիտակցութեամբ եւ ապա դառնանք մեր Դատի եւ ազգութեան առաքեալները: Այն սերունդը, որ չունեցաւ բախտաւորութիւնը ունենալու երկրորդական կարգի ուսում մեր վարժարանին մէջ, իրօք կատարեց իր ազգային առաքեալի պարտականութիւնները թէ՛ օտարներուն հայութեան եւ մեր Դատի մասին դաստիարակելով եւ թէ՛ օտար վարժարաններ յաճախած հայ աշակերտները միութենական կեանքի շուրջ համախմբելով:
Պարոն Մարգար հանգստեան կոչուելէն ետք չդադրեցուց իր աշխատանքը դպրոցին վերաբերեալ: Ան շարունակեց խնամել իրեն աշակերտած շրջանաւարտները` միշտ հետաքրքրուելով անոնց կեանքի յաջողութիններով, ինչպէս` բարձրագոյն ուսում, ընտանիք, միութենական կեանք: Ան կ՛ուզէր տեսնել, որ իր ջամբած ոգին կը դրսեւորուէր մեր կենցաղով` ի սպաս մեր ազգի վերելքին:
Որպէս իր խօսքին տէրը` պարոն Մարգար փոխադրուեցաւ Հայաստան, ինչպէս միշտ կը ցանկար նաեւ մեզի համար: Թէեւ` մեզմէ ֆիզիքապէս հեռու, ան չդադրեցաւ դպրոցով հետաքրքրուելէ: Յաճախ կապի մէջ էր հետս` յատուկ հետաքրքրութիւններ ցոյց տալով մեր դպրոցի աճման, հայեցի դաստիարակութեան եւ անդադար կը խրատէր զիս: Երիտասարդ տարիքէս ի վեր ան քաջալերած էր իմ հետաքրքրութիւնս հայ գրականութեան եւ պատմութեան հանդէպ եւ մէջս տեսնելով սէրս կրթութեան հանդէպ` ան կը խրախուսէր, որ ես ուսանիմ որպէս ուսուցիչ եւ վերադառնամ մեր վարժարան, ապա ըլլամ տնօրէն:
Երբ 2017-ին նշանակուեցայ վարժարանի տնօրէն, իրարու հետ փոխանակեցինք հետեւեալ նամակները, որոնք լաւագոյն ձեւով կը նկարագրեն իր յատուկ քաջալերանքի ոճը:
«Բարե՛ւ պարոն Մարգար,
«Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի` ձեր խնամքին, քաջալերանքին եւ ներշնչիչ օրինակին համար: Այս շաբաթ յայտարարեցին, որ զիս նշանակած են որպէս դպրոցի տնօրէն: Այս պատիւին ես պիտի չկարենայի արժանանալ առանց ձեր եւ մեր վարժարանի տարած աշխատանքին մեր սերունդին վրայ: Ինչ մեծ բախտաւորութիւն եւ պատասխանատուութիւն, որ հիմա ինծի կը վստահուի շարունակել այն գործը, որ դուք անձնուիրութեամբ եւ օրինակելիօրէն սկսաք 38 տարիներ առաջ:
«Ներփակ կը գտնէք պաշտօնական նամակը կրթական մարմինէն:
«Կրկին երախտապարտ եմ, սիրելի՛ պարոն տնօրէն: Ձեր եւ ձեր նմաններուն շուքին տակ մենք հասակ առինք, հիմա պիտի շարունակենք այս սուրբ գործը:
Մեծ սիրով եւ կարօտով`
Րաֆֆի»
«Սիրելի՛ Րաֆֆի, մեզի հասած ուրախ լուրը շատ ուրախացուց զիս եւ Էլիզը: Որոշումին արժանի ես: Յովիկը գրեց, որ պատմական որոշում մըն է Րաֆֆին տնօրէն նշանակելնին: Ես միշտ կողքիդ եմ ու պիտի ըլլամ նաեւ ապագային: Չես կրնար երեւակայել, թէ որքա՛ն կ՛ուրախանամ, երբ մտածեմ, որ Թորոնթոյի մէջ կառուցածս լաւ ձեռքերու մէջ է ներկայիս ու կը յառաջդիմէ իմ փափաքածիս պէս»:
2 յուլիս 2017
«Ուրախութիւնս մեծ է, երբ Թորոնթոյէն կը տեղեկանամ, որ յաջող կերպով կը վարես քեզի յանձնուած մեր սիրելի դպրոցին, տնօրէնի պատասխանատու պաշտօնը: Ապրի՛ս, տղաս, հազա՛ր ապրիս: Բարեւներ ու ջերմ համբոյրներ` բոլորիդ անխտիր: Քեզ սիրող ու տարած գործդ միշտ գնահատող Մարգար: Բարեւներ բոլորին: Միշտ սիրով ու միշտ կողքիդ` Մարգար»:
2 դեկտ. 2017
Մեր սերունդին մէջ կ՛ուզէր տեսնել իր տարած աշխատանքին արդիւնքը, որ եղաւ իր ամենամեծ վարձատրութիւնը, եւ որուն միջոցով ան հանգիստ գիտէր, թէ այնքան ատեն որ մեր գաղութի ղեկը իր նախկին աշակերտներուն ձեռքերուն մէջ էր, անպատճառ թորոնթոհայութիւնը լաւ ձեռքերու մէջ էր:
2008-էն ի վեր մեր աշակերտները շարունակեցին օգտուիլ իր խրատներէն, եւ իր կենցաղը շարունակեց մնալ որպէս ներշնչում` մեր տարեկան աշակերտական Հայաստան ճամբորդութիւններու միջոցով: Ամէն տարուան ճամբորդութեան իր եւ իր կնոջ` տիկին Էլիզի հրաւէրով, մեր աշակերտները կ՛այցելէին իր բնակած գիւղը` Ուշի, ուր ծանօթանալով պարոն Մարգարին` մեր աշակերտները նաեւ կը ծանօթանային մեր վարժարանի արմատներուն, եւս զգալով անոր ուժն ու կարեւորութիւնը: Իրենց աչքերով կը տեսնէին, թէ պարոն Մարգար եւ տիկին Էլիզ ինչպէ՛ս Ուշի գիւղին ի նպաստ աշխատանքներ կը տանէին նոյն գուրգուրանքով, ինչպէս` մեր վարժարանի առաջին երկու տասնամեակներու ընթացքին: Ներքեւ ուզեցի մէջբերել 2015-ի յօդուածէս բաժին մը` նուիրուած մեր աշակերտներու Ուշի այցելութեան, պատկերացում տալու ընթերցողին պարոն Մարգարին հետ իմ ապրումներուս մասին: Աստուած պարոն տնօրէնին հոգին լուսաւորէ, իր յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ: Կը խոստանանք շարունակել մեր սուրբ գործը:
Ուշի գիւղ
Մեր վարժարանի հիմնադիր տնօրէն պարոն Մարգար Շարապխանեանի առաջնորդութեամբ այցելեցինք Ուշի գիւղը, ուր ան ներկայիս կը բնակի իր կնոջ հետ: Մասնաւորաբար այցելեցինք գիւղին վարժարանը, որուն մեծապէս նպաստած էր պարոն Մարգարը: Հոն մեր աշակերտները առիթը ունեցան հաղորդակցելու տեղացի աշակերտներուն հետ: Երբ առիթը տրուեցաւ, որ տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմի եւ աշակերտութեան դիմաց խօսք առնեմ, ներկաներուն ուզեցի ներկայացնել, թէ պարոն Մարգարը ինչպէ՛ս տպաւորած էր զիս` որպէս իմ աշակերտութեան տարիներու տնօրէն:
Մեր վարժարանէն ներս էր, ուր մեր տնօրէն պարոն Մարգար Շարապխանեանը 1988-ին մեզ տեղեկացուց Արցախի շարժման մասին եւ ահաւոր երկրաշարժին լուրերը մեզի տուաւ: Ան առաւօտեան մեր հաւաքներուն մեր խիղճերը բացաւ մարդասիրական գործունէութեան, մեր փոքր հասակին: Իսկ 1991-ին, կը յիշեմ ինչպիսի մեծ խանդավառութեամբ պարոն Մարգարը մեզի հաղորդեց Արցախի անկախացման եւ Հայաստանի երկրորդ անկախացման լուրերը, որոնք մենք դիմաւորեցինք ծափերով, հուռաներով եւ «Մեր հայրենիք» երգելով:
Պարոն Մարգարը, թէեւ` հիմա մղոններ հեռու, միշտ հոգեպէս ներկայութիւն է իմ առօրեայէն ներս: Անկեղծօրէն, երբ ամէն առտու հասնիմ դպրոց, կարծես զինքը կը տեսնեմ տնօրէնի գրասենեակին դիմաց մեծ ժպիտով: Իր ակնոցներուն ետին պահանջկոտ նայուածքներ կը յարին ինծի, անոնք անխօս կ՛արտայայտուին որպէս ազգային խիղճ, ինչպէս անցեալին: Ան կը չափէր մեր «հասակը», մեր հոգեկան «հասակը», մեր հոգւոյն մէջ «հասակ» առնող հայրենասիրութեան «հասակը», դպրոցի առաքելութեան յաջողութիւնը կ՛ուզէր տեսնել մեր մէջ: Եւ մինչեւ օրս այդ նոյն նայուածքով կը դիմաւորէ զիս, կէս քայլ մը ետ, նախ խիստ նայուածքով կը չափէ, որուն շուտով կը յաջորդէ իր ժպիտը, մինչ գլուխը թեթեւ մը կը ճօճէ իր հաւանութիւնը տալով: Դժուար է հասկնալ, թէ այս ի՛նչ կը նշանակէ, եթէ «հասակ» չէիր առած պարոն Մարգարին շուքին տակ, սակայն դպրոցին շրջանաւարտները կը հասկնան. ան անշշուկ ըսել կ՛ուզէ՛ ,Լաւ է տղաս, «հասակ» նետած ես»: Ի վերջոյ, որպէս մեր ութերորդ դասարանի գրականութեան եւ հայոց պատմութեան դաստիարակ` պատիւը ունեցան մեզմէ շատերը իր շունչով եւ յատուկ ապրումով լսելու Խրիմեանի «Երկաթէ շերեփ»-ի ճառը, Թեհլիրեանի սխրագործութեան պատմութիւնը, Դանիէլ Վարուժանի կեանքը եւ գործունէութիւնը: Պատմութիւններ, որոնք մարմնաւորուեցան մեր դիմաց, ներշնչեցին մեզ եւ դրոշմուած մնացին մեր մտքերուն մէջ մինչեւ օրս:
Պարոն Մարգարը եւ իր նմանները մեծ ազդեցութիւն ունեցան իմ կեանքի որոշումներուն վրայ, մանաւանդ` ազգային կեանքին մէջ: Ան միշտ մղեց զիս եւ շատ ուրիշ շրջանաւարտներ` դէպի ազգային ծառայութիւն:
Ուխտագնացութեան ընթացքին մեր 19 աշակերտները իրենց հայրենասիրութեամբ, հպարտանքով լեցուցին հոգիս, եւ աւելի հասկցայ պարոն Մարգարին ունեցած ապրումները` իր շրջանաւարտներուն հանդէպ: Երէցներ, ծնողներ, միութենական ղեկավարներ եւ դաստիարակներ ձեր առօրեայ որոշումներով կը կանխորոշէք մեր հաւաքական ապագան: Թէ ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ բաներու համար կը քաջալերենք եւ կը վարձատրենք մեր հասակ առնող պատանին, ի վերջոյ կը ձեւաւորէ մեր ճակատագիրը: Մեր լեզուն ամէն գնով պաշտպանենք, մեր մշակոյթը մեր տուներու եւ հաստատութիւններու մէջ ապրեցնենք: Մեր դարաւոր Դատի պայքարը թարմ պահենք` դաստիարակելով մեր նոր սերունդը, որպէսզի ըլլան պահանջատէր: Փաստուած ամէնէն լաւ ձեւը այս յաջողեցնելու համար օրինակ ըլլալով է մեր հասակ առնող նոր սերունդին, ինչպէս պարոն Մարգար կը շարունակէ ըլլալ մեզի համար:
Սխալ է նախապաշարումով նոր սերունդը անուանել ոչ հայրենասէր եւ վերագրել մեր դժբախտութիւնները անոր` ենթադրելով, որ ան անկարող է: Դժբախտաբար մեր պատմութեան էջերուն մէջ դիւրաւ կարելի է գտնել ազգակործանները, դաւաճանը, անհոգը, անձնասէրը, օտարամոլը, շահագործողը. ամէն սերունդ, ինչպէս նաեւ` նոր սերունդը, ունեցած է եւ ունի եւ պիտի ունենայ այսպիսի անհատներ:
Դժբախտութիւնը կը գերիշխէ, երբ կենդանի սերունդները չեն կարողանար ոգեւորել եւ ներշնչել նոր սերունդը եւ անոր համար կարենալ ստեղծել պայմաններ, որուն տակ անոր մէջ պիտի ծլին ազգային պատկանելիութեան եւ ինքնաճանաչման սերմերը:
«Մենք ըրինք, հիմա ձեր կարգն է». ահաւասիկ` խօսք մը, որ յաճախ կը լսէ նոր սերունդը, երբ ան կ՛ուզէ լսել` «Ապրի՛ք, մենք ձեր կողքի՛ն ենք»: Ղեկը հարկաւո՛ր է տալ երիտասարդին, բայց նաեւ` անո՛ր թիավարութեամբ առաջնորդուիլ, ո՛չ թէ յանձնել նաւը եւ մնալ ցամաքին` հեռադիտակով դիտելու անոր երթը: