ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Սեպտեմբեր 19-ի անակնկալ յարձակումներէն ետք, Սեպտեմբեր 20-ին կարելի եղաւ զինադադար յայտարարել եւ արցախահայութիւնը տեղի տալով ճնշումներուն, որոշեց կազմալուծել պաշտպանութեան բանակն ու պետական կառոյցը։
Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի հրատապ նիստէն ետք, Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան յայտարարեց, որ պատրաստ է բանակցութիւններու: Այս նիստին, ներկայ էին նաեւ նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը եւ Արայիկ Յարութիւնեանը։
«Արցախի Հանրապետութիւնը մշտապէս եղած է խաղաղ կարգաւորման կողմնակից եւ կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը` բոլոր հարցերուն լուծումը տալու բանակցութիւններու միջոցով», տեղեկացուց Արցախի Հանրապետութեան նախագահին գրասենեակը:
Ստեղծուած կացութիւնը ահաւոր է եւ դժբախտաբար Երեւանի ներկայ ղեկավարութիւնը կը մնայ այնքան մը անտարբեր, որ Մ․Ա․Կ․-ի ժողովին մասնակցելու համար, Նիւ Եորք ժամանած Հ․Հ․ Արտաքին Նախարար Արարատ Միրզոյեանը մերժեց հարցազրոյց – ճեպազրոյց ունենալ լրագրողներու հետ։
«Փրոթոքոլային» յայտարարութեամբ մը, Երեւանը խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի նկատմամբ նախայարձակումը: «Կրկին կը յայտարարենք, որ Արցախի մէջ տեղակայուած չեն Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժեր եւ ռազմական սարքաւորումներ, ականապատման եւ ներթափանցման գործողութիւններու մասին բոլոր լուրերը կեղծ են եւ շինծու», յայտարարեց Հ․ Հ․ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ղարաբաղի մէջ հակաահաբեկչական գործողութիւններու կը սկսի` նպատակ ունենալով ի միջի այլոց նաեւ վերականգնել Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը:
«Ղարաբաղի տնտեսական շրջանին մէջ լայնածաւալ սադրանքները ճնշելու, հայկական զինուած ուժերու զինաթափումն ու մեր տարածքներէն դուրս բերումը, ռազմական ենթակառուցուածքները չէզոքացնելու, բռնագրաւումէն ազատագրուած տարածքներ վերադարձող քաղաքային բնակչութեան, շինարարական վերականգնողական աշխատանքներու մէջ ներգրաւուած քաղաքային ծառայողներու եւ մեր զինուորականներու անվտանգութիւնը ապահովելու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը վերականգնելու նպատակով, շրջանին մէջ սկսած են տեղական բնոյթի հակաահաբեկչական միջոցառումներ», կը տեղեկացնէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներու շրջանակին մէջ կան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ, որոնց շարքին` երեխաներ: Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան յայտարարեց, որ վերջին տուեալներով Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած ահաբեկչական յարձակումին պատճառով արձանագրած են 25 զոհեր եւ 138 վիրաւորներ:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Հայաստանը մեղադրեց եռակողմ յայտարարութեան չորրորդ կէտը խախտելու մէջ` պնդելով, որ Երեւանը կը շարունակէ ռազմական գործողութիւնները եւ ականներու տեղադրումը, խամաճիկ վարչակարգի միջոցով կը սրէ ռազմական լարուածութիւնը շրջանին մէջ:
«Շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն ապահովելու համար Հայաստանի եւ անոր ստեղծած խամաճիկ վարչակարգին կողմէ իրականացուող ռազմական սադրանքներն ու ահաբեկչական գործողութիւնները պէտք է վճռականօրէն դատապարտուին եւ կանխուին», կը շեշտուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Ի տես Արցախի վրայ Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ յարձակումին եւ ներկայ ղեկավարութեան անգործութեան պատճառով,Երեւանի մէջ կատարուեցան բազմամարդ ցոյցեր: Կառավարութեան շէնքի մօտ «Մայր Հայաստան» դաշինքի ղեկավար, Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Անդրանիկ Թեւանեան յայտարարեց, որ քաղաքական ուժերը պէտք է նախաձեռնեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռացման գործընթաց: