«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
«Ամէն բան պատրաստ է, եթէ մեր միտքն ալ այդպէս է»:
Ուիլիըմ Շէյքսփիր
Ժամանակի դէմ մրցումի մը դէմ յանդիման կը գտնուի Արցախի Ազգային Ժողովի նորընտիր նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը։
Ժամացոյցի սլաքին իւրաքանչիւր թըքոցը, յառաջացումը՝ հետզհետէ աւելի դժնդակ կացութիւն կը ստեղծէ պաշարուած Արցախին համար։ Հետեւաբար, շնորհաւորանքի եւ փրոթոքոլային՝ յաջողութեան մաղթանքներու ժամանակը չէ։ Իր կարճ (ու կտրուկ) խօսքին մէջ, այդպէս ալ ըսաւ Դաւիթ Իշխանեանը։
Արցախի հիմնահարցն է Ազգային Ժողովին եւ անոր ղեկավարին կարեւորագոյն օրակարգը։ Որոշ կուսակցութեան մը կամ քաղաքական ընտրանիի մը վերապահուած չէ ծրագրուելիք գործընթացը։ Հ․Յ․Դ․-ի անդամ եւ նոյնիսկ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ ըլլալով, ընկեր Դաւիթ Իշխանեան պարտականութեան մը, ծա՛նր պարտականութեան մը դէմ յանդիման է, անոր դիմաց կանգնած է անելներու շարան մը։ Այս հայեցակէտով ալ, արտակարգօրէն խոր իմաստ կը ստանայ անոր այն խօսքը, թէ տագնապը դիմագրաւելու համար, կենսական է Արցախ-Հայաստան-Սփիւռք սերտ գործակցութիւնը, ԵՌԱՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ԼԻԱՐԺԷՔ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ:
Անելներուն պատճա՞ռը. 2020-ի պատերազմէն ի վեր վրայ-վրայի դիզուած հարցեր։ Ռազմական պարտութեան յաջորդող դիւանագիտական պարտութիւն եւ բացակայութիւն, ցնորական խաղաղութեան մը հետապնդումն ու հայկական կարողականութեանց վերականգնումի ուշացումը, թողլքո՛ւմը, թշնամիին բոլոր պահանջներուն դիմաց՝ միայն ու միայն «տանք»-ի տրամաբանութիւնը, ներքին բաժանուածութեան հետեւողական մտրակահարումը, իսկական պատասխանատուներու օձիքներուն բաց ձգուիլը, էական հարցերու փոխարէն՝ երկրորդական հարցերու խոշորացումը, եւ դեռ… ու դեռ․․․։
Այո՛, Ազգային Ժողովի նորընտիր նախագահը պիտի դիմագրաւէ «ազգընտիր վարչապետ»-ի մը ստեղծած ահաւոր եւ սահմռկեցուցիչ վիճակները։
Արցախի ժողովուրդին ներկայացուցիչը եղող գերագոյն ժողովին ղեկավարի լիազօրութիւնները ստանձնելով, Դաւիթ Իշխանեան ինքնաբերաբար հնարաւորութիւններ պիտի ունենայ աւելի արագ գործելու եւ դէմ կանգնելու ո՛չ միայն արտաքին, այլ նաեւ 19 Բաղրամեան պողոտայի Հ․Հ․ պարտուողական իշխանութիւններու ընթացքին, յամառօրէն պիտի պայքարի անոնց ձախողած գործելաձեւին դէմ, երբե՛ք հլու կամակատարը չըլլալու կամքով։
Հայ Դատին համար ալ աւելի հեզասահ պիտի ըլլայ Արցախի Ազգային Ժողովին հետ գործակցիլը, եւ այդ՝ ամենայն թափանցիկութեամբ։
Կրկին ու կրկին շեշտելի է, թէ վիթխարի գործ կայ կատարելիք, օրակարգ ունենալով հիմնահարցի լուծումն ու անմիջականօրէն՝ Բերձորի ճամբուն անյապաղ բացումը։
Չիրականացող, մուրացուող խաղաղութեան մը դիմաց հող յանձնելու, աղաչելու կամ երազելու «Իմ Քայլ»-ական մտայղացման դէմ գործելու դաշտը փշոտ ու տարածուն է։ Իշխանեան, կարկինը լայնցնելով՝ պիտի թակէ միջազգային դուռները, վերստին թմբիրէ դուրս բերելու համար Հայ Դատին ի նպաստ գործող ազդեցիկ հիմնարկներ եւ անձնաւորութիւններ, որոնք ի տես եւ ի լուր 19 Բաղրամեան պողոտայի «հերոսներ»-ուն, հետզհետէ յուսախաբ կ’ըլլան (ոմանք ուրախ են որ պարտականութիւններէ զերծ կը կասուցուին), հետեւաբար, լուսանցքի մէջ կամ մինչեւ իսկ մեկդի դրած են Հայ Դատի թղթածրարը։
Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի անդամ ըլլալով, Ազգային Ժողովի նորընտիր նախագահը իրաւասութիւն ունի մասնակցելու Արցախի վերաբերեալ փակ քննարումներուն, ազդեցութիւն բանեցնելով եւ մասնակցութիւն բերելով փրկութեան լաստի ստեղծման: Նոյնքան կարեւոր հրամայական է որ Արցախի իրաւունքներուն, ինքնորոշման եւ իր ճակատագիրը ի՛նք որոշելու, վախճանականօրէն՝ իբրեւ ամբողջական Արցախ՝ Հայաստանին վերամիանալու իրաւունքներու շոգեկառքը վերադառնայ այն երկաթուղագիծին, որուն վրայ դրուած էր աւելի քան 30 տարի առաջ:
Տարբեր է Դաւիթ Իշխանեանի «մանտաթ»-ը։
Ժամն է Արցախ-Հայաստան-Սփիւռք եռամիասնութեան վերականգնումին եւ հա՛յօրէն ներդաշնակ գործելու։
Բաւական յապաղած ենք։ Ճգնաժամ է․․․գործելու ժամն է։