ԱՆՕԹԻ ՄԱՐԴԻԿ … ԱՄՕԹԻ ՊԱՏԵՐ

0 0
Read Time:2 Minute, 18 Second

«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական

Այս մարդիկը անօթի են: Եւ այդ ալ ագահօրէն անօթի:

Միայն Ատրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւի մասին չէ խօսքը: Անոր թիկունք կանգնող միւս մարդն է՝ այլ «ազգընտիր» մը՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը եւ իր «նորընտիր» կառավարութիւնը:

Անոնք անօթի են եւ ամէն գնով կը շարունակեն գործել համաթուրանականութեան երազը կերտելու:  Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ քանիցս անցարգելներ զետեղելէ եւ վերջերս կրախիճէ եւ շաղախէ պատնէշ հաստատել-վերցնելու «աչկապուկի խաղ»-էն ետք, զարմանալի պիտի չըլլայ, եթէ ազերիները Հակարիի կամուրջի մուտքին հաստատ հիմերով, աղիւսով եւ պողպատով պատի մը կառուցումը:

Ահա թէ ի՛նչ  կրնայ ըլլալ անօթի մարդոց կառուցելիք «ամօթի պատ»-ը… Պերլինի պատին փուլ բերուելէն 34 տարի ետք: Եւ ի՜նչ զուգադիպութիւն. այդ պատմական թուականին օրն ու ամիսն ալ 9 Նոյեմբերն է: Տարբերութի՞ւնը. փուլ եկածը միացուց, նոր շինուողը կը բաժնէ…

Պատի նոր մտայղացումները հայելին են Նոր Աշխարհի այլանդակ մտածողութեան:  Այլանդակ նախագահ մը՝ Տանըլտ Թրամփ, այնշթայնեան եզակի գաղափարը ունեցաւ Մեքսիքայի սահմանին երկայնքին վիթխարի պատեր կառուցելու, ապօրինի գաղթականներու մուտքը արգիլելու համար: Նիւթական շահ ապահովողներ եղան, պատը սկսած է ժանգոտիլ…

Թրամփը ձգենք հետապնդողներու ուռկանին մէջ, վերադառնանք մեր ողբերգութիւններուն: Արցախը ամբողջական շրջափակման մէջ առնուած է: Պաքու կ՛արգիլէ նոյնիսկ բազմիցս Կարմիր Խաչի եւ խաղաղապահներու երթեւեկը: 15 Յունիսէն ի վեր Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմին իսկ արգիլուած է պաշարեալ բնակչութեան անհրաժեշտ մարդասիրական բեռներու, յատկապէս` սննդամթերքի եւ այլ անհրաժեշտ ապրանքներու առաքումները: Կայ աւելի, ծանրակշիռը. Որոշ շրջան մը դադրած էր Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ ծանր հիւանդներու Արցախէն Հայաստանի  փոխադրութիւնն ու դեղերու մատակարարումը:

Կոկորդ սեղմելու այս ոճրային արարքներուն զուգահեռ, ազերի բանակայինները մերթ ընդ մերթ կը կրակեն, ոչ միայն հայկական դիրքերու, այլ նաեւ սահմանամերձ գիւղերու ուղղութեամբ, թիրախ դարձնելով անմեղ բնակիչները ու հողին կառչած մշակը: Ոճիրին այս երեսը շատո՜նց դարձած է «սովորական»:

21-րդ դարը շուտով կ’ամբողջացնէ իր առաջին քառորդը, սակայն 20-րդէն ներածուած տարօրինակ ժառանգութիւն մը՝ ՊԱՏը կը մնայ «պատահական» միջոց շրջաՊԱՏելու:

Հայորդիին համար, «ազգընտիր» վարչապետէն եւ իր հլու կամակատարներէն, սկսելով անբարտաւանութեան մետալակիր խորհրդարանի նախագահէն մինչեւ անմեղ գիւղացի մշակն ու  ընդդիմադիրներ ձեռնածալ կը մնան այս ՊԱՏին դիմաց:

Այս սուր տագնապները ստեղծուած են եւ կը ծանրանան ո՛չ միայն դրացի անօթի՛ թշնամիներուն ախորժակներու սրումին հետեւանքով, այլ նաեւ ներհայկական ներկայ ահաւոր կացութեան պատճառով: Հազիւ թէ հինգ տարուան պատմութիւն ունեցող կուսակցութիւն մը (մոռնանք որ կուսակցութիւն մը ԳԱՂԱՓԱՐԻ մը վրայ կը հիմնուի, իսկ ասոնք ԱՆգաղափար են ի սկզբանէ), երկրին ղեկը խլելով, յաջողած է գրեթէ ամբողջութեամբ փլել ենթակառոյցը, կործանման սեմին հասցուցած է հայրենիքն ու պետութիւնը: Չանտեսենք ՊԱՏԵՐ ՇԻՆԵԼՈՒ անոնց «արժանիքը», բաժանման պատեր՝ ժողովուրդ «դասակարգերուն» մէջ, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ։ Ի վերջոյ, անօթութի՛ւնն ալ իր տարբերակները ունի, մէկը միւսէն վատ:

Չոր իրականութիւնները ցոյց կու տան, որ «անտառի օրէնք»-ի քաղաքականութիւնը կը շարունակուի եւ նոր տարբերակներով կը հարստանայ: Լա Ֆոնթէնեան մտածողութեամբ, անօթի գայլը աչքերը սրած կը պահէ անտէր, անտիրական ու անփորձ ոչխարին դիմաց:

Մեր ժողովուրդը ոչխար չէ, փորձը ունի գայլերու ժանիքները փշրելու: Հիմա, իր դիմաց կանգնող գայլերուն մէկ մասը ունի գորշ գոյն…

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
100 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles