ԳՐԻԳՈՐ ԱՉԸԳԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

0 0
Read Time:6 Minute, 57 Second

Ծ․Խ․- Մարտ 29-ին հողին յանձնուեցաւ վաստակաւոր ընկեր Գրիգոր Աչըգեանը։ Ստորեւ լոյս կ՛ընծայենք, իր մօտիկ գործընկեր Վաչէ Բրուտեանի դամբանականն ու կենսագրականը։

Այսօր վերջին հրաժեշտը կու տանք գաղափարի մեր ընկեր Գրիգոր Աչըգեանին, որ իր ամբողջ գիտակցական կեանքը նուիրեց մեր ժողովուրդին՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ճամբով։

Գրիգոր Աչըգեանը, մեր բոլորին սիրելի Գօգոն, ծնած էր Պէյրութ, 1955-ին։ Փոքր տարիքէն, ան մտաւ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքէն ներս, դաստիարակուեցաւ անոր շունչով, սկզբունքներով եւ գաղափարականով։

Ինք անդամակցեցաւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական միութեան, անոր հիմնադրման առաջին տարին իսկ՝ 1973-ին, Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղամասի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին։ Ինք մասնակցեցաւ նոյն Երիտասարդական միութեան առաջին պատգամաւորական ժողովին։

Նոյն տարին, երբ աւարտեց իր երկրորդական ուսումը, ստանալով Լիբանանեան Բ. Պաքալորէան, կանչուեցաւ լիբանանեան բանակ, պարտադիր զինուորական ծառայութեան։ Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին, երբ քայքայուեցաւ բանակը, Գօգոն վերադարձաւ Պուրճ Համուտ, ուր լծուեցաւ հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան գործին՝ իբրեւ Երիտասարդական միութեան անդամ։

Նոյն քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին, 1976-ի Սեպտեմբերին, հարիւրաւոր այլ Լ․Ե․Մ․-ականներու (Լ․Ե․Մ․ – Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւն, խմբ․) կարգին, Գօգոն եւս տուաւ դաշնակցականի երդումը ու անցաւ Դաշնակցութեան շարքերը, ու փոխանցուեցաւ Զաւարեան Ուսանողական միութեան։

Յաջորդ տարուան Մարտին, Գօգոն մաս կազմեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Մամլոյ դիւանին, միաժամանակ լծուելով կազմակերպական աշխատանքի՝ նոյն Ուսանողական միութենէն ներս։

Այդ օրերէն իսկ, Գօգոն յատկանշուեցաւ իր գաղափարական ամրութեամբ, սկզբունքայնութեամբ ու մանաւանդ՝ արդարամտութեամբ։ Արդարամտութիւնը եւ կազմակերպական սկզբունքայնութիւնը եղան Գօգոն յատկանշող նկարագրային գիծերը ու մինչեւ վերջ մնաց ամուր՝ իր սկզբունքներուն վրայ։ Ոչ միայն ամուր մնաց, այլեւ գործեց այդ սկզբունքային կեցուածքները իրեն իբրեւ ուղեցոյց ունենալով, իր ամբողջ գիտակցական կեանքին ընթացքին։

Երբեք չհաշտուեցաւ մեր մէջ երբեմն-երբեմն դրսեւորուող ու մեր հաւաքական նկարագրին անյարիր երեւոյթներու դէմ, ու անզիջող կերպով պայքարեցաւ յանուն մեր գաղափարական անաղարտութեան ու աւանդական արդարամտութեան։

Գօգոն մնաց այդպէս թէ՛ մեր ժողովներուն ընթացքին, եւ թէ՛ դաշնակցական գործին մէջ։ Ինք եղաւ մարմնացումը դաշնակցականի գաղափարապաշտութեան եւ նուիրումին։ Այս իմաստով ալ, ինք ամբողջութեամբ տէր կանգնեցաւ դաշնակցականի իր երդումին, հանդիսանալով օրինակ բոլոր անոնց, որոնք տարուելով կեանքի փորձութիւններէն, տատամսումի նշաններ ցոյց կու տային։ Այս մեծ պատկերին մէջ, Գօգոն միշտ վայելեց իր տիկնոջ՝ մեր բոլորին սիրելի ընկերուհի Վիքիին աջակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը։

Հաճոյք էր Գօգոյին հետ ազգային, գաղափարական, կամ քաղաքական հարցերու շուրջ քննարկումներ ունենալը։ Մեր երկուքին միջեւ այս քննարկումները երբեմն կը վերածուէին ընկերական բուռն վէճի։ Սակայն նոյնիսկ այս վէճերուն ընթացքին, երբ ես ձայնս կը բարձրացնէի, Գօգոն միշտ կը պահէր իր զարմանալի հանդարտութիւնը եւ ընկերականութիւնը։ Իր ամէնէն անզիջող պահերուն իսկ, Գօգոն երբեք չվիրաւորեց իր խօսակիցները, միշտ մնաց յարգալիր ու պարկեշտ։ Գօգոն նաեւ պարկեշտութեան մարմնացում էր, թէ՛ գաղափարական-կազմակերպական կեանքին մէջ եւ թէ՛ իր անձնական կեանքին ու գործին մէջ։

Յատկանշական էր մօտաւորապէս մէկուկէս տասնամեան առաջ մեր այցելութիւնը Արցախ։ Գօգոյին առաջին այցելութիւնն էր ազատագրուած Արցախ ու ես դարձայ իր tour guide-ը հոն։ Ճամբայ ելանք Երեւանէն, կտրեցինք Արարատեան դաշտը, բարձրացանք Վայոց Ձորի ոլորաններէն, մտանք Սիւնիք, այցելեցինք Սիսիանի Զօրաց քարերը. Հոն իրեն բացատրութիւններ տուի այդ հնագոյն աստղադիտարանին մասին։ Գօգոն լուռ ու լռակեաց՝ ինչպէս միշտ, ամբողջութեամբ կը կլանէր իմ իւրաքանչիւր բացատրութիւնս։ Անցանք Գորիսէն ու Տեղ գիւղէն ու հասանք Արցախի Հանրապետութեան սահմանը, ուր կանգնեցանք «Ազատ Արցախը ողջունում է ձեզ» ցուցանակին մօտ։ Գօգոն լուռ, առանց բառ մը արտասանելու, երկար նայեցաւ այդ ցուցանակին, զննեց չորս կողմի լեռներն ու բլուրները։ Ոչ մէկ բառ ըսաւ, բայց կը զգայի որ փոթորիկի մէջ էր իր ներաշխարհը, սիրտն ու հոգին Արցախ աշխարհի ազատագրութեան համար նահատակուած տղոց հետ էր։ Ու այնտեղէն մինչեւ Շուշիի մեր պանդոկը, Գօգոն մնաց լուռ, միաժամանակ անդադար լսելով իմ բացատրութիւններս, որոնց մեծ մասին ինք բնականաբար շատ ծանօթ էր։ Վերադարձին, Գօգոն ու ես, առանց իրարու հետ բառերով կիսելու մեր ապրումներն ու զգացումները, աչքերով կը խօսէինք իրարու հետ։ Իրար շատ լաւ կը հասկնայինք։ Ատով հանդերձ սակայն, դժուար է բառերով նկարագրել Գօգոյին ապրումները՝ Արցախ մեր կեցութեան առիթով։

Քանի մը օր վերջ, Գօգոն ի վերջոյ բացաւ բերանը։ Նստած էինք «Անի» հիւրանոցին ընդունարանի սրահը, երբ յանկարծ յայտնուեցաւ Լիբանանի մեր ընկերներէն Խաժակը ու մեզի առաջարկեց միասնաբար երթալ Գառնի՝ մեր ընկերոջ Տիքոյին մօտ։

Գացինք. Տիգրանին տան կից այգիին մէջ, այդ հսկայ ծառին տակ, սեղան մը բացուած էր, ուր մեզի կը սպասէին ուրիշ ընկերներ եւս՝ Դաւիթ Ամալեանը, Մակիչը, Ռոմիկ Մանուկեանը, ու Ֆիլատելֆիայէն այլ ընկեր մը։ Հոն, այս ընկերական մտերմութեան մէջ ու հայրենի բնութեան գիրկը, լռակեաց, ժուժկալ, քիչ ուտող, քիչ խմող ու քիչ խօսող Գօգոն, յանկարծ բաժակը ձեռքը ոտքի ելաւ։ Յուզուած էր։ Նշեց մեր նահատակները, անոնց նուիրումը, Արցախի ազատագրումին կարեւորութիւնը ու մանաւանդ հայրենիքին տիրութիւն ընելու իւրաքանչիւր դաշնակցականի պարտաւորութիւնը։ Ապա դառնալով սեղանակիցներուն, ըսաւ. «Մենք երբ ձեզի հետ ըլլանք, կը զգանք որ կը վերանորոգուինք ձեզմով, կը վերանորոգուինք գաղափարականօրէն, դուք մեզի շունչ կու տաք, ճիշդ այնպէս ինչպէս հայրենիքի լեռները եւ Գառնիի այս ձորը մեզի ուժ կու տան»։ Ես զարմացած էի, որ այս քչախօս ու լռակեաց Գօգոն, որ նաեւ ամչկոտ էր ու ինքնամփոփ, ինչպէ՞ս այսքան պերճախօս դարձած էր մէկ անգամէն։ Հոն զգացի, որ Արցախ մեր այցելութեան ընթացքին իր մէջ կուտակուած ապրումներն էր, որ այդ ձեւով կը դրսեւորէր ան։

Գօգոն ոչ միայն միտքի ու գաղափարի մարդ էր, այլ նաեւ ունէր կազմակերպական ջիղ։ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի իր աշխատանքներու ծիրէն ներս, իր գործընկեր Կարօ Յովհաննէսեանին հետ, Գօգոն ոչ միայն խմբագրեց «Կայծեր» ամսաթերթը, այլեւ ծրագրեց ու կազմակերպեց թերթի իւրաքանչիւր համարը այնպէս, որ կեդրոնական առանցք մը, թեմա մը ունենար այդ թիւերէն իւրաքանչիւրը։ Ինք նաեւ մեծ դեր ունեցաւ 1980-ական տարիներու համադաշնակցական երիտասարդական խորհրդաժողովներու եւ բանակումներու կազմակերպումին մէջ։ Այդ խորհրդաժողովներն ու բանակումները մեծ դեր ունեցան այդ տարիներու մեր երիտասարդութեան գաղափարական ու քաղաքական դաստիարակութեան մէջ, շնորհիւ Գօգոյին նուիրումին ու անխոնջ ծառայութեան։

Ինք նաեւ եղաւ անդամ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին, երկրի քաղաքացիական պատերազմի ամենաբուռն տարիներուն։ Երբեք չխուսափեցաւ պատասխանատուութենէ ու միշտ առաւելագոյն ձեւով կատարեց իրեն յանձնուած իւրաքանչիւր պարտականութիւն։

Գօգոն նոյն ձեւով գործեց նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի մեր կազմակերպութենէն ներս, ծառայելով բազմաթիւ Կեդր. Կոմիտէներու մէջ։ Հոս եւս, Գօգոն յատկանշուեցաւ իր սկզբունքայնութեամբ ու պարկեշտութեամբ, յատկապէս 90-ական տարիներուն, երբ բազմաթիւ կողմերէ պայքար շղթայազերծուած էր Դաշնակցութեան դէմ։ Ոչ միայն իր կազմակերպական աշխատանքով, այլ նաեւ իր յօդուածներով, Գօգոն միշտ պաշտպանեց մեր գաղափարական եւ քաղաքական սկզբունքները՝ միշտ յանուն պատմական արդարութեան։

Հիմա, այս պահուս, երբ մենք կը պատրաստուինք հողին յանձնելու մեր ընկերը, Գրիգոր Աչըգեանը, մեր բոլորին սիրելի Գօգոն, գաղափարապաշտ, Դաշնակցութեան սկզբունքերուն ամբողջութեամբ նուիրուած այս ընկերը մեզի համար միշտ պիտի հանդիսանայ օրինակելի տիպար մը։

Այս պահուս, յանուն մեր բոլոր ընկերներուն, մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր տիկնոջ՝ ընկերուհի Վիքիին, զաւակներուն՝ Մեղրիին ու Դրոյին, եղբօր եւ քոյրերուն՝ Սամուէլին, Սիրարփիին ու Մակիին։

Հողը թող թեթեւ ըլլայ վրադ, սիրելի ընկեր Գօգօ։ Կը խոստանանք միշտ յիշելու քեզ ու քու սկզբունքայնութիւնդ, «վէրքերով լի, ջան ֆիտայի»։

Վաչէ Բրուտեան

 

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԳՐԻԳՈՐ ԱՉԸԳԵԱՆԻ

Նորոգ հանգուցեալ Գրիգոր Աչըգեանը ծնած է 6 Մարտ 1955-ին, Պուրճ Համուտի (Լիբանան) մէջ։ Ան զաւակն էր Ժոզեֆ Գրիգորեանի եւ Ագապի Փափազեանի։ Ինք փոքր եղբայրն էր Սամուէլին, Սիրարփիին եւ Մակիին։

Յաճախած է թաղի Ազգային «Աքսոր Գասարճեան» վարժարանը, ուր ստացած էր իր նախակրթութիւնը։ Ապա երկրորդական ուսումը ստացած էր Ազգային «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» գոլէճէն ապա՝ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան երկրորդական վարժարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1975ին։

Գոլէճը աւարտելէն վերջ, ծառայած է լիբանանեան բանակին մէջ, ապա ընդունուած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը, իբրեւ տնտեսագիտութեան ուսանող։ Նոյն համալսարանէն ներս, Գրիգոր Աչըգեանը ստացած է իր երկրագործական տնտեսագիտութեան Մագիստրոս (MS) տիտղոսը։

1986 Յունիս 15-ին, Գրիգոր Աչըգեան կազմեց իր ընտանիքը՝ Վիքի Կարապետեանին հետ, աշխարհ բերելով երկու զաւակներ՝ Մեղրին ու Դրոն։ Երկուքով՝ Գրիգորը եւ Վիքին, միշտ հետամուտ եղան իրենց զաւակներու հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան, մեծ զոհողութիւններու գնով զանոնք ուղարկելով հայկական վարժարաններ։

1990-ի Մայիսին, Գրիգոր Աչըգեան իր ընտանիքով տեղափոխուեցաւ Մ. Նահանգներ, նախ Պոսթըն, ապա՝ Լոս Անճելըս, ուր եւ կնքեց իր մահկանացուն 28 Փետրուար 2022-ին։

Երիտասարդ տարիքին, տակաւին երկրորդականի ուսանող, Գրիգոր Աչըգեանը մաս կազմած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան Լիբանանի Երիտասարդական միութեան «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին, ստանձնելով գործօն դերակատարութիւն։ Ան մասնակցած է ԼԵՄի առաջին պատգամաւորական՝ հիմնադիր ժողովին 1974ին։ Իբրեւ ԼԵՄի անդամ, ան իրեն նման հարիւրաւոր գաղափարակից հայ երիտասարդներու նման, մաս կազմեց հայկական թաղերու ինքնապաշտպանական խումբերուն։

Մեծցած ըլլալով դաշնակցական միջավայրի մէջ, Գրիգոր Աչըգեան դաշնակցականի իր երդումը տուաւ 1976-ի Սեպտեմբերին ու մաս կազմեց Հ․Յ․Դ․ Զաւարեան Ուսանողական միութեան։ Յաջորդ տարին, ան մաս կազմեց նաեւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Մամլոյ դիւանին, ուր աչքի ինկաւ իր խորաթափանց յօդուածներով։

Քանի մը տարի վերջ, ան մաս կազմեց Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդական գրասենեակին, որուն պարտականիւթիւնն էր ղեկավարել Դաշնակցութեան երիտասարդականի համաշխարհային կառոյցը։ Այս ծիրէն ներս, ան լծուեցաւ Երիտասարդական միութիւններու ազգային-գաղափարական դաստիարակութեան գործին, իր գործընկեր Կարօ Յովհաննէսեանին հետ կազմակերպելով երիտասարդականի համաշխարհային բանակումներ,  խորհրդաժողովներ ու սեմինարներ ու մշակելով դաստիարակչական նիւթեր՝ միաժամանակ խմբագրելով Երիտասարդական գրասենեակի «Կայծեր» ամսաթերթը։ Իր հարիւրաւոր յօդուածները լոյս տեսած են դաշնակցական բոլոր թերթերուն մէջ։

Ամերիկա հաստատուելով, Գրիգոր Աչըգեան մտաւ առեւտրական ասպարէզ, որ ձեռնհասութեամբ ղեկավարեց մինչեւ իր հիւանդանալը։

Գաղափարապաշտ դաշնակցական, Գրիգոր Աչըգեանը միշտ մնաց կազմակերպական աշխատանքի մէջ, ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ, բազմիցս անդամակցելով երկու շրջաններու Կեդր. Կոմիտէներուն։

Իր ամբողջ գիտակցական կեանքին ընթացքին, ան միշտ մնաց սկզբունքային, խոնարհ ու պարկեշտ։ Անհանդուրժող էր անարդարութեան նկատմամբ։ Ան ոչ մէկ ատեն զիջեցաւ իր վեհանձնութենէն ու ազնուութենէն՝ մինչեւ իր անժամանակ մահը։

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles