«Երբ ներկայ ղեկավարութիւնը խաղաղութեան մասին կը խօսի, կը նշանակէ որ թշնամիին կ’ուղարկէ այն ազդանշանը, որ ինք պարտուողական հոգեբանութեան մէջ է․․․», Կը Յայտնէ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

0 0
Read Time:13 Minute, 38 Second

Ստորեւ, յապաւումով կը ներկայացնենք Հալէպի «Գանձասար»-ի եւ «Ռատիօ Երազ»-ի հարցազրոյցը Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց` Զարմիկ Չիլաբօղլեան-Պօղիկեան։

Հ.- Օրեր առաջ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ վերսկսաւ դիմադրութեան շարժումը, որ ներքաղաքական օրակարգերէն դուրս ելլելով, Արցախի հարցին, յատկապէս Հայաստանի ներկայ իրավիճակին շուրջ ժողովրդային ընդզումի նկատառելի ալիք բարձրացուց, աստիճանաբար ուղղուելով դէպի համահայկական դիմադրութիւն ներկայ իշխանութիւններու վարած պարտուուղական քաղաքականութեան դէմ: Տարածաշրջանային ուժերու ներկայ դասաւորման մէջ, ընդդիմութիւնը ինչպէ՞ս կը տեսնէ Արցախի հարցին լուծումը, Հայաստանի անվտանգութեան պահպանումը եւ որպէս քաղաքական կազմակերպուած ուժ, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կրնայ փոփոխութիւն յառաջացնել:
Պ․- Դիմադրութեան շարժումը նոր չէ: Օրեր առաջ անոր ժողովրդային դրսեւորումն էր հաւաքի ճամբով, բայց ինչպէս գիտէք արդէն քանի մը ամիս է ի վեր մենք շարունակաբար կ’արտայայտուինք ազգային ժողովին բեմէն, երիտասարդական կազմակերպութիւններուն միջոցով, երիտասարդութիւնը յատուկ շարժում մըն ալ սկսաւ, որ կոչուեցաւ դիմադրութեան շարժում, ուրեմն բնականաբար անոր շարունակութիւնն էր ժողովրդային հաւաքը, որ կազմակերպեց ընդդիմութիւնը եւ այդ հաւաքին ընթացքին անգամ մը եւս դիմեց ժողովուրդին, որպէսզի դուրս գայ այս պարտուողական ընթացքէն, որ դժբախտաբար երեւելի դարձած է այլեւս Հայաստանի իշխանութիւններուն մօտ:
Հակառակ այն իրողութեան, որ այս իշխանութիւնը պարտաւոր էր ստեղծել համազգային միասնականութիւն, տակաւին դժբախտաբար ժողովուրդը տարանջատելու, բաժնելու, սեւ ու ճերմակի վերածելու, շարունակաբար ամէն ինչի մեղքը նախկիններուն վրայ թողլու իր քաղաքականութիւնը կը շարունակէ: Այս իսկ պատճառով ալ, բնականաբար, Հայաստան իր ամբողջ կարողականութիւնը չի կրնար օգտագործել այս վիճակին մէջ, ուր մենք թշնամիներով շրջապատուած ենք, իսկ թշնամիներուն ախորժակը գրգռուած է Արցախի իրենց տարած յաղթանակով՝ իրենց ուշադրութիւնը սեւեռելով նաեւ Հայաստանի վրայ եւ այդ ուղղութեամբ ամէնէն վտանգաւոր բաժինը Սիւնիքի հանդէպ իրենց ունեցած նկրտումներն են, սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցի հանգուծալուծման ընթացքին Արցախի կարգավիճակի հարցին թաղումն է մեր թշնամիներուն նպատակը, որոնց կողքին նաեւ, դժբախտաբար վարչապետին իսկ յայտարարութեամբ խաղաղութեան դարաշրջան սկսելու այն կեղծ հանգանակով հայ թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացն է:
Նախ ներկայացնեմ մեր տեսակէտները այս հարցերուն ուղղութեամբ:
Ինչ կը վերաբերի հայ թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման, մենք ալ իրապաշտ ենք եւ կ’ընդունինք որ որպէս երկու դրացիներու յարաբերութիւնները պէտք է վերջ ի վերջոյ հասնին որոշ մակարդակով բնականոնացման եթէ կ’ուզէք, բայց պնդած ենք եւ կը շարունակենք պնդել, որ այդ պէտք է ըլլայ առանց նախապայմաններու: Ինչպէս գիտէք, Թուրքիան շարունակաբար նախապայմաններ կը դնէ: Յամենայն դէպս հաւանաբար այդ մէկը երկար գործընթաց է եւ անմիջական արդիւնքներ չենք ակնկալեր, բայց ընդհանուր ուղղութիւնը յայտարարուած է այս իշխանութեան կողմէ եւ մեծ մտահոգութիւն ունինք, որովհետեւ պարզապէս հայ ժողովուրդը իր վստահութիւնը կորսնցուցած է եւ գիտէ, որ այս իշխանութեան խօսքն ու գործը զիրար չեն ամբողջացներ:
Երկրորդը անմիջական վտանգ հանդիսացող՝ սահմանագծման եւ սահմանազատման հարցերն են, որովհետեւ Արցախի այս երկրորդ պատերազմին, կամ ճակատամարտին, եթէ կ’ուզէք, պարտութենէն ետք բնականաբար սահմանները փոխուած են եւ Ատրպէյճան ու Հայաստան սահմաններու ճշդման օրակարգ ունին: Ռուսիոյ հովանաւորութեամբ այդ աշխատանքը ընթացք առած է, իսկ մեր տպաւորութիւնը այն է, որ դժբախտաբար իր հայկական էութենէն պարպուած այս իշխանութիւնը պարտուողի հոգեբանութեամբ այսօր մինչեւ վերջ կ’երթայ զիջումներու եւ ատոր համար մենք վստահ չենք, որ սահմանագծման եւ սահմանազատման որեւէ գործընթաց ինքնին կը յանգեցնէ փրօ- հայկական իմաստով արդիւնաւէտ դիրքերու: Այս հարցին առնչուող մեծագոյն վտանգը այն է, որ Ատրպէյճան պիտի պահանջէ շարունակաբար որ այդ սահմանագծման եւ սահմանազատման օրակարգով ինքնաբերաբար լուծէ նաեւ իր աչքով դիտուած Արցախի կարգավիճակին հարցը, ուստի այդ գործընթացին մէջ պիտի թաղուի Արցախի դատը: Պէտք է արթուն ըլլանք, պէտք է զգօն ըլլանք եւ ամէն գնով մեր համաշխարհային կազմակերպութեան ջանքերով ընդդիմանանք նման ոտնձգութեան, որովհետեւ Արցախը մեզի համար այո՛ կորսնցուցած է ճակատամարտը, այս ապիկար պատերազմի ընթացքին իշխանութեան վարած քաղաքականութեան եւ նաեւ առ հասարակ միջազգային ճնշումներու եւ Ռուսիա-Թուրքիա մարտավարական մերձեցումին որպէս արդիւնք, բայց անկէ կարելի չէ հետեւցնել, որ Արցախի հարցը լուծուած է. Սա շատ հեռու է իրականութենէն, ուստի մենք աշխարհով մէկ կ’աշխատինք վերակենդանացնելու Մինսքի խումբի համանախագահող կողմերու գործընթացը՝ պնդելով, որ այնպէս ինչպէս այդ խումբի յայտարարութիւններուն մէջ արձանագրուած է, բռնի ուժ կիրառելով Արցախի հարցը կարելի չէ լուծել եւ մեզի համար այս վերջին հանգրուանը ճակատամարտի կորուստ է, ոչ թէ պատերազմի, որովհետեւ վստահ ենք, որ Արցախը պիտի վերականգնի համահայկական ճիգերով եւ ատոր համար է որ կարգավիճակը պէտք է առաջ մղենք: Կարգավիճակը համաշխարհային իմաստով պէտք է բերենք առաջին «փլան», ինչպէս կ’ըսեն Հայաստանի մէջ, եւ այդ ուղղութեամբ մեր աշխատանքները չեն դադրած: Ուր որ անհրաժեշտ է տակաւին կը հետապնդենք Արցախի անկախութեան ճանաչման խնդիրը, տեղ-տեղ ուր կարելի չէ, պարզապէս շեշտը կը դնենք ինքնորոշման իրաւունքին վրայ: Այս աշխատանքը միջազգային մակարդակով մեզի շնորհած է լուրջ արդիւնքներ, ատոր վրայ պէտք է կառուցենք մեր գալիք օրակարգը եւ օգնենք, որ Հայաստանի ձեռքը զօրանայ: Տայ Աստուած, որ Հայաստանի իշխանութիւնը ինք ուզէ, որ իր ձեռքը զօրանայ եւ ոչ թէ արդէն գաղտնի համաձայնութեամբ զիջումներու շարք մը ներկայիս գործադրութեան դնէ:

Հ.- Մենք կը տեսնենք, որ թէեւ Հայաստանի իշխանութիւնները հանդէս կու գան խաղաղասիրական կոչերով եւ կը հաւաստիացնեն, որ ապաշրջափակումը պիտի նպաստէ խաղաղութեան եւ այլն, նոյն օրերուն Ատրպէյճանի նախագահը բուռն հռետորութեամբ, Հայաստանը ուղղակի թշնամի անուանելով, առանց այդ փափկանկատութիւնները յարգելու, առանց համաձայնութիւնները յարգելու, տակաւին կը յոխորտայ եւ իր զինուորները կը մղէ Հայաստանի դէմ յաւելեալ յարձակողապաշտութեան: Այս ընդհանուր պատկերին լոյսին տակ խաղաղասիրական կոչերը ի՞նչ բանի կը ծառայեն: Ատիկա արտաքի՞ն աշխարհին համար է, թէ ներքին դիմադրողականութիւնը տկարացնելու ծուղակ է վերջապէս:

Պ․- Նախ ըսեմ որ խաղաղասիրական կոչերը ոչ մէկ բանի կը ծառայեն: Ընդհակառակն. մենք կը կարծենք որ շպար է եւ շատ ճիշդ է ձեր այդ մատնանշումը, որ Ատրպէյճան բացարձակապէս չէ դադրած իր հայատեաց քաղաքականութենէն: Երբ Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն իրենց թշնամիները որակել հակառակորդներ կամ մրցակիցներ, մեր թշնամիները չեն վարանիր Հայաստանը նկատելու թշնամի եւ մեծագոյն խոչընդոտ իրենց փանթուրանական ծրագիրներու իրականացման ճամբուն: Ուստի պէտք է զգօն ըլլանք, խաղաղասիրութեան կոչերը միայն ու միայն իմաստ կ’ունենան, երբ որ դուն յաղթանակէ ետք մեծահոգաբար զայն արդարացնող առաջարկներ կը դնես սեղանին վրայ: Պարտուող կողմը երբ խաղաղութեան մասին կը խօսի, կը նշանակէ որ թշնամիին կ’ուղարկէ այն ազդանշանը, որ ինք տակաւին պարտուողական հոգեբանութեան մէջ է : Խաղաղութեան այդ կոչերը կրնան իսկապէս առաջնորդել պատերազմի, երբ մանաւանդ թշնամիներդ արժեւորեն իրավիճակդ եւ տեսնեն, որ դուն կարողութիւն չունիս պաշտպանելու անկախութիւնդ, այլ այդ տկար իրավիճակիդ մէջ խաղաղութեան կառչած, սին յոյսերով կը սնանիս: Ատոր համար է որ ցաւօք ճիշդ էք՝ խաղաղութեան կոչերը պարզապէս երեւոյթ են, ոչ մէկ խորք ունին: Նման խաղաղութեան այլազան դրսեւորումներէն մէկը բնականաբար այդ ճանապարհի կամ միջանցքի խնդիրն է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն ներկայացնել լոկ շրջանի հաղորդակցութեանց հանգոյցները քակելու փորձ, մինչդեռ մենք մտահոգ ենք, որովհետեւ այդ մէկը կախեալ է այն բանէն, թէ այդ ճանապարհը կամ միջանցքը, ինչ որ որակենք, վերջնական ինչպիսի՞ դրսեւորում կ’ունենայ եւ արդեօք ատիկա որքանո՞վ կ’առաջնորդէ Հայաստանի քայլ առ քայլ մասնատման: Այդ ուղղութեամբ նաեւ մտահոգութիւններ կան տարածաշրջանային ուժերու կողմէ, քիչ առաջ ակնարկեցիք նաեւ, թէ միջազգային առումով ինչ խմորումներ կան, որոնք այս տարածաշրջանային հարցերուն վրայ կ’ազդեն: Կան շատ մը խմորումներ. մէկը նշեցի արդէն, պատմութիւնը մեզի ցոյց տուած է, որ մարտավարարական առումով երբ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ շահերը կը համընկնին, կամ իրենց համաշխարհային դրուածքով, քայլերու փոխանակման իմաստով կ’առնուին, որպէսզի զիջի մէկ կողմը եւ ուրիշ տեղ զիջի ուրիշ կողմ մը, այդ մէկը ի վնաս հայ ժողովուրդին կ՛ըլլայ, ի վնաս մեզի կ’աշխատի. Գոյութիւն ունի նաեւ դրացի Իրանի գործօնը: Իրանն ալ շատ մտահոգ է Մեղրիի միջանցքին հարցով ատրպէյճանական այս հռետորաբանութեամբ, որովհետեւ այդ կը նկատէ իրեն համար կարմիր գիծ, եւ իր ազգային շահերու տեսանկիւնէն ոտնձգութիւն: Իրանի այս մօտեցումը մեր տեսանկիւնէն ողջունելի է եւ պէտք է շարունակել այս գծով յատուկ աշխատանք տանիլ: Իրան լաւ գիտէ որ Ատրպէյճանի մէջ, յատուկ ծրագիրներ կը մշակուին, այլազան պետութիւններու ներկայութեամբ, որոնց հիմնական թիրախը ոչ միայն Հայաստանն է այլեւ Իրանը: Հետեւաբար այս ընդհանուր տարածաշրջանի իրավիճակէն մենք պէտք է կարենանք առաւելութիւններ քաղել եւ ոչ թէ զոհը դառնալ ուրիշներու ազգային շահերուն ու հաշիւներուն: Գիտենք, որ մենք ռազմավարական դաշնակիցն ենք Ռուսիոյ, բայց անշուշտ դաշնակից ըլլալու հանգամանքն ալ չ’առաջնորդեր այն իրողութեան, որ Ռուսիա թշնամանայ Ատրպէյճանի հետ. քանիցս Ռուսիոյ պետութիւնը յայտարարած է ամենաբարձր մակարդակներով, որ ինք չ՛ուզեր կորսնցնել Ատրպէյճանը. սա հասկնալի է իրենց տեսանկիւնէն: Բնականաբար մենք չենք ողջուներ այդ կեցուածքը, բայց հակառակ ատոր նաեւ պէտք չէ այն սին յոյսերով սնանիլ, որ ամէն ինչ կախուած է դուրսի ուժերէն: Մեր ներքին հզօրացումը անհրաժեշտութիւն է, ատոր համար վերջին շրջանին միշտ շեշտած ենք, որ Հայաստան ունի քանի մը կարեւոր ընելիքներ, անմիջապէ՛ս:
Առաջինը բանակի հզօրացման խնդիրն է. ամէն գնով պէտք է վերականգնել մեր բանակի մարտունակութիւնը, որովհետեւ թշնամիներով շրջապատուած երկրի մը մէջ, որ նաեւ ծովային ելք չունի եւ ընդհանրապէս խեղդուած վիճակի մէջ է, հզօր բանակը առաջին նախապայմանն է, որուն համար մենք պէտք է աշխատինք:
Երկրորդը Հայաստանի տնտեսական հզօրացման հարցն է, բայց ատոր համար նախ անհրաժեշտ է ներքին համերաշխութիւնը, այդ ուղղութեամբ դժբախտաբար քայլեր չենք տեսներ այս իշխանութեան կողմէ: Այս իշխանութիւնը կը տառապի այն մոլեռանդ բարդոյթէն, որ իրմէ զատ ամէն մարդ յանցաւոր է, որ ինք երբեք մեղքի բաժին չունի, ընդդիմութիւնն է յանցաւորը, նախկիններն են յանցաւորը, ժողովրդային զայրացող խաւն է յանցաւորը, Դաշնակցութիւնն է պատերազմի կուսակցութիւնը եւ այլն: Այսինքն ամէն տեղ անոնք կը տեսնեն թշնամիներ, հակառակորդներ, ընդդիմադիրներ՝ վայրկեան մը անգամ լուրջի չառնելով, թէ ինչ կայ այդ ընդդիմութեան եւ այդ գաղափարային տարակարծութեան տակը, խորքը. սա անհրաժեշտ է որ փոխուի, որովհետեւ Հայաստանի փրկութիւնը, ինչպէս նշեցի, ոչ միայն իր ներքին ուժերու համախոհութեան մէջ է, այլեւ Համահայկական առումով ժողովրդական միասնութեան մէջ է: Ուստի հարկ է ուղղութեամբ աշխատանքներու ձեռնարկել այս իսկ օրուընէ:
Երրորդ. պէտք է զգուշանալ, որ որեւէ մէկ պատրուակով, խաղաղութեան սին կարգախօսով, շրջանի մէջ հաղորդակցութեան հանգոյցները քակելու թէեւ ողջունելի, բայց իրականութեան մէջ ծուղակներով լի ծրագիրներով չվտանգուի Հայաստանի գերիշխանութիւնը, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ անկախ պետականութիւնը բացարձակ արժէք է եւ բնական է, որ Դաշնակցութեան համար ազատութիւնն ու անկախութիւնը էական տուեալներ են: Այդ ուղղութեամբ պէտք է դիմել ամէն միջոցի, որպէսզի կարենանք դիմակայել մեր թշնամիներու ոտնձգութիւնները: Սա կը նշանակէ առաջին հայեացքով համոզում Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, որ այդպիսի միտում կայ մեր թշնամիներուն կողմէ եւ մեր թշնամիները թաքուն չեն աշխատիր, բացայայտ հրապարակաւ կը յայտարարեն իրենց բոլոր ձգտումները եւ չեն դադրիր ըսելու որ Սիւնիքը ատրպէյճանական Զանգեզուր է, մինչեւ իսկ ախորժակներ ունի Երեւանի ուղղութեամբ: Թուրքիան չի թաքցներ թրքացեղ պետութիւններու կայսրութիւն ստեղծելու իր մտադրութիւնը, որ փանթուրանական ծրագրի լաւագոյն դրսեւորումն է: Ազգային մեր գոյութեան, պետականութեան սպառնացող այս ամբողջ վտանգները լաւապէս պէտք է քննուին, կշռուին եւ նկատի առնուին որեւէ բանակցութեան նախօրէին: Բանակցութիւնները պէտք է ըլլան թափանցիկ եւ վերջ ի վերջոյ ներկայացուին ժողովուրդի հաւանութեան: Կարելի չէ բռնի ուժով մէկ մարդու պարտադրել այնպիսի կացութիւններ, որոնց ճամբով կորուստի կը մատնուին տարիներու մեր ձեռքբերումները՝ 1991-էն սկսեալ:

Հ.- Խօսեցաք տարածաշրջանային ուժերու մասին Իրանի մօտեցումին եւ այլն: Թուրքիա ներկայիս գործի դնել կը փորձէ 3+3 ձեւաչափով տարծաշրջանային անվտանգութիւն ստեղծելու առաջադրանքը. այս մէկը Հայաստանի շահերէն կը բխի՞ թէ ոչ: Որո՞նք են Թուրքիոյ յետին նպատակները:
Պ․- Այս ձեւաչափը ինքնին որեւէ ձեւով օգտակար չեմ համարեր, որովհետեւ միջազգային խաղերու արդիւնք է: Առնենք Թուրքիոյ պարագան. յստակ է որ Թուրքիոյ տարիներու երազը եղած է թափանցել Հարաւային Կովկաս: Այդ թափանցումը ինք չէր կրցած իրագործել, որովհետեւ շատ յստակօրէն Ռուսիա ընդդիմացած էր իւրաքանչիւր քայլի, որ կարելիութիւն կը ստեղծէ Թուրքիոյ ըլլալու ազդեցիկ ներկայութիւն շրջանին մէջ: Թուրքիան, սակայն, տարիներու իր մշակած յարաբերութիւններուն որպէս արդիւնք, Ատրպէյճանի մէջ իր զինուորական ներկայութեամբ յառաջացաւ: Մարտավարական իմաստով Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ այս ժամանակահատուածի շահերու համընկնումին հետեւանքով, ինչպէս նաեւ միջազգային որպէս խաղաքարտ այլազան շրջաններու մէջ Թուրքիոյ այսպէս կոչուած ազդեցութիւններու գօտիին ընդլայնումը վտանգաւոր կացութիւն ստեղծած էր հայութեան համար: Վերոյիշեալ պարագաները արտօնեցին, որ Թուրքիա իսկապէս թափանցէ Հարաւային Կովկաս եւ այսօր կարելի չէ ժխտել այն իրողութիւնը, որ Թուրքիա մաս կը կազմէ Աղտամի մէջ, Շուշիէն ոչ շատ հեռու հաստատուած մոնիթորինկի խումբին: Թուրքիոյ նախագահը քանի մը անգամ այցելեց գրաւեալ հողերը՝ ցոյց տալու համար իր ամբողջական գործակցութիւնը Ատրպէյճանի հետ, այդ նաեւ ազդարարութիւն է աշխարհին, որ ինք շրջանային գերուժ է: Միւս կողմէ Արեւմտեան աշխարհն ալ տակաւին միամտօրէն կը հաւատայ, որ Թուրքիա որպէս ՆԱԹՕ-ի անդամ կրնայ ըլլալ իր այն լծակը, որմով ինք կարելիութիւն պիտի ունենայ ազդեցութիւն բանեցնելու Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ: Թուրքիան, սակայն, կը մեկնի միայն իր շահերէն, թուրք-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները այնքան ամրապնդուած են այսօր, որ ատոր մէջ նկատի չեն առնուած իսկ արեւմտեան շահերը, այլ պարզապէս՝ թուրք-ատրպէյճանական ցեղերու շահերը: Միջազգային հանրութիւնը, այո՛, ունեցած է շատ յստակ դիրքորոշումներ եւ կարեւոր յայտարարութիւններ, դժբախտաբար, սակայն, ան յայտարարութիւններէն անդին չէ անցած:
Թէեւ 3+3-ի ձեւաչափը մեծ ճամբայ կտրելու հաւանականութիւն չունի ըստ իս, սակայն ապագան ցոյց պիտի տայ, թէ ո՛ւր կը հասնի ան: Մենք կը տեսնենք, որ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը տիրական է տարածաշրջանին մէջ: Ռուսիա պիտի չզիջի իր այդ «իրաւունքը», որ իր հայեցողութեամբ՝ վաստկած է, իսկ արեւմտեան ուժերը տակաւին սին յոյսերով պիտի սպասեն Թուրքիոյ ճամբով շրջան թափանցելու կարելիութեան ստեղծումին, մինչ այդ Թուրքիա լաւ ձեւը գտած է ապտակելու նաեւ արեւմուտքին՝ հրթիռներ գնելով Ռուսիայէն, արաբական աշխարհին մէջ այլազան տեղեր խլրտումներ ստեղծելով, քիւրտերու դէմ պայքարելով, նոյնիսկ երբեմն հակադրուելով արեւմտեան քաղաքականութեան քիւրտերու հարցով: Ուստի Թուրքիան ցոյց տուած է իր անկախութիւնը թէ՛ արեւելքէն, եւ թէ՛ արեւմուտքէն ու սկսած է շարժիլ որպէս գերտէրութիւն: Համաշխարհային ուժեր այս հանգամանքը չեն կրնար կուրօրէն անտեսել, հետեւաբար մեր պարտականութիւնն է շարունակաբար բացայայտել թրքական իսկական դիմագիծը: Ճիշդ այդ պատճառով մեր նախըտրութիւնն այն է այս փուլին վերակենդանացնել Մինսքի համանախագահող խումբին գործընթացը, որպէսզի այնտեղ թէ՛ Ռուսիան, թէ՛ Ֆրանսան եւ թէ Ամերիկան կարենան ունենալ պէտք եղած ազդեցութիւնը՝ խաղաղ ճանապարհով հասնելու վերջ ի վերջոյ լուծման մը, որով կարելի է գոհացնել կողմերը: Մինչ այդ, մենք պէտք է զօրանանք, պէտք է պատրաստուինք, որովհետեւ խաղաղութիւն ապահովելու լաւագոյն գրաւականը զօրաւոր բանակ ունենալն է:

Հ.- Պաշտօնի բերումով Սփիւռքի զանազան գաղութներ կ’այցելէք, ընդհանուր տրամադրութիւնները կը շօշափէք: Հ․Յ․ Դաշնակցութիւնը ինքնին իր գործունէութեան ընդմէջէն աստիճանաբար զօրացուցած է Սփիւռք-Հայրենիք կապը: Սուրիա այցելութեամբ հանդիպումներ ունեցաք համայնքապետներու եւ զանազան կողմերու հետ, ի՞նչ էր ձեր տպաւորութիւնը եւ մենք՝ որպէս սփիւռքահայեր, ի՞նչ դեր ունինք ընդհանրապէս հայ ազգի շահերուն սպառնացող այս վտանգալից ժամանակաշրջանին մէջ:
Պ․- Նախ սկսիմ ընդհանուրէն, այսինքն համահայկական առումով եւ Սփիւռքի դերակատարութեան մասին: Պէտք է խոստովանիմ, որ այս վերջին ճակատամարտին կորուստը, այդ ահաւոր կեղծ յաղթանակի կոչերը, զորս պատերազմի ընթացքին բարձրացուցած էր իշխանութիւնը եւ անկէ ետք մեր ապրած ահաւոր յուսալքութիւնը ինքնին ստեղծեց մեծ ճեղք, խրամատ, Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ: Առաջին անգամն է, որ իմ այլազան գործողումներուն ընթացքին Սփիւռքի տարածքին կը տեսնեմ իսկական խզում Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ: Մօտիկ անցեալին կար այդ խզումը Սփիւռքի մեծ հատուածին եւ իշխանութիւններուն միջեւ, հիմա սկսած է դառնալ Հայաստան-Սփիւռք, որ շատ վատ կացութիւն է եւ որուն դէմ պէտք է պայքարինք բոլորս: Նախ պէտք է փակենք սգոյ եւ յուսալքութեան էջը: Բնական է, որ ամէնքս ցնցումէ անցանք, բնական է, որ երեսուն տարի վարժուած ըլլալով յաղթական ազգ ըլլալու հանգամանքին, յանկարծ հիասթափութիւն ապրեցանք եւ հասկցանք, որ յոխորտանքով չես կրնար պատերազմ մղել, սին յոյսերով պատերազմ չես շահիր, եւ սուտերով, մանաւանդ ժողովուրդը չես կրնար խաբել: Ըստ երեւոյթին մէկ մասը կը խաբուի, Հայաստանի վերջին ընտրութիւնները այդ ցոյց տուին, բայց հիմնականին մէջ աշխարհատարած հայութիւնը անդրադարձած է, որ շատ վտանգաւոր շրջանի մէջ կը գտնուինք եւ մենք պէտք է անցնինք ամբողջական դիմադրութեան, ոչ թէ դիմադրութիւն միայն իշխանութեան, որ ճիշդ է եւ պէտք է շարունակել, բայց նաեւ դիմադրութիւն համաշխարհային կազմակերպութիւններու, կեդրոններու եւ ուժերու նկատմամբ, որոնք կը սատարեն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ախորժակներուն: Իսկապէս ցաւալի էր ակնկալել, որ հակառակ պատերազմի ընթացքին թափուած ջանքերուն, համաշխարհային ուժերը մեծաւ մասամբ չամբաստանեցին Ատրպէյճանը նախայարձակ ըլլալուն համար, պէտք եղած ուժգնութեամբ չանդրադարձան այս երեւոյթին, հակառակ անոր, որ տեղ-տեղ ցուցական շարժումներ տեղի ունեցան ամբաստանելու Ատրպէյճանն ու անոր գործած պատերազմական ոճիրները: Արցախի բռնագրաւումը եւ պատերազմի երկարաձգումը փաստեցին անգամ մը եւս, որ բռնի ուժն է, որ կը տիրապետէ համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ եւ ոչ թէ բանականութիւնը կամ խաղաղ գործընթացները: Այս ամբողջը վատ նախընթացներ են, որոնց զոհը գացինք բոլորս, բայց այս ամէնէն դասեր քաղելով մենք պէտք է անցնինք իսկական գործի: Իսկական գործը, անգամ մը եւս կրկնեմ, նախ համոզելն է մեր ժողովուրրդը, որ այս թէեւ ահաւոր, սակայն պարզապէս ժամանակաւոր կորուստ է ու մենք պէտք է ունենանք վճռակամութիւնը՝ վերականգնելու Արցախի Հանրապետութիւնը, յոյս ներշնչելու ժողովուրդին, ամէն գնով առաջքը առնելու Արցախի հայաթափման, որպէսզի ժողովուրդը ամրօրէն ոտքը կառչած պահէ հողին: Ուրախ եմ, որ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը այդ ուղղութեամբ իր վճռակամութիւնը կը յայտնէ: Ուրախ եմ նաեւ, որ Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւնը կը բացայայտէ, որ զիջման քաղաքականութեան կողմնակից չէ: Ասոնք լաւ նախաքայլեր են, որոնց վրայ պէտք է կառուցել մեր Հայ Դատի աշխատանքները, նոյն թափով պէտք է քողազերծել Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ Թուրքիոյ իսկական մօտեցումը, բացայայտել Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, պատերազմական ոճիրներու գծով դիմել դատարաններ: Հայաստան, որպէս պետութիւն, արդէն իսկ քայլեր առած է այս ուղղութեամբ, մէկ մասն ալ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ կ’ընեն, ինչպէս մենք, որպէս հիմնադիրը Հայ Իրաւանց Հիմնարկի Հայաստանի փաստաբանական խումբին: Այդ խումբին եւ Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած մեր հիմնարկին ճամբով միացեալ դատեր բացած ենք Եւրոպայի մէջ գերիներու հարցով եւ Ատրպէյճանի պատերազմական ոճիրներու խնդիրով: Պէտք է սաստկացնել մեր քարոզչական պայքարը, ունինք շատ լաւ երիտասարդութիւն, որ պատերազմի ընթացքին կրցաւ հակադարձել այն ապատեղեկատուութեան արշաւին, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը տարածած էին հայութեան նկատմամբ, որովհետեւ, ինչպէս քիչ առաջ ըսինք, ոչ թէ միայն պատերազմի մասին էր այդ ապաքարոզչութիւնը, այլ ուղղակի հայատեաց, ցեղապաշտ քաղաքականութիւն էր, զոր կը վարէին Թուրքիանեւ Ատրպէյճանը: Ուստի հարկ էր հակադարձել եւ մեր երիտասարդութիւնը աշխարհով մէկ կրցաւ իջնել փողոց՝ շատ մը մայրաքաղաքներու մէջ եւ ցոյցերով, հաւաքներով բացայայտել իսկական էութիւնը պատերազմին, ընկերային ցանցերու ճամբով ալ պայքարեցաւ ան այդ ամբողջ սուտերուն դէմ, նաեւ փորձեց շարժել համաշխարհային հետաքրքրութիւնը քաղաքական, լրատուական, ակադեմական, ականաւոր քաղաքացիներու ճամբով եւ ուրախ եմ ըսելու, որ կրցանք գործի մղել ազդեցիկ լրագրողներ, որպէսզի ներկայացնեն նաեւ հայկական տեսակէտը, գոնէ իրականութիւնները յստակօրէն նշեն: Զիրենք պատերազմի ընթացքին եւ պատերազմէն ետք տեղափոխեցինք Արցախ, որպէսզի տեսնեն թէ իսկապէս ի՞նչ կը կատարուի հողին վրայ: Այս արշաւը ամէն գնով պէտք է շարունակուի: Այլազան գաղութներու մէջ իմ այցելութիւններուն տպաւորութիւնը այն է, որ շատեր տակաւին այդ յուսալքութեան մթնոլորտին մէջ են, բայց ես իմ պատգամով կը փոխանցեմ, որ այլեւս պէտք է փակենք այդ էջը, հիմա անցնինք միասնական աշխատանքի համահայկական կառոյցներով, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիով, կը յուսամ նաեւ պետութեան առողջ բաժինին մասնակցութեամբ, որպէսզի կարողանանք մեր աշխատանքը համաշխարհային առումով աւելի ազդեցիկ դարձնել:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles