Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կոչին իբրեւ ընդառաջում, Միացեալ Նահանգներու մէջ լիբանանահայութեան համար ձեռնարկուած նուիրահաւաքին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ ունենալու նպատակով, այս առիթով յատուկ Լիբանան ժամանած Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի ու Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հետ կատարուած ԱԶԴԱԿ-ի հարցազրոյցը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ, շատ աւելին էր քան լոկ զրոյց մը, որովհետեւ սրբազան հայրերուն դրսեւորած կեցուածքներուն, արտայայտած միտքերուն, նուիրական պատրաստակամութեան մէջ կար շատ աւելին, քան շօշափելի տեղեկութիւններ: Սրբազանները` թարգմանը հանդիսանալով իրենց թեմերու զաւակներուն, եղբայրական անկեղծ տրամադրութեամբ, գործնական առաքելութեամբ առաւելագոյն չափով լիբանանահայութեան կողքին կանգնելու, անոր գոյերթը ապահովելու պատրաստակամութեամբ զինուած են, որպէսզի իրենց կարգին զինեն նաեւ տագնապահար լիբանանահայերը` յոյսով, կամքով եւ շօշափելի, սրտէ սիրտ հարազատի օժանդակութեամբ:
Անուշաւան արք. Դանիէլեանի ու Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հետ զրոյցը յուզիչ էր երբեմն, սրտի ու մտքի խորերը թափանցող էր յաճախ, սակայն ուժ, կորով եւ յոյս ներշնչող էր անպայման: Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
***
Հ.- Դժուար պայմաններու մէջ գտնուող Լիբանան տուած ձեր այցելութիւնը անշուշտ յատուկ առաքելութիւն ունի: Նախ սկսինք այցելութեան նպատակը ներկայացնելով:
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ.- Առաջին հերթին յայտնեմ, որ հոգեւոր եղբօրս` Թորգոմ սրբազանի հետ եկանք Ամերիկայէն ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հրաւէրով, որպէսզի ո՛չ միայն թեմէ թեմ, այլ սիրտէ սիրտ մեր զօրակցութիւնն ու համագործակցութեան յայտնենք լիբանանահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն: Արդարեւ, Լիբանանը սփիւռքահայ կեանքի ամրոցը եղած է ամբողջ անցեալ դարուն, եւ անոր առաքելութեան շարունակականութիւնը երաշխաւորելու համար կենսական էր, որ մեր ներկայութեա՛մբ յայտնէինք ամբողջական մեր աջակցութիւնը պատուական այս գաղութի առհասարակ բոլոր զաւակներուն:
31 օգոստոս 2021-ին խորհրդակցելէ ետք վեհափառ հայրապետի հետ, որ ընդհանուր գիծերով մեր աշխատանքներուն պատկերացումը փոխանցեց, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին հետ ալ տեսակցեցանք եւ ուղղութիւն ստացանք, թէ ի՛նչ մարզերու պիտի տրամադրուի մեր ներդրումը, որպէսզի մենք ալ, մեր կարգին, երբ վերադառնանք, յայտնենք մեր ժողովուրդին այստեղի բազմաթիւ եւ բազմերես պահանջներուն մասին, որպէսզի անոնք վստահօրէն ու սրտբաց կերպով բերեն իրենց նպաստը:
Այս առաքելութեամբ եկած ենք, եւ վստահ եմ, որ Թորգոմ սրբազանին ալ ուղղուեցաւ նոյն հարցումը. «Կ՛արժէ՞ Լիբանան երթալ քանի մը օրուան համար ու ովկիանոս կտրելու տաժանքը ապրիլ»: Մեր պատասխանը նոյնը եղաւ. «Եթէ մեր ժողովուրդը ամենատաժանելի ու ճակատագրական կեանքի փորձութենէ կ՛անցնի, այս զոհողութիւնը ոչինչ է իրենց ամէնօրեայ տագնապին դիմաց»: Անոնք կ՛արժեն այս մէկն ու աւելին, հետեւաբար եկանք ոչ թէ միայն խօսքով, այլ նաեւ գործով ցոյց տալու, որ իսկապէս մենք ամբողջական կերպով պիտի օժանդակենք լիբանանահայութեան` ե՛ւ Արեւելեան, ե՛ւ Արեւմտեան Ամերիկայի բոլոր կառոյցներով:
ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ.– Լիբանանահայութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ միշտ եզակի դեր խաղցած է թէ՛ Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ թէ՛ սփիւռքի զանազան գաղթօճախներու մէջ, որովհետեւ լիբանանահայ մայրը մեր ժողովուրդի զաւակներուն տուած է հայ հոգեւոր սպասաւոր, հայ մշակոյթի եւ գիր ու դպրութեան գործիչ, հայ ղեկավար, հայ ուսուցիչ, հայ տնօրէն ու մինչեւ անգամ Հայաստանին ու Արցախին տուած է հայ ազատամարտիկ: Այսպիսով, լիբանանահայութիւնը եղած է մայրական բերրի արգանդ մը, որ տարիներ շարունակ ծնունդ տուած է այնպիսի անձնաւորութիւններու, որոնք պատիւ բերած են մեր ժողովուրդին:
Այս փուլին լիբանանահայութիւնը իսկապէս կը գտնուի դժուար վիճակի մը մէջ, եւ ես` որպէս լիբանանահայ եւ որպէս միաբան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, որուն կեդրոնը կը գտնուի Լիբանանի մէջ, իսկապէս մտահոգ ու մտածող եմ Լիբանանի հարցով, ե՛ւ աղօթող, ե՛ւ գործող եմ լիբանանահայութեան համար:
Այս իմաստով, որպէս առաջնորդ Արեւմտեան Ամերիկայի, թէ՛ մեր Ազգային վարչութեան հոգեւորական հայրերու եւ թէ՛ որպէս շրջանի մէջ գործող պատասխանատու` մարմիններու հետ համախորհուրդ ծրագրած ենք մեր լաւագոյնը ընել, որպէսզի օժանդակութեան բաժին մը տրամադրենք Լիբանանի մեր ժողովուրդին` մեծ հաւատքով, յոյսով, գուրգուրանքով, յարգանքով, սիրով ու կամեցողութեամբ: Այս մէկը չենք ըներ որպէս ողորմածութիւն, այլ որպէս պարտականութիւն` մեր մայր ամրոցին:
Հ.- Վերջին շրջանին թէ՛ Արեւելեան եւ թէ՛ Արեւմտեան թեմերուն մէջ ձեռնարկուեցան հանգանակութիւններու. այդ բոլորին գնահատականը ոչ թէ նիւթական առումով, այլ` ժողովրդային մասնակցութեան, ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք, մանաւանդ որ նախորդ տարի` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, արցախեան պատերազմին, կրկին կատարուեցան նուիրահաւաքի արշաւներ: Այսօր ինչպէ՞ս կ՛ընդառաջեն մեր հայորդիները` լիբանանահայութեան օժանդակելու ձեր այս կոչերուն:
Անուշաւան արք. Դանիէլեան.- Անցեալ տարուան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը ամբողջովին տարբեր նկարագիր ունէր, որովհետեւ ո՛չ միայն հայ կեանքը, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհը ցնցուեցաւ անկէ, անոր տարողութիւնը շատ աւելի մեծ էր:
Նաւահանգիստի պայթումէն ետք, որպէս ազգ, դիմագրաւեցինք արցախեան պատերազմը, այդ աղէտալի փորձառութիւնը, դժբախտաբար, իր անփառունակ վախճանով, որ բարոյական ծանր հարուած մը եղաւ մեր ժողովուրդին համար: Այսօր արդէն տարի մը անցած է, բայց եւ այնպէս մենք տեղի չենք տար այդ բոլոր ազդակներուն, այլ` ընդհակառակը, մեր ժողովուրդը պատրաստ է աջակցելու` հակառակ իր առօրեայ տագնապներուն, որոնք ոչինչ են լիբանանահայուն ապրած տագնապին նկատմամբ:
Մենք արդէն իսկ մեր շաբաթօրեայ ելեկտրոնային լրատուին վրայ դրած ենք յայտարարութիւն մը, անոր կողքին մեր բոլոր հովիւներուն ցուցմունք տուած ենք, որպէսզի իրենց գաղութներուն մէջ յատուկ ձեռնարկներ կազմակերպեն լիբանանահայութեան օժանդակելու նպատակով: Նաեւ, որպէս առաջնորդ, մենք եւս պիտի կազմակերպենք ձեռնարկներ, որպէսզի ըստ կարելւոյն ապահովենք ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մասնակցութիւնը այս նուիրահաւաքին:
Թորգոմ եպս. Տօնոյեան.- Անցնող տարին ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ ճակատագրական բնոյթ ունեցաւ: Արցախի պատերազմը եզակի կերպով ցնցեց մեր ներքին կեանքը, եւ մեր ժողովուրդը մեծ պատրաստակամութեամբ իր լիաբուռն նուիրատուութիւններով եղաւ մեր ազգի զաւակներու կողքին` ի Հայաստան եւ Արցախ: Սակայն անկէ առաջ ալ, երբ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը տեղի ունեցաւ, այդ ժամանակ ալ մեր ժողովուրդի զաւակները լիբանանահայութեան հանդէպ իրենց պարտաւորութիւնն ու պարտականութիւնը անմիջապէս ուզեցին կատարել:
Այսօր նոր էջ մը կը բացուի, օժանդակութեան նոր փուլ մը կայ մեր ժողովուրդին դիմաց, որ նախորդ տարուան մէջ իր ունեցած զօրակցութիւններէն ետք դարձեալ պատրաստ է ձեռք երկարելու եւ իր օժանդակութիւնը կատարելու` որպէս քրիստոնեայ հայ մարդ:
Այս իմաստով մենք ծրագրեցինք մեր թեմին մէջ այս արշաւը կոչել «Ձեռքս ձեռքիդ մէջ, լիբանանահա՛յ եղբայր» եւ ըսենք Լիբանանի մեր ժողովուրդին, որ մենք գիտենք, թէ դժուարութեան մէջ էք այսօր, եւ ձեր դժուարութիւնը կը նկատենք մե՛ր դժուարութիւնը: Մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց ձեռքը կ՛երկարեն իրենց լիբանանահայ եղբայրներուն ամբողջական ողորմածութեամբ, սիրով, գուրգուրանքով` հաստատելու, որ իրենք առանձին չեն, մենք ձեր կողքին ենք ու պիտի մնանք այնքան, որքան մեր մարդկային կարողութիւնները կը ներեն:
Այս ծիրին մէջ, թեմական սահմաններէ ներս, յառաջացուցինք մարմին մը Ազգային վարչութեան ու հոգեւորականաց դասի կողմէ` առաջնորդի գլխաւորութեամբ, որպէսզի ձեռնարկենք արագ եւ գործնական ձեւով նիւթական մը գոյացնելու եւ դնելու Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի տրամադրութեան տակ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի խողովակով, եւ այդ ձեւով մեր զօրակցութիւնը ցոյց տանք լիբանանահայ մեր ժողովուրդին:
Կ՛ուզեմ շեշտել, որ մեր ժողովուրդը, ընդհանրապէս Արեւմտեան թեմէն ներս եւ յատկապէս Լոս Անճելըսի շրջանէն ներս, այսօր պատրաստ է կամեցողութեամբ իր եղբայրական-քրոջական ձեռքը երկարելու լիբանանահայութեան: Հակառակ անոր որ մենք տեղական դժուարութիւններ ունինք, ինչպէս` կարգ մը վարժարաններու ու կառոյցներու դիմագրաւած նիւթական հարցերը, սակայն անոնք պահ մը մէկ կողմ ձգած` մեր ուշադրութեան կեդրոնը դարձուցած ենք լիբանանահայ ժողովուրդը եւ այդ իմաստով կը փորձենք կատարել մեր լաւագոյնը` որպէս Ազգային առաջնորդարան, որպէս հոգեւոր առաջնորդներ, որպէս հոգեւորականներ, որպէս ազգային-քաղաքական ղեկավարութիւն, որպէս հայ մարդ, հայ բարեկամ, հայ բարերար ու գործիչ:
Բոլորը այսօր աշխատանքի լծուած են ու կը մտածեն` ինչպէ՛ս կրնան հասնիլ Լիբանանի մեր հայրենակիցներուն:
Հ.- Արդէն նշեցիք, թէ ինչպէ՛ս կը կատարուի հանգանակութիւնը, յաւելեալ մանրամասնութիւն տանք, թէ ի՛նչ ձեւով կը կազմակերպուի նուիրահաւաքը:
Անուշաւան արք. Դանիէլեան.- Նոյն պարագան մերն է. Ազգային առաջնորդարանի անմիջական կազմակերպութեամբ եւ գաղութներու մէջ տեղական հովիւներու եւ հոգաբարձութեանց համագործակցութեամբ տեղի պիտի ունենան դրամահաւաքներ, որոնցմէ գոյացած գումարները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին միջոցով պիտի փոխանցուին Լիբանանի Ազգային առաջնորդարան, որպէսզի Ազգային իշխանութիւնը իր յարմար տեսած ձեւով եւ լաւագոյն միջոցով հասնի լիբանանահայութեան կարիքներուն: Այսպիսով, հեռակայ գաղութներու միջեւ կամրջում մը կը ստեղծուի, իսկ ժողովուրդը բարձր գիտակցութեամբ իր մասնակցութիւնը կը բերէ, երբեմն` ակնկալուածէն ալ աւելի, եւ այս մէկը դրական կէտ մըն է:
Բաղդատած Արեւմտեան թեմին` Արեւելեան թեմի լիբանանահայերը շատ աւելի նուազ են: Ծննդավայրի այդ կապակցութիւնը չկայ, հետեւաբար այնտեղ կայ գիտակցութիւնը մարդկութեան ու հայ ինքնութեան, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ Լիբանանը ո՛չ միայն այլ գաղութներու կարգին գաղութ մըն է, այլ նաեւ ունի տարբեր դերակատարութիւն մը հայ կեանքին մէջ, եւ այդ դերակատարութիւնը ամբողջ դարու մը ընթացքին գործո՛վ երեւցած է` կենսունակութիւն տալով այլ գաղութներու: Եւ այսօր, երբ հերթը հասած է այս գաղութին օգնութեան հասնելու, բոլորը յօժարակամ սրտի օժանդակութիւնը կը կատարեն:
Այս է մեր ընթացքը, եւ երկարաժամկէտ պիտի ըլլայ մեր աշխատանքը` միշտ համագործակցութեամբ Լիբանանի առաջնորդ Շահէ սրբազանի հետ, որպէսզի միասնաբար կարենանք այս գաղութին հաւատքի նոր ուժ ստեղծել, որպէսզի բոլորս միասին այս «փոթորիկ»-էն դուրս գանք: Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան կողմը կրակի ու երկրաշարժի սպառնալիք կայ, իսկ Արեւմտեան կողմը` փոթորիկներու, իսկ Լիբանանի մէջ տարբեր տեսակի փոթորիկներու ու սպառնալիքներ, հետեւաբար միասնաբար կը գործակցինք` մեր կեանքին վերստին վերադարձնելու իր բնականոն ընթացքին:
Թորգոմ եպս. Տօնոյեան.- Իբրեւ Ազգային առաջնորդարան` մենք ձեռնարկեցինք հանգանակութեան մեկնարկին եւ ապահովեցինք որոշ գումար մը երեք ձեռնարկներով. առաջինը` Ազգ. առաջնորդարանի Տիկնանց միութիւնը գեղեցիկ սակառներ պատրաստեց եւ վաճառեց` Լիբանանէն եկած առարկաներով ու լիբանանեան յատուկ ուտեստեղէններով լեցուն: Այդ վաճառքէն գոյացած գումարը փոխանցեցին Ազգային առաջնորդարան: Երկրորդը` մեր եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասը պատրաստեց, զարդարեց եւ հայ ընտանիքներուն բաժնեց 500 մոմեր, որոնցմով լաւ գումար մը հաւաքուեցաւ եւ փոխանցուեցաւ Ազգային առաջնորդարանին: Երրորդը` որպէս առաջնորդ եւ Ազգային վարչութիւն, անմիջական դիմեցինք մեր շրջանի բարերարներուն եւ բարեկամներուն, որոնցմէ ո՛չ մէկը մերժեց Լիբանանին օգնութիւն հասցնելու մեր առաջարկը: Չկար դուռ մը, որ մենք զարկինք Լիբանանի համար, եւ ան փակ մնաց մեր դիմաց, եւ երբեմն դռները այնքան ընդարձակ բացուեցան, որ մարդիկ իրենք սկսան հարցնել պէտքերու եւ օգնութեան հասնելու ձեւերուն մասին ու պատրաստակամութիւն յայտնեցին եւ իսկապէս լիառատ օժանդակութիւն կատարեցին:
Այս բոլորին կողքին, մեր միութիւնները, կազմակերպութիւնները, կառոյցները, մշակութային կեդրոնները եւ ազգային-քաղաքական-կուսակցական գործիչները իրենց կարգին կը կազմակերպեն ճաշկերոյթներ ու դրամահաւաքներ:
Յիշեալ ծրագիրներու բոլոր գումարները կը փոխանցուին Ազգային առաջնորդարան, որ մենք ալ, մեր կարգին, իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, պիտի փոխանցենք Լիբանանի թեմին` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով:
Հ.- Լիբանանահայութեան դիմաց ցցուած մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները նոր չեն, ան երկար ատենէ կը տոկայ, կանգուն կը մնայ ու կը շարունակէ: Սակայն այսօր տագնապները բազում են եւ բաւական դժուար, ինչ որ յուսալքումի, յոգնածութեան կ՛առաջնորդէ լիբանանահայը: Խնդրեմ, իբրեւ կարեւոր նախաձեռնութեան մը ձեռնարկած հոգեւորական հայրեր, ձեր պատգամը փոխանցէք տագնապահար լիբանանահայութեան:
Անուշաւան արք. Դանիէլեան.- Երգի մը պատգամով կ՛ուզեմ փակել խօսքս, որովհետեւ կը հաւատամ, որ երգերը կեանքի մը փորձառութեան արտայայտութիւնն են, նաեւ պայքարելու ներուժ ու կամք կու տան մեզի: Սարգիս Կուկունեանի երգն է այդ մէկը.
«Երբ ալեկոծ ծովու վրայ
Իմ մակոյկս խորտակուի,
Ես փրփրադէզ ալեաց մէջը
Ես իմ յոյսը չեմ կտրի»:
Շատ գեղեցիկ է այս մէկը երգելը: Երբ կեանքի նաւակդ մօտ է ջախջախուելու, եւ կը զգաս, որ մարդկային օգնութեան հասնելու բոլոր միջոցները սպառած են, հոն կու գայ մարդուս գերագոյն ուժը, որ տրուած է Աստուծմէ` յոյսն ու հաւատքը եւ միախառնելով անոնց հետ միասին մեր հինգ հազարամեայ կեանքի փորձառութիւնը, մանաւանդ Ցեղասպանութեան մեր սերունդին փոխանցածը մեզի, կը պատգամեմ մեր հայրենակիցներուն չյանձնուիլ կեանքի փոթորկոտ ալիքներու քմահաճ յարձակումներուն, այլ` տոկալ ու գիտակցիլ, որ մինակ չեն, որովհետեւ մենք մեր ներկայութիւնը այստեղ բանիւ եւ գործով կ՛արտայայտենք: Կը զօրակցինք ու կը սրտակցինք: Ինչպէս յիշեցինք, պարզ օժանդակութիւն չէ, այլ` սրտէ ու գիտակցութենէ բխած ձեռնարկութիւն մը: Մեր ցաւը մէկ է:
Թորգոմ եպս. Տօնոյեան.- Կ՛ուզեմ այս առիթով ինքզինքիս իրաւունք տալ ու ըսել ո՛չ միայն հայ առաքելական, այլ նաեւ հայ կաթողիկէ ու հայ աւետարանական հոգեւոր եղբայրներուս եւ շրջանէն ներս գործող բոլոր միութիւններուն անունով մեր Լիբանանի ժողովուրդին ըսել բառին ամբողջական իմաստով. «Դուք առանձին չէք»: Երբ այս հաստատումը կը կատարեմ, հաւատալով է, որ կ՛ընեմ, որովհետեւ Արեւմտեան Ամերիկայի մեր ժողովուրդն ու ղեկավարութիւնը իրե՛նք կը զգան, որ լիբանանահայութեան կողքին են եւ մօտիկ ապագային տարբեր ձեւերով ու միջոցներով ցոյց պիտի տան, թէ ինչպէս կը մտածեն լիբանանահայութեան մասին եւ այդ «իրենք»-ը մեր հաւաքական «մենք»-ն է, մենք բոլորս:
Սիրելի՛ լիբանանահայ եղբայր եւ քոյր, գիտեմ, թէ այս պահուն դուն ինչպիսի՛ դժուարութեան մէջ ես, իմ ընտանիքս ալ հոս կ՛ապրի, ուստի աւելի գործնական գիտեմ առկայ բազում տագնապները, սակայն Աստուածաշունչը կ՛ըսէ. «Որ համբերէ ի սպառ, նա կեցցէ»: Եթէ մենք կ՛ուզենք ապրիլ, առողջ զգալ, վերանորոգուիլ ու մենք մեզ գտնել ու շարժիլ, պէտք է համբերութեամբ սպասել այն օրուան, երբ Աստուած իր դուռը պիտի բանայ մեր դիմաց: Եւ երբ մենք ամէն օր կ՛աղօթենք ու զայն գործի կը վերածենք, որովհետեւ «Հաւատքը առանց գործի մեռեալ է» ըսած է առաքեալը, ա՛յն ժամանակ մենք կ՛արժանանանք աստուածային ուշադրութեան, եւ վստահ եմ ու յոյսով, որ ճամբայ մը պիտի բացուի մեր դիմաց, եւ ամենամօտիկ ապագային երկնային լոյսով պիտի լեցուին մեր հոգին ու կեանքը, եւ խաւարէն դէպի լոյս մենք պիտի երթանք:
Այս հաւատքով եղբայրաբար կ՛ողջունեմ լիբանանահայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները անխտիր եւ կը մաղթեմ ամէն ինչի լաւագոյնը եւ կը հաւատամ, որ այդ ճշմարտութիւնը պիտի իրագործուի ձեր, մեր եւ բոլորիս կեանքէն ներս: