Լրահոս

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 95-ԱՄԵԱԿԻՆ…ՆԱԽԱԳԱՀ ՕՊԱՄԱ ԿՐԿԻՆ ՉՅԱՐԳԵՑ ԻՐ ԽՈՍՏՈՒՄԸ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, անգամ մը եւս չյարգեց իր խոստումը եւ բաւարարուեցաւ անցեալ տարուայ նման, օգտագործել հայերէնով «Մեծ Եղեռն» բառը եւ ապա շէյքսփիրեան լեզուն շարունակելով, ան «1915-ի սարսափելի դէպքեր եւ անմարդկային արարքներ» նկարագրեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Օպամա իր ուղերձին մէջ յայտնեց թէ.- «Ես միշտ յայտարարած եմ սեփական տեսակէտս 1915-ին կատարուածին վերաբերեալ, եւ տեսակէտս այդ պատմութեան վերաբերեալ չէ փոխուած: Մեր բոլորին շահերէն կը բխի փաստերու լիարժէք, անկեղծ եւ արդարացի ճանաչման հասնիլը: Մեծ եղեռնը (հայերէն լեզուով) հայ ժողովուրդի պատմութեան կործանարար էջերէն է, եւ մենք պէտք է կենդանի պահենք այդ մասին յիշողութիւնը՝ ի նշան զոհերու հանդէպ յարգանքի, եւ որպէսզի խուսափինք անցեալի սահմռկեցուցիչ սխալներէն: Ես կþողջունեմ այն թուրքերը, որոնք 1915 թուականին փրկած են հայեր, եւ քաջալերուած եմ պատմութեան այս ցաւալի դրուագին շուրջ թուրքերու եւ հայերու երկխօսութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ ինքնին Թուրքիոյ մէջ ծաւալուող քննարկումներէն: Միասնաբար՝ թուրք եւ հայ ժողովուրդները աւելի պիտի ուժեղանան՝ ճանչնալով իրենց ընդհանուր պատմութիւնը եւ ընդունելով իրենց ընդհանուր մարդկայնութիւնը», ըսաւ Օպամա, որ նախքան նախագահ ընտրուիլը յայտնած էր թէ.- «Ա.Մ.Ն. արժանի է ունենալու այնպիսի նախագահ, որ ճշմարտութիւնը պիտի ըսէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ վճռականօրէն պիտի պատասխանէ բոլոր ցեղասպանութիւններուն: Ես մտադիր եմ ըլլալ այդ նախագահը»:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ ՔԷն Խաչիկեան, Նախագահ Օպամայի սոյն ելոյթը ամօթալի նկատելով ընդգծեց, որ Օպամա անգամ մը եւս ենթարկուելով Թուրքիոյ սպառնալիքներուն, դարձեալ պատշաճօրէն չճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ նախընտրելով խուսափողական արտայայտութիւններ օգտագործել մարդկութեան դէմ իրագործուած այդ ոճիրը բնութագրելու ընթացքին:
«Միացեալ Նահանգներու եւ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը իր հիասթափութիւնը կը յայտնէ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտելու եւ զոհերու յիշատակը յարգելու՝ նախագահ Օպամայի անկարողութեան առնչութեամբ: Դժբախտաբար Օպամա սխալ ընտրութիւն կատարեց՝ կարելիութիւն ընձեռելով Թուրքիոյ խստացնելու իր ճնշումը Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան վրայ Ցեղասպանութեան հարցին մէջ», նշեց Խաչիկեան:
Մինչ այդ, վերջին օրերուն, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի տասնեակ մը անդամներ՝ գլխաւորութեամբ Ծերակուտական Պարպարա Պաքսըրի (Քալիֆորնիա)« նամակով մը նախագահ Օպամային կոչ ըրած էին« որ պատմական ճշմարտութիւնը յարգելով՝ պատշաճօրէն ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Պաքսըրի կողքին« նամակին տակ ստորագրած էին այլ ծերակուտականներ, որոնք նախագահ Օպամային կը յայտնէին թէ «Հակառակ անհերքելի ապացոյցներուն« Միացեալ Նահանգները 1915-1923ի իրադարձութիւնները տակաւին ճիշդ բառով չեն բնութագրած:…Կոչ կ°ուղղենք սրբագրելու անարդարութիւնը եւ 20րդ դարու մեծագոյն վայրագութիւնները վերջապէս անուանելու Ցեղասպանութիւն»:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը ողջունած էր այս նամակին հեղինակ Պաքսըրի տարած աշխատանքը« ապա այլ հաղորդագրութեամբ մը, Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ուղղած էր հայորդիներուն, որպէսզի որպէսզի բողոք-նամակներ յղեն նախագահ Օպամային եւ պահանջեն որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը մեղսակից չի դառնայ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու նպատակով Թուրքիոյ կատարած աշխատանքներուն:
Բեղուն շաբաթ մը բոլորեց հայորդին, կառչած մնալով իր 95-ամեայ պահանջատիրութեան: Իսկ Ապրիլ 24-ի նախօրեակին…մանաւանդ յատկանշելի էր Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւնը,պաշտօնապէս ընդհատելով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց կարգաւորման եւ արձանագրութիւններու վաւերացման ընթացաւարտը:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button