«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը ձեռնարկած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» թարգմանական մատենաշարին, որուն նպատակն է մարդկային եւ հասարակական գիտութիւններու հիմնարար բնագրեր մատչելի դարձնել հայերէնով, ինչպէս եւ կարեւոր հայերէն բնագրեր՝ այլ լեզուներով։ Սոյն յայտարարութեամբ կը հրամցնենք օտար լեզուներէ հայերէնի թարգմանուելիք գիրքերու ցանկը, եւ կոչ կ’ուղղենքհնարաւոր թարգմանիչներու, որպէսզի ներկայացնեն իրենց թեկնածութիւնը։ Այս թարգմանութիւններուն միջոցով, մերնպատակն է թափ տալ մտաւորական մտածողութեան հայերէնով եւ զարկ տալ հայերէնի զարգացման։ Առաջին հերթին, հետեւեալ 12 բնագրերը պիտի թարգմանուին.
- Giorgio Agamben, Quel che resta di Auschwitz. L’archivio e il testimone (Homo sacer III).
- Hannah Arendt, The Origins of Totalitarianism.
- Alain Badiou, Le Siècle.
- Judith Butler, Ernesto Laclau and Slavoj Zizek, Contingency, Hegemony, Universality: Contemporary Dialogues on the Left.
- Simone de Beauvoir, Le deuxième sexe.
- Gilles Deleuze, Différence et répétition.
- Jacques Derrida, L’écriture et la différence.
- Michel Foucault, L’archéologie du savoir.
- Antonio Gramsci, Quaderni del carcere (selezioni).
- Jürgen Habermas, Strukturwandel der Öffentlichkeit.
- Jean-Francois Lyotard, Instructions Païennes. եւ La condition postmoderne.
- Edward Said, Orientalism.
Վերոյիշեալ բնագրերը ընտրուած են միջազգային խորհրդատու յանձնախումբի մը կողմէ, որուն անդամներն են Շուշան Աւագեան, Վարդան Ազատեան, Ռէմոն Գէորգեան, Արմինէ Իշխանեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Արտաշէս Մարկոսեան, Սմբատ Յովհաննիսեան եւ Արա Սանճեան: Յանձնախումբը աշխատած է Հայկական Համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանին եւ բաժանմունքի աւագ ծրագրի վարիչ Անի Կարմիրեանին հետ։
Այս կոչը ուղղուած է երկու նպատակով՝ թարգմանիչներ ընտրել այս մատենաշարին համար ու որակեալ թարգմանիչներու մեր ցանկը ճոխացնել։ Կը խնդրենք հնարաւոր թարգմանիչներէն, որ մեզի դիմեն միայն եթէ կը փափաքին վերի ցանկէն խորագիր մը կամ խորագրեր թարգմանել բնագրային լեզուէն հայերէնի (արեւմտահայերէն կամ արեւելահայերէն)։
Դիմումները պէտք է յղուին Հայկական Համայնքներու բաժանմունքին մինչեւ Ապրիլ 5, 2016, հետեւեալ իմակի հասցէով՝carmenias@gulbenkian.pt։ Նիւթի տողին մէջ յստակօրէն պէտք է նշուի՝ “Translation Series, Call for Translators”։ Դիմումը պէտք է բաղկանայ հետեւեալ պարտադիր փաստաթուղթերէն.
Պարտադիր փաստաթուղթեր
- Կենսագրական՝ դիմորդի կապի տուեալներով (իմակ, հեռաձայն, հասցէ)։
- Վերի ցանկէն այն խորագիրը կամ խորագրերը, որոնց թարգմանութեամբ շահագրգռուած է թարգմանիչը։
- Վերոյիշեալ գիրքերու բնագրային լեզուէն (այսինքն՝ իտալերէնէ, անգլերէնէ, ֆրանսերէնէ եւ գերմաներէնէ) դէպի հայերէն կատարուած թարգմանական նախընթաց աշխատանքի մը նմոյշը (առնուազն 20 էջ)։
- Պահանջուած սակի նշումը։
- Յանձնարարող երեք տեղեկաբերներու կապի տուեալները (գործընկերներ կամ վերահսկիչներ)։
- Մէկ էջնոց նամակ մը, որ կը բացատրէ ենթակային պատրաստութիւնը եւ յիշեալ բնագրի թարգմանութեան հանդէպ անոր շահագրգռութիւնը։
Ընտրուած թարգմանիչները պիտի տեղեկացուին մինչեւ Մայիս 2016ի կէսերը։ Չընտրուած անձերը մաս պիտի կազմեն պահեստի ցանկի մը՝ ապագայ յղումի համար։