ԱՆՄՈՌՈՒԿ ԾԱՂԻԿ…ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏ

0 0
Read Time:1 Minute, 35 Second

p1 khemp

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Մայիս 28, 2015

՛՛Վա՜յ այն ժողովուրդին, որուն կեանքը սոսկ ապրիլ մըն է ժամանակի ու միջոցի սահմաններուն մէջ: Մեր ժողովուրդին կեանքը եղած է մնայուն խոյանք մը, հաւաքական պայքար մը` ի խնդիր հաւատքի յաւերժացման ու հայրենիքի փրկութեան՛՛:
Արամ Ա. Կաթողիկոս

Եթէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի լոզունգը ,Կը յիշենք եւ կը պահանջենքեն էր, Մայիս 28-ի անկախութեան կերտման ճակատամարտը՝ անվարանօրէն կարելի է ներկայացնել ,Կը ճակատինք եւ կը յաղթենքե լոզունգով:
Այո՛, տարբեր անմոռուկ ծաղիկ մըն ալ բուսած էր Մայիս 28, 1918-ին:
Ծաղիկ մը, ծիլ առած Հայոց Պատմութեան հին էջերէն՝ Վարդանանց պատերազմէն եւ ոգիով տեղադրուած Սարդարապատ, որ իր կարգին շարունակուեցաւ դեռ հազիւ երկու տասնեակ տարիներ առաջ Արցախի մէջ, միշտ ալ Մայիս ամսուան ընթացքին:
Պարզ է զուգադիպութիւնը, սակայն յաղթանակի եւ այդ վճռական պայքարի ոճն է որ իւրայատուկ է հայորդիին համար, որ իր եւ հողին գոյութեան եւ մշակման ի խնդիր եւ այդ ալ համաժողովրդային տարողութեամբ գործի լծուեցաւ սուրբ պատերազմը մղելու, փրկելու եւ փրկուելու:
Պայքարով, եւ հերոսական ,խելաքարութեամբե ազատագրուած Արցախին վերահաստատեց անհերքելի այն ճշմարտութիւնը, թէ` Մայիս 28-եան օրինակին կառչած, սեփական արժանապատուութիւն եւ կռուելու կամք ունեցող ժողովուրդն է, որ միայն կրնայ իրաւունքներ եւ հատուցում ստանալ:
Այսպէս իր դատին եւ իրաւունքներուն պաշտպան հայութիւնը բարձր բռնեց այդ դրօշը եւ այսօր ամենայն հպարտութեամբ կը տօնէ ՕՐԸ՝ անկախութեան փառատօնը:
Մայիսեան հերոսութիւնը պարզ նուաճում մը չէ, այլ ճակտի քրտինքով եւ զոհուած հերոսներու արիւնով ձեռք բերուած ՅԱՂԹԱՆԱԿ մըն է: Նաեւ, այս օրը պատգամ մըն է, որ կը նշուի եւ …յատկանշուի պահանջատիրութեան կամքով եւ ամբողջական Հայաստանի տեսլականով:
Մաքրամաքուր շունչ է ՛՛Խենթերու Մայիսեան հնար՛՛ը, որ ցայսօր ապրելու եւ գոյատեւելու վճռական կամք, խանդ եւ աւիշ կը ներշնչէ:
Շարունակելով Արամ Ա.-ի այդ խօսքերը, տեղին է աւելցնել թէ ազգերը կրնան գոյատեւել, միայն ու միայն երբ իրենց կեանքը կը վերածուի բարոյական ու ազգային արժէքներու յաւերժացման ու իրենց մարդկային իրաւունքներու վերատիրացման համար մղուող մնայուն պայքարի:
Անշուշտ Մայիս 28-ը դրօշակն է հայութեան: Պարզ եռագոյն մը չէ, այլ ծածանող ԵՌԱԳՈՅՆ, որուն խոր գաղափարը, եւ այդ նոյնիքն սուրբ գաղափարին իրականացումը, կը մնայ սուրբ եւ առաջնահերթ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ԱՆՄՈՌՈՒԿ ԾԱՂԻԿ…ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏ

  1. I am so proud being ARMENIAN, I am a survivor son, I have been Armenia, I have seen how hard they work, specially Armenian Woman’s, I have so many good things to say, but I am a seek man. 84 years old. I do not care how and when I die, I see free Armenia. GOD BLESS ARMENIA AND HIS CITICENS,

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles