Գլխաւոր

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹ

Ուղղագրութիւն
Ուղղագրութիւն

Նիւ Եորքի Համազգայինի Գրական Յանձնախումբի կազմակերպած աւանդական աշակերտական մրցոյթը, տեղի ունեցաւ Մայիս 3, 2014ին, Շաբաթ օր, կէսօրէ ետք ժամը երկուքին, Հայ Կեդրոնին մէջ Տարեկան այս մրցոյթին կը մասնակցէին Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ, Ս. Սարգիս Շաբաթօրեայ, եւ Նիւ Ճըրզիի Նարեկ Շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտները: Ունէինք մէկ ազատ մասնակցող աշակերտուհի մը, որ հայկական դպրոց չէր յաճախեր:

Տէր Մեսրոպ Լագիսեան, համբերութեամբ պատասխան կը սպասէ
Տէր Մեսրոպ Լագիսեան, համբերութեամբ պատասխան կը սպասէ

Մասնակցող աշակերտներու թիւն էր 31: Սրահը ժամանակէն առաջ լեցուած էր աշակերտներով, իրենց ծնողներով, տնօրէններով եւ ուսուցչուհիներով: Տօնական օր էր իսկապէս: Գրական Յանձնախումբի անդամներէն՝ Ընկհ. Ռիթա Կիրակոսեան ըլլալով գլխաւոր կապը վարժարաններու պատասխանատուներուն հետ, մի առ մի ստուգեց աշակերտներուն ներկայութիւնը:

Ներկաները ուշադրութեամբ կը հետեւին:
Ներկաները ուշադրութեամբ կը հետեւին:

Մրցոյթը կը բաղկանար հետեւեալ բաժիններէն:

1. Շաբաթօրեայ
Վարժարաններ
Ա. Բառագիտութիւն ԱնգլերէնէՀայերէն, 3րդ եւ 4րդ դասարաններու աշակերտներուն՝ համար:
Բ. Հայկական Գիտելիքներ 5րդ եւ 6րդ դասարաններու աշակերտներուն՝ համար:

2. Ամէնօրեայ
Վարժարաններ
Ա. Ուղղագրութիւն 3րդ եւ 4րդ դասարաններու աշակերտներուն՝ համար:
Բ. Հայկական Գիտելիքներու տարբեր ցանկ 5րդ եւ 6րդ դասարաններու աշակերտներուն՝ համար:
Ձեռնարկի բացումը կատարեց Համազգայինի փոխ ատենապետուհի՝ ընկհ. Աստղիկ Սեւակ, որը համառօտ կերպով նշեց կարեւորութիւնը այս մրցոյթին ու գնահատեց Գրական Յանձնախումբի աշխատանքը եւ հրաւիրեց ընկ. Հրանդ Մարգարեան, որ յայտագիրը վարէ: Ընկ. Մարգարեան բացատրեց ներկաներուն վերեւ նշուած չորս բաժինները եւ հրաւիրեց Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ՝ տէր Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան մրցոյթը վարելու: Տէր Մ. Լագիսեան, նախ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը Համազգայինի Վարչականներէն, նորոգ հանգուցեալ ընկ. Յովհաննէս Եսայեանի, որը անցեալ տարի նոյն այս մրցոյթի բացման խօսքը ուղղեց ներկաներուն շեշտելով Ամէնօրեայ դպրոցներու կարեւորութիւնը հայապահպանման համար: Տէր Հայրը անմիջական ու մտերիմ մօտեցումով եւ զուարթախոհութեամբ վարեց մրցոյթը, բաւարար ժամանակ յատկացնելով, մեղմօրէն սրբագրելով եւ միաժամանակ դաստիարակելով աշակերտները: Գիտելիքներու հարցումները կÿընդգրկէին հեռաւոր եւ մօտակայ Հայոց Պատմութենէն կարեւոր անհատներ եւ պատահարներ: Տիգրան Մեծ, Արտաշէս Աշխարհակալ, Մեսրոպ Մաշտոց, Խրիմեան Հայրիկ, Կոմիտաս, զօրավար Անդրանիկ եւլն:

Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի անսխալ աշակերտներ Անսխալ աշակերտներու խումբ մը իրենց ստացած նուէր գիրքերով:
Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի անսխալ աշակերտներ

Արեւմտահայաստանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան աշխարհագրութենէն գետերու, լեռներու, քաղաքներու եւ զանազան յուշարձաններու անուններ, ինչպէս նաեւ հայ նշանաւոր արուեստագէտներ, գրողներ, բանաստեղծներ, գիտնականներ ականաւոր հայ համաշխարհային դէմքեր՝ Երուանդ Քոչար, Ռաֆայէլ Իսրայէլեան, Արշիլ Կորքի, Սիամանթօ, Վարուժան, Մուշեղ Իշխան, Չարենց, Կապուտիկեան եւլն: Հարցումներուն հետ, երբ պատշաճ էր, համապատասխան լուսանկարներ կը ցուցադրուէին (power Point)ով որը իրապէս բոլորին համար հետաքրքիր ու դաստիարակչական կը դարձնէր մրցոյթը: Ծնողներէն շատեր՝ “մենք ալ շատ բան սորվեցանք“ կÿըսէին գոհունակ:

Անսխալ աշակերտներու խումբ մը իրենց ստացած նուէր գիրքերով:
Անսխալ աշակերտներու խումբ մը իրենց ստացած նուէր գիրքերով:

Արդիւնքները քաջալերական էին: Շաբաթօրեայ Վարժարաններու Բառագիտութեան բաժնին մէջ, տասը մասնակցողներէն հինգը անսխալ էին, եւ Գիտելիքներու բաժնին մէջ 12 մասնակցողներէն տասը անսխալ էին: պէտք է նշել այստեղ Ամէնօրեայ Վարժարանի իւրայատուկ տեղը: Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի ուղղագրական բառին մէջ ութը մասնակցողներէն չորսը անսխալ էին եւ Գիտելիքներու բաժնին մէջ հինգ մասնակցողներէն չորսը անսխալ էին: Ընդհանուր հաշուով տարբեր բաժիններու մասնակցողներէն 5085 առ հարիւրը անսխալ էին: Պէտք է նկատել որ նոյնիսկ սխալուող աշակերտները հինգ հարցումէն միայն մէկը սխալ կը պատասխանէին: Այնպէս որ մեր դպրոցներու մակարդակը շատ լաւ է եւ մեր աշակերտները՝ ի պատիւ իրենց լաւ պատրաստուած էին:
Շնորհակալութիւն հետեւեալ տնօրէնուհիներուն եւ ուսուցչուհիներուն: Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի Տնօրէնուհի՝ Զարմինէ Պօղոսեանին եւ ուսուցչուհիներ՝ Անի Մանուէլեանին եւ Հուրի Ղուկասեանին: Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Սիւզան եւ Յովսէփ Յակոբեան Շաբաթօրեայ Վարժարանի Տնօրէնուհի՝ Նայիրի Զոհրապեանին եւ ուսուցչուհիներ՝ Լուսին Մկրեանին, Մարիա Եփրեմեանին, Երցկ. Անի Թրթռեանին եւ Ճուլիէթա Անանեանին: Նիւ Ճըրզիի Նարեկ Շաբաթօրեայ Վարժարանի Տնօրէնուհի՝ Քնար Աբգարեանին եւ ուսուցչուհիներ՝ Ռէն Մարաշեանին, Սօսի Առաքելեանին, Մարի Եագուպեանին, Հուրի Սամուէլեանին, Հիլտա Թորոսեանին եւ Մարալ Վարդանեանին: Երախտապարտ ենք տնօրէնուհիներուն, որոնք սկզբունքով համաձայնեցան Մրցոյթին մասնակցիլ: Բոլոր ուսուցչուհիներուն որոնք յաւելեալ ճիգ թափեցին սորվեցնելու եւ բոլոր մայրերուն որոնք տան մէջ շարունակեցին իրենց զաւակներու ուսուցումը:
Իւրաքանչիւր մասնակցող աշակերտի, վարչութեան կողմէ նուիրուեցաւ յատուկ Վկայագրեր պատրաստուած Գրական Յանձնախումբի ընկերուհիներ՝ Արմինէ Մինասեանի եւ Պերճուհի Եսայեանի կողմէ, հաստատելով աշակերտի մասնակցութիւնը Համազգայինի կազմակերպած մրցոյթին: Բոլոր բաժիններու անսխալ պատասխանող աշակերտներուն նուիրուեցաւ տարբեր տեսակի գրքեր:
Հոգեպարար օր մը իսկապէս մրցոյթը կազմակերպողներուն համար: Ամիսներու մանրակրկիտ պրպտումները եւ դասաւորելու դժուար աշխատանքները արդէն մոռցած էինք: Կÿուզենք հաւատալ, որ այս սերունդի ազգային շունչին ու հայապահպանման թերեւս քիչ մը նպաստեցինք:

Թղթակից

 

 

 

 

Նկարներ՝ Ռոպերթ Կարապետեան

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button