Գլխաւոր

Սուրիա եւ Ատրպէյճան – Ի՞նչ Փոփոխութիւններ Կը Սպասուին Պաշշար Ասատի Տապալումէն Ետք

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

14 Մարտ 2025

haroutchekijian.wordpress.com

Ռուսական կիսապաշտօնական քաղաքական մարտավարական հիմնարկին՝ «Վալտայ» միջազգային քննարկումի ակումբին 7 մարտ 2025-ի յօդուածին խորագիրն է վերոնշեալը: Հեղինակը՝ դոկտ. Վալի Քալէժի, Թեհրանի մէջ, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Կովկասի ուսումնասիրութիւններու փորձագէտ է: Ստորեւ ամբողջութեամբ կը թարգմանեմ Հայաստանի ու հայութեան համար ահազանգ պարունակող այս յօդուածը (1).

Նախ՝ Վալտայի նախաբանը. «Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը իր սերտ դաշնակից՝ Թուրքիոյ հետ միասին կը փորձէ նոր յարաբերութիւններ սահմանել Սուրիոյ նոր ղեկավարներուն հետ։ Այս զարգացման կարեւոր եւ երկարաժամկէտ հետեւանքը կ՚ըլլայ Հարաւային Կովկասի մէջ Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւններուն միջեւ աւելի սերտ համադրուած քաղաքական ուղղութեան դրսեւորումին»։

Դամասկոսի հրապարակը Ասատի կառավարութեան անկումին օրը

        

  Ա. «Սուրիոյ եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու աստիճանական զարգացումը:

          «Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը 16 Յունուար 1992-ին ճանչցաւ ատրպէյճանական պետութեան անկախութիւնը, եւ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուեցան 28 մարտ 1992-ին: Հակառակ Ղարաբաղեան առաջին պատերազմին ժամանակ (1988-1994) Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սերտ կապերուն, Պաքուն եւ Դամասկոսը փորձեցին զարգացնել յարաբերութիւնները՝ առանց «երրորդ գործօնի» ազդեցութեան: Թէեւ Պաքուի եւ Դամասկոսի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը չընթացաւ Երեւանի եւ Դամասկոսի յարաբերութիւններուն չափով, Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը մայիս 2008-ին դեսպանութիւն բացաւ Դամասկոսի մէջ։

«9 Յուլիս 2009-ին Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատ, Ատրպէյճան իր առաջին պաշտօնական այցը կատարեց։ Կողմերը համաձայնեցան 1-էն 1,5 միլիառ խորանարդ մեթր ատրպէյճանական կազ մատակարարել Սուրիա։ Այցին ընթացքին տեղի ունեցաւ Ատրպէյճան-Սուրիա գործարարներու համաժողով։ 23 նոյեմբեր 2010-ին կողմերը համաձայնեցան բնական կազի 20-ամեայ գնումի գործնական մանրամասնութիւններուն շուրջ։ Դեկտեմբեր 2011-ին Ատրպէյճան սկսաւ բնական կազ արտածել Սուրիա՝ Թուրքիոյ եւ Վրաստանի վրայով։

Բ. «Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն ետք՝ դէպի յարաբերութիւններու կրճատում:

          «Սակայն 15 մարտ 2011-ին սուրիական քաղաքացիական պատերազմը սկսելէն ետք, Ատրպէյճանի եւ Սուրիոյ յարաբերութիւնները աստիճանաբար բարդացան։ Պաքուն յայտարարեց, որ ժամանակակից միջազգային համակարգին մէջ իբրեւ փոքր պետութիւն՝ Ատրպէյճանը կը փորձէ անմիջականօրէն չներքաշուիլ սուրիական հակամարտութեան մէջ։ Սակայն, Ատրպէյճանի վրայ իր ազդեցութիւնը ունեցա՛ւ տարբեր առումներով։

«Նախ՝ կրօնական տեսակէտէն, ի տարբերութիւն քրիստոնեայ Հայաստանին, Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը իսլամական երկիր է։ Հետեւաբար, Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմը եւ տարբեր ահաբեկչական խմբաւորումներու՝ ինչպիսիք են ՏԱԵՇ-ը եւ Ալ-Նուսրա ճակատը, իրենց արմատական կրօնական գաղափարներով յայտնուիլը, կրնային ազդել Ատրպէյճանի հասարակութեան վրայ՝ հակառակ Սուրիայէն անոր աշխարհագրական հեռաւորութեան, ինչպէս նաեւ, Սուրիոյ եւ Ատրպէյճանի կրօնական տարբեր կառուցուածքին եւ կազմին վրայ:

«Տարբեր գնահատականներ կային, թէ քանի՞ Ատրպէյճանի քաղաքացի միացած են «խալիֆայութեան», թիւը՝ շուրջ 400-էն 1000 զինեալ է: Սուրիական քաղաքացիական պատերազմին մասնակցող ատրպէյճանցի մարտիկներուն թիւը էական չէր: Սակայն, սալաֆական (ծայրայեղ իսլամ *) գաղափարները կրնային սպառնալ երկրին քաղաքական աշխարհիկ կառուցուածքին:

«Երկրորդ՝ քաղաքական տեսանկիւնէն, «Արաբական գարուն»-ի յեղափոխութիւններուն սկզբէն, Պաքուն կը գտնուէր քաղաքական անորոշ վիճակի մը մէջ։ Օրինակ, Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հուսնի Մուպարաքի արձանը վերցուեցաւ Պաքուի արուարձաններէն եւ փոխարինուեցաւ աւելի չէզոք արձանով մը: Սակայն, հակառակ Թուրքիոյ հետ սերտ եւ ռազմավարական յարաբերութիւններուն, Պաքուն չէր կրնար բացայայտօրէն աջակցիլ սուրիական ընդդիմութեան եւ Դամասկոսի կառավարութեան փոփոխութեան: Միւս կողմէ, Պաքուն չէր ուզեր նաեւ աջակցիլ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Իրանի մօտիկ դաշնակից Պաշշար Ասատի կառավարութեան։ Այս երկուութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը սուրիական ճգնաժամին նկատմամբ զգուշաւոր մօտեցում որդեգրէ։

«Թէեւ Ատրպէյճանը հոկտեմբեր 2011-ին ստիպուած էր պաշտպանել Արաբական լիկայի որոշումը՝ դադրեցնելու Սուրիան իբրեւ ՄԱԿ-ի Խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ, ան շատ աւելի զգոյշ գտնուեցաւ: Արդարեւ, ատրպէյճանական կառավարութիւնը, որ նախապէս լռած էր Սուրիոյ տագնապին մասին, դաժանօրէն բռնի՝ այդ փակուղին նկատեց իբրեւ դրական զարգացում: Ղեկավարութիւնը կը հաւատար, որ դաժան եւ քաոսային աղանդաւորական բռնութիւնը, որ յաջորդեց Ասատի դէմ ապստամբութեան, վարկաբեկեց նոյնինքը Պաքուի կառավարութեան փոփոխութեա՛ն ալ որեւէ մղում: Ճակատագիր մը, որմէ երկիրը կ՚ուզէ խուսափիլ: Սուրիական քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով, Սուրիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութիւնը Պէյրութ տեղափոխուեցաւ։

«Բացի այդ, մէկ կողմէ Պաքուն Սուրիան մեղադրած է Հայաստանի հետ համագործակցելուն համար՝ Ղարաբաղի մէջ սուրիահայեր բնակեցնելու, իսկ միւս կողմէ՝ Ատրպէյճանը աջակցած է 2 յունուար 2018-ի սուրիական Աֆրինի մէջ քրտական ՓՔՔ-ի եւ ՏԱԵՇ-ի դէմ Թուրքիոյ գործողութեան: Պաքուի եւ Դամասկոսի միջեւ տարաձայնութիւնները նոր փուլ մտան Ղարաբաղեան Երկրորդ պատերազմի ժամանակ (27 սեպտեմբերէն – 10 նոյեմբեր, 2020): Մինչ Հայաստանն ու Սուրիան կը մեղադրէին Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը սուրիացի սալաֆական զինեալներ Ղարաբաղ ուղարկելու մէջ, Պաքուն եւ Անգարան կը մեղադրէին Սուրիան եւ Հայաստանը «Հայաստանի ազատագրութեան հայկական գաղտնի բանակ»-ին (ASALA), Ժողովրդական պաշտպանութեան ջոկատներուն (YPG) եւ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) տարածաշրջանին մէջ օժանդակելուն համար։ Այս զարգացումներուն հետեւանքը, Դամասկոսի եւ Պաքուի յարաբերութիւններուն մակարդակի կտրուկ անկումն էր։

Գ. «Պաշշար Ասատի կառավարութեան փլուզումէն ետք Ի՞նչ փոփոխութիւններ կը նախատեսուին:

          «Սակայն կը թուի, որ 8 դեկտեմբեր 2024-ի Պաշշար Ասատի կառավարութեան յանկարծակի անկումէն ետք, այս պայմանները աստիճանաբար կը փոխուին, եւ արտաքին քաղաքական բազմաթիւ մօտեցումներ կը վերանայուին։ Շատ կարեւոր է, 30 դեկտեմբեր 2024-ին, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիհայի գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան պատուիրակութեան՝ Դամասկոս այցը, որ հանդիպեցաւ Սուրիոյ առաջնորդ եւ «Հայաթ Թահրիր ալ-Շամ»-ի (HTS) ղեկավար Ապու Մուհամմատ ալ-Ժոլանիի (Ահմետ Հուսէյն ալ-Շարահ) հետ:

«Իրօք, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Եալչին Ռաֆիեւը 29 դեկտեմբեր 2024-ին Սուրիա կատարած վերջին այցի ժամանակ, հանդիպեցաւ Սուրիոյ նոր արտաքին գործոց նախարար՝ Ասատ ալ-Շայպանիի հետ: Այնուհետեւ Ատրպէյճանը 13 տարուայ ընդմիջումէն ետք, 18 փետրուար 2025-ին վերաբացաւ իր Դամասկոսի դեսպանատունը: Արդարեւ, ան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանը, Թուրքիոյ կողքին, զօրաւիգ կը կանգնի Սուրիոյ, այս վճռորոշ ժամանակաշրջանին, որ նպատակ ունի ապահովելու երկրին կայունութիւնը եւ իր ժողովուրդին բարօրութիւնը։ Ռաֆիեւը նաեւ վստահեցուցած է, որ Սուրիոյ վերականգնումին  համար՝ Ատրպէյճան բոլոր անհրաժեշտ աջակցութիւնը կը տրամադրէ։

«Այս յայտարարութիւնները կը վկայեն, որ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը մտադիր է իր աւանդական դաշնակից՝ Թուրքիոյ կողքին աւելի կարեւոր դեր խաղալ Ասատէն ետք Սուրիոյ մէջ։ Կը թուի, որ Թուրքիոյ հետ սերտ յարաբերութիւնները Սուրիոյ նոր ղեկավարներուն հետ, ինչպէս նաեւ Ասատէն ետք Սուրիոյ մէջ Հայաստանի բացակայութիւնն ու տկարացումը լաւ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն Պաքուին։ Բացի այդ, Ատրպէյճանը կրնայ Թուրքիոյ հետ մասնակցիլ Սուրիոյ վերաշինութեան գործին, որ այնտեղի ատրպէյճանական պետական եւ յատուկ ընկերութիւններու տնտեսական եւ առեւտրային ազդեցութիւնը Ասատի հեռանալէն ետք, կը մեծցնէ:

«Այլ ուշագրաւ կէտ է Սուրիոյ ընդդիմութեան կողմէ Պաշշար Ասատի իշխանութեան անկումին եւ Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վերագրաւումին նմանութիւնը*։ Այս առնչութեամբ, Եալջին Ռաֆիեւը Սուրիոյ նոր արտաքին գործոց նախարար Ասատ ալ-Շայպանիի հետ հանդիպման ժամանակ ընդգծած է, որ «Ատրպէյճանի փորձը վերականգնելու ազատագրուած տարածքները կարելի է կիրարկել Սուրիոյ մէջ վերականգնումի ջանքերուն՝ ակնարկելով Ղարաբաղին՝ Հարաւային Կովկասի տարածքը, որ ազատագրուած է 2020-2023-ին շուրջ 30 տարի գրաւումէն»**: Իրօք, Շայպանին ընդգծեր է, որ «Ատրպէյճանի կողմէ իր գրաւեալ տարածքներու ազատագրումը վճռորոշ է համաշխարհային խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար եւ իր շնորհաւորանքը յղած է ազերի ժողովուրդին»:

*Ո՛չ մէկ դոյզն նմանութիւն կարելի է տեսնել: **Ազերին իր գրաւած տարածքներուն մէջ գիւղեր, եկեղեցիներ եւ մշակութային յուշարձաններ քանդած է եւ կը քանդէ տակաւին եւ գերեզմաններ կը պղծէ: Ի՛նչ վերականգնումի մասին է խօսքը:

«Մինչ Պաշշար Ասատի ղեկավարութեամբ Անգարայի հետ լարուածութիւնը գագաթնակէտին էր, Սուրիան կը փորձէր հակազդել Թուրքիոյ մօտեցումին, որ կ՚աջակցէր սուրիական ընդդիմութեան՝ հայերու կոտորածով (ցեղասպանութեամբ*): Օրինակ, Սուրիոյ այն ժամանակուայ փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլէմ Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանին հետ մամլոյ ասուլիսին, 27 մայիս 2015-ին, Դամասկոսի մէջ ըսաւ. «Եթէ միջազգային հանրութիւնը անհրաժեշտ պատիժ սահմանէր 20-րդ դարասկզբին Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրած դահիճներուն նկատմամբ, ապա անոնց սերունդները այսօր Թուրքիոյ մէջ չէին համարձակեր վայրագութիւններ գործել Սուրիոյ մէջ իրենց խաղաքարերուն միջոցով»: Ուստի զարմանալի չէր, որ Սուրիան երկրորդ արաբական երկիրն էր Լիբանանէն ետք, որ ճանչցաւ հայերու ջարդերը իբրեւ ցեղասպանութիւն՝ 13 փետրուար 2020-ին։

«Վերջին կարեւոր իրադարձութիւնը՝ 14 փետրուար 2025-ին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը շնորհաւորեց Ահմատ ալ Շարաաը (Ապու Մոհամմատ ալ Ժոլանին)՝ անցումային շրջանի Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով։ Ուղերձին մէջ ըսած է. «Այսօր մեծ հնարաւորութիւններ կան Ատրպէյճանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները որակապէս նոր մակարդակի բարձրացնելու եւ մեր համագործակցութիւնը նոր բովանդակութեամբ հարստացնելու համար։ Այս առումով, ես առիթէն կ՚օգտուիմ՝  հրաւիրելու ձեզ Ատրպէյճան այցելել»,- Կարծես թէ կարելի է ակնկալել, որ Սուրիոյ նոր ղեկավարը մօտ ապագային կ՚այցելէ Պաքու՝ Սէուտական Արաբիա եւ Թուրքիա կատարած պաշտօնական այցելութեններէն ետք:

«Հետեւաբար, Սուրիոյ նոր ղեկավարներուն այժմու դիրքորոշումները լիովին կը հակասեն Պաշշար Ասատի ղեկավարութեան տակ գտնուող դիրքորոշումին հայերու եւ Հայաստանի զօրակցութեան եւ աջակցելուն վերաբերեալ: Այս կը նշանակէ, որ Պաշար Ասատի տապալումէն ետք զգալի փոփոխութիւն կատարուած է Սուրիոյ մօտեցումներուն մէջ, թէ՛ Ատրպէյճանի եւ  թէ՛ ալ Հայաստանի նկատմամբ։ Այս զարգացումին կարեւոր եւ երկարաժամկէտ հետեւանքը կ՚ըլլայ Հարաւային Կովկասի մէջ Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ աւելի մեծ գործակցութեան։

Այս յօդուածէն կը պակսի Իսրայէլի գործօնը որ հաւանաբար Թուրքիայէն աւելի՛ սերտ ռազմավարական դաշնակիցն է Ատրպէյճանին: Այնպէս որ, Հարաւային Կովկասի մէջ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Սուրիոյ կողքին, պէտք է աւելցնել նաեւ Իսրայէլի գործօնը եւ այս չորսին ետին կանգնող՝ Միացեալ Նահանգները: Այս ռազմավարական դաշինքին դէմ կը յայտնուի մի՛այն Իրանը եւ Ռուսիան: Շատ յստակ է, որ Հայաստանը իր բնական ռազմավարական դաշնակիցներուն՝ Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ ամբողջական կերպով պէտք է դաշնակցի:

* Լուսաբանութիւնները յօդուածագրին կողմէ

  1. https://valdaiclub.com/a/highlights/what-changes-are-coming-after-the-fall-of-assad/?utm_source=newsletter&utm_campaign=471&utm_medium=email
Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button