ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԵՑԱՒ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵՈԱՄԲ

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան լրիւ կազմի ներկայութեամբ, Մարտ 2014-ին՝ Պոսթընի մէջ, տեղի ունեցաւ բացումը Հ.Օ.Մ.-ի վերանորոգուած Կեդրոնական գրասենեակին:
Ազգային բարերարներու սրտափուխ նուիրատուութիւններով, կարելի եղաւ իրականացնել Կեդրոնական գրասենեակի տախտակամածի ամբողջական վերաշինումը:
Այս առթիւ, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, իր բոլոր կազմով, շնորհակալութիւն կը յայտնէ բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Հրայր եւ Նանսի Պետիրեաններուն նիւթական բաձառիկ նախաձեռնութեան, Տիար Աբօ Սաղտըճեանին, վաստակաւոր Հ.Օ.Մ.-ուհի՝ Հայկուհի Գոհլէրի, Տիարք Խաչիկ եւ Ճորճ Թիթիզեաններուն, եւ Տիար Ռաֆֆի Սարգիսեանի առատաձեռն նուիրատուութիւններուն համար:
Ազգային բարերարներու եւ Հայ Օգնութեան Միութեան առաքելութեան հաւատացող մեր հայրենակիցներուն նուիրատուութիւններով է, որ դարէ մը աւելի Հ.Օ.Մ.-ը կը ծառայէ հայ ժողովուրդին՝ իրականացնելով համա-հայկական բոլոր ծրագիրները հայրենի եւ Սփիւռքի տարածքներէն ներս: