Հ.Օ.Մ.-Ի «“ՕՐ ՈՒ ՄԱՆԿԱՆ“ ԿԵԴՐՈՆԷՆ ՆԵՐՍ ԾՆՈՒՆԴ ԱՌԱՒ 10,000-ՐԴ ԵՐԵԽԱՆ
Հայ Օգնութեան Միութեան Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» Կեդրոն-Ծննդատունէն ներս, Մայիս 1, 2014-ին լոյս աշխարհ եկաւ 10,000րդ մանուկը: Կեդրոնէն ներս ծնունդ առած Մկրտչեան Արման Արտակի՝ Մկրտչեաններուն երրորդ զաւակը, մեծ պարծանք եւ ուրախութիւն էր Հ.Օ.Մ.-ի աշխարհասփիւռ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ Կեդրոնի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին համար: Այս առթիւ, Մկրտչեան ընտանիքը Կեդրոնին կողմէ նուէր ստացաւ լուացքի մեքենայ մը:
Հ.Օ.Մ.-ի “Մօր ու Մանկան“ Առողջութեան Կեդրոնը, հիմնուած 1997 թուականին, կը սպասարկէ Ախուրեանի եւ շրջակայ գիւղերու քառասուն հազար բնակիչներու: Օժտուած ժամանակակից ախտաճանաչման սարքերով, Կեդրոնը 2005 թուականէն կը գործէ նաեւ իբրեւ ծննդատուն: Բարձրորակ կնաբուժական եւ մանկաբուժական ծառայութեան կողքին, տարեկան մօտաւորապէս 1200 երեխայ ծնունդ կ՛առնէ Կեդրոնէն ներս:
Ժամանակակից սարքերու եւ ծառայութեան բարձր որակին համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան հրամանով, Ապրիլ 1, 2014-էն սկսեալ, Կեդրոնը ստացաւ բուժօգնութեան կազմակերպման Երկրորդ Մակարդակի կոչում:
Հայ Օգնութեան Միութեան միաւորներուն եւ անհատ բարերարներու ջանքերով, պատմականօրէն ծանր պայմաններու տակ հիմնուած ու գոյատեւած՝ “Մօր ու Մանկան“ Առողջութեան Կեդրոնը, այսօր կը հանդիսանայ Հայաստանի լաւագոյն նմանօրինակ կեդրոններէն մէկը: