Գլխաւոր

  ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ ՄԱՏՈՒՑԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

uruguay01 Կազմակերպութեամբ Ուրրուկուայի Օրէնսդիր Մարմնի եւ Հայ Դատի Յանձնա-խումբին, 13-րդ տարին ըլլալով Ծերակոյտի նախասրահին մէջ, կատարուեցաւ ոգե-կոչման ձեռնարկ, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով թէ պետական եւ թէ դիւանա-գիտական անձեր, որոնց կարգին.- Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան եւ Հարաւային Ամերիկայի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը, զբօսաշրջիկութեան նախարար Լիլիան Քէշիշեանը, մշակոյթի փոխ նախարար Փրոֆ. Օսգար Կոմէսը, ինչպէս նաեւ հոծ բազմութիւն մը: Առաջին խօսք առնողը եղաւ Ուրուկուայի խորհրդարանի նախագահ Անիպալ Փէռէյրան եւ կու-սակցութիւններու պատգամաւորներ, որոնք ներկայացուած են խորհրդարանէն ներս:

Բոլոր խօսք առնողներն ալ, նախ իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը եւ համա-գործակցութիւնը յայտնելէ ետք Հայ Դատին, պատմական ակնարկ մը նետեցին 1915-ի դէպքէրուն եւ անոնց պատճառած ահաւոր արդիւնքին, որուն իբրեւ զոհ մէկ ու կէս միլիոն անմեղ հայեր վայրագօրէն սպանդի ենթարկուեցան, թուրք պետու-թեան կողմէ: Կարծիք յայտնեցին նաեւ այդ օրերու հզօր պետութիւններու քաղաքա-կան շահերուն եւ ի վնաս հայութեան իրենց ունեցած դերի մասին: Բոլոր բանախօս-ներն ալ շեշտեցին որ, Միջազգային Ընտանիքը պատասխանատուութիւնը առնէ ստիպելու Թուրքիոյ կառավարութեան, որպէսզի ոչ միայն ճանչնայ իր գործադրած մարդկութեան դէմ եղած ոճիրը այլեւ անոր հետեւանքներու շուրջ քայլերու դիմէ, այդպիսով ճամբայ բանալով երկու երկիրներու միջեւ իրական խաղաղութեան:

Վերջաւորութեան, Ուրուկուայի Հայ Դատ Յանձնախումբի խօսքը փոխանցեց երի-տասարդ տոքթ. Տանիէլ Աւետեանը: Մշակութային նախարարութեան սրահին մէջ, Ապրիլ 24ի օրը, մեծ թիւով հրաւիր-ուած պետական եւ տեղացի հասարակական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ հայ գաղութի կարգ մը անդամներու դիմաց, մշակոյթի փոխնախարար փրոֆ. Օսգար Կոմեզ յայտարարեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի հիմնադրամ ստեղծելու մասին, որուն մասին արդէն նախապէս խորհրդակցած էր Ուրուկուայի հայ գաղութի միացեալ յանձնախումբին հետ այս վերջին չորս ամիսներուն ընթացքին, երբ միաս-նաբար կազմուեցաւ թանգարանին վերաբերեալ կանոնագրութիւն մը: Փրոֆ. Կոմեզ մանրամասնօրէն ներկայացնելէ ետք մինչեւ այսօր կատարուած աշխատանքը` ըսաւ, թէ թանգարանին վերաբերեալ գործունէութիւնը արդէն նոր փուլ կը մտնէ, եւ յոյս յայտնեց, որ մինչեւ 100ամեակի Ապրիլ 24 զետեղուի հիմնաքարը կառուցուելիք թանգարանին: Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկները հովանաւորեց, Ուրուկուահայ բոլոր կազմակերպութիւններու կողմէ հիմնուած 100-ամեակի Յանձնախումբը:uruguay02

Միւս կողմէ, Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Ուրուկուայի  երիտասարդական միաւորներ կազմակերպեցին արդէն աւանդութիւն դարձած, “Արդարութեան Համար“ ջահերով երթ:

Մայրաքաղաքի Անկախութեան հրապարակէն մինչեւ քաղաքապետարանի շրջա-փակը, աւելի քան չորս քմ. երթը անցաւ գլխաւոր պողոտայէն, ժամանակի մը հա-մար կասեցնելով երթեւեկութիւնը:

Մեծ ուշադրութեան առարկայ դարձան լայն պաստառներ եւ հայկական ու տեղա-կան դրօշներ պարզած հարիւրաւոր հայորդիներ, որոնց հետ այս տարի մասնակցե-ցան նաեւ հրեայ համայնքի եւ բնիկ հնդիկներու ժառանգորդներ, պետական ներկա-յացուցիչներ եւ առհասարակ ուրուկուայցի քաղաքացիներ:

Երիտասարդ մը կոչով ելոյթ ունեցաւ, շեշտելով որ մեր պայքարը պիտի շարու-նակուի մինչեւ վերջնական հատուցում եւ մեր պապենական հողերու վերադարձ, իրենց իրաւական տիրոջ` հայ ժողովուրդին:

Վերջաւորութեան, տպաւորիչ եւ յուզիչ էր, երբ Համազգայինի “Շիրազ“ եւ Հայ Կեդ-րոնի “Գայիանէ“ պարախումբերու տղաքն ու աղջիկները, հայկական Քոչարի պարի հնչիւններուն տակ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button