ՕՃԱԼԱՆԷՆ ՆԱՄԱԿ` ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 31 Second

AbdullahOcalan1 Ծ.Խ.- Բանտարկուած քիւրտ ղեկավար Ապտուլահ Օճալան (Փ.Ք.Ք.), Յունուար 31-ին, “Իմրալը“ի իր խուցէն նամակ մը յղած է հայ ժողովուրդին, պատգամաւոր Սըրը Սուրայա Օնտէրի միջոցաւ: Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք այս նամակը, որ ուղարկուած է Պոլսոյ “Ակօս“ թերթին.-

Միջագետքի եւ Անատոլուի հնագոյն ժողովուրդներուն միջեւ դարերէ ի վեր շարունակուող միջ-հասարակական յարաբերութիւնները վերջին երեք դարերու ընթացքին մեծ վերիվայրումի մը մէջն են:

Յատկապէս դրամապաշտ արդիականացման եւ անոր մեհեանը հանդիսացող ազգային պետութիւններու սրսկած թոյնի պատճառաւ այս հողերը համարեա՛ ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու գերեզմանատան վերածուեցան: Միատարր ազգ ստեղծելու ծրագիրները Եւրոպայէն Ափրիկէ, Ասիայէն Աւստրալիա եւ մինչեւ Ամերիկա մարդկային բոլոր արժանիքները գահընկեց ըրած, բազմահազար տարիներու մշակութային ժառանգը եւ արժէքները ոչնչացուցած է: Մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան առաջին հասակ առած վայրերէն համարուող մեր հայրենի երկիրն ալ այս աղէտէն իր բաժինը աւելիովը ստացած է: Մեր ժողովուրդներու միջեւ դաշոյնի մը նման մխրճուած ցեղապաշտ ազգային հոսանքները այս փորձանքի գաղափարական հիմքը կազմած են:

Տասնեակներով լեզու եւ մշակոյթ այս հրդեհին մէջ մոխիրի վերածուած, նոյնիսկ հնագիտական նմոյշ ըլլալով անգամ մեր օրերուն չեն կրցած հասնիլ: Բազում ժողովուրդներ ցեղասպանո թեան նման մարդկային յանցագործութիւններով փճացած, բազմաթիւ հաւատքներ եւ մշակոյթներ ճնշումներու բերմամբ անհետացած են: Վերջին դարերուն արձանագրուած աղէտները մարդկութեան ենթարկուած ամենամեծ փորձանքներն են: Թէեւ պատմութեան ընթացքին պատերազմներ եւ բախումներ միշտ ապրուած են, բայց այսօրուան նման մարդկութիւնը եւ բնութիւնը ոչնչացնելու մի տող եւ մեծաւ մասամբ ալ յաջողած հակում մը չէր եղած:

Ահա հայ ժողովուրդին ուղղուած եւ նախորդ դարասկիզբին գործադրուած ցեղասպանութեան ծրագիրն ալ այս նողկալի ռազմավարութեան ամենադաժան օրինակներէն է: Հայ ժողովուրդին մատնուած իրավիճակը ցեղասպանութեան յստակ իրողութիւն մըն է: Ի դէմ ցեղասպանութեան, հայ ժողովուրդին իր ողբերգութեան հետ միասին գոյութիւնը մինչեւ օրս պահելն ալ հրաշք մըն է: Այս հրաշքը անկասկած տանջուած հայ ժողովուրդի մեծ ջանքերուն ու պայքարին շնորհիւ իրականացած է:

Այսօր համայն աշխարհ պարտի հայ ժողովուրդի ենթարկուած պատմական իրողութեան հետ առերեսուիլ եւ հայ ժողովուրդի սուգը բաժնել, վիշտը կիսել: Թուրքիոյ Հանրապետութեան ալ խնդրին այս հասունութեամբ մերձեցումը եւ դառն պատմութեան հետ առերեսուիլը անխուսափելի է: Հայ ժողովուրդին ալ համեստաբար կրնամ առաջարկել, որ առանց ցեղապաշտ-ազգային թակարդներու մէջ իյնալու շարունակէ իր պայքարը, հեռու մնալով մեր ժողովուրդները դեռ դարեր շարունակ իրարու թշնամացնել նպատակող միջազգային դրամատէր ուժերու եւ լոպիներու չարամ տութենէն:

Այսօր իրար հետ գիրկընդխառնուած են քիւրտ ժողովուրդի ազատութեան պայքարը եւ հայ ժողովուրդի վիշտերուն բուժումն ու հաւասար իրաւունքներու տէր քաղաքացիներ ըլլալով այս հողերու վրայ գոյատեւելու պայքարը: Ժողովրդավարութեամբ պսակադրուած հանրապետութիւն մը թէ՛ պիտի յաջողի անցեալի հետ հաշտուելու եւ թէ բոլոր տարբեր ինքնութիւններուն ազատապէս ապրած հանրապետութիւն մը դառնալու: Այս շրջանակէն դիտելով կրնանք ըսել, որ մենք ո՛չ միայն քիւրտ ժողովուրդին, այլ այս երկրի բոլոր ժողովուրդներուն եւ հաւատքներուն ազատութեան համար կը պայ քարինք:

Այս պատճառաւ է որ հակաժողովրդավարական ուժերը ամէն առթիւ մեր առջեւ արգելքներ հանեցին քրտական հարցը անլուծելի դարձնելու համար:

Ամէն անգամ որ խաղաղասէր միջոցներու դիմեցինք, մեծ գրգռու թիւններով ընթացքը խափանեցին: Այս միջավայրը կը յենի երկու հիմնական ուժի վրայ` դրամ եւ ազգայնականութիւն: Իսկ որպէս միջոց կ՛օգտագործեն մեծ դրամատէրերու լոպիները եւ համայնքանման կառոյցները: Իրենց համար գետին կը ստեղծեն պնդելով թէ ժողովուրդներու միջեւ դեռ անկատար հաշիւներ կան: Մինչդեռ այս երկրի բնակիչ բոլոր հնադարեան ժողովուրդները այս հողերուն տէրն են եւ իրենց միջեւ ան բաժանելի ոչ մի բան կայ: Քիւրտ, թուրք, արաբ, պարսիկ կամ հայ, բոլոր ժողովուրդները ստիպուած են իրենց միջեւ իրաւական հաւասարութեան մը յենող եղբայրական գիտակցութիւն մը ստեղծել: Ժողովուրդներու միջեւ ստեղծուած թշնամութիւնը անկարելի է մեր մշակոյթին յատկութիւնը համարել: Ստիպուած ենք այդ ախտին մեր յաջորդ սերունդներուն փոխանցումը կանխել:

Այս ալ հազիւ իրաւ արդարութեան մը վրայ կառուցուած պատմական խաղաղութիւնով մը կարելի կ՛ըլլայ: 2013-ի Նեվրուզին մեր կողմէ սկսած գործընթացն ալ հազիւ այս հասկացողութիւնով կայուն եւ իմաստալից կը դառնայ: Ժողովուրդներու իսկական բարեկամը եւ հայ ժողովուրդի քաջարի որդին Հրանդ Տինք ալ ահա այս կեղտոտ մտայնութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ, վերեւ նշուած նպատակին համար սպանուած է: Այս նպատակաւ սպաննուած վերջին հայն ալ Ան է:

Դժուար պայմաններու տակ շարունակել կ»աշխատիմ խաղաղութեան պայմանները որոնել: Այս ջանքը ոչ մէկ ժ ղովուրդի ի վնաս կրնայ ըլլալ: Իմ այս խօսքիս երաշխիքը մեր աւելի քան երեսուն տարուայ պայքարին ամէն պահուն դրոշմուած է արդէն:

Մենք երբ այստեղ բոլոր ժողովուրդներու ի նպաստ ջանք կը թափենք, մեզ ձախողեցնելու համար աշխատող բոլոր խորունկ, բացայայտ, զուգահեռ կառոյցներու, լոպիներու եւ համայնքանման կազմակերպութիւններու դէմ զգուշութեան, յստակ դիտարկումով մը խնդիրը քննարկելու կը հրաւիրեմ ձեզ: Մեր քաղաքական բարոյական կեցուածքը մինչեւ այսօր օգտակար եղաւ, որ առանց շեղելու յառաջանանք մեր ճամբէն: Ոչ ոք կասկածի թէ յետ այսու ալ նոյն հեռատեսութեամբ պիտի պայքարիմ բոլոր ժողովուրդներուն համար:

Այս հիման վրայ անգամ մը եւս յարգանքով կը յիշեմ սիրելի Հրանդ Տինքը եւ գլխաւորութեամբ հայ ժողովուրդի, մեր բոլոր ժողովուրդներուն ողջուններս կը փոխանցեմ:

ԱՊՏՈՒԼԱՀ ՕՃԱԼԱՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles