Լրահոս

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ.- ՆԻՒԹ` ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՃԱՄԲՈՎ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄ

p2-3 hk5

Թղթակից

Լուսանկարներ` Հէրի Գունտաքճեան

Դեկտեմբեր 9, 2012-ին, Նիւ Եորքի բժշկական ակադեմիայի “Հոսէք Հոլ“ի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ կլոր սեղան – վիճաբանական երեկոյ մը, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական Կոմիտէին: Նիւթն էր “Հետապնդելով արդարութիւնը` Արուեստի ճամբով“:

Նաեւ,այս ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Նիւ Եորքի շրջանէն զանազան միութիւններու, որոնց կարգին Հայ Ուսանողներու Միութիւնը,  Հ.Բ.Ը.Մ.-ի երիտասարդականը, Հ.Ե.Դ.-ի “Հայորդիք“ մասնաճիւղն ու Հայկական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը (NAASR):

Մօտաւորապէս երկու հարիւր ներկաներ ժամանած էին սրահ: Օրուան խօսնակներն էին ամերիկահայ գրագէտ Քրիս Պոհճալեան, ամերիկահայ բեմադրիչ Էրիք Նազարեան, գանատահայ բեմադրիչ Աթոմ Էկոյեան եւ իր կողակիցը` դերասան Արսինէ Խանճեան: Իսկ օրուան հանդիսավարն էր “Արմինիըն Ուիքլի“ի խմբագիր` Խաչիկ Մուրատեան: Խօսք առաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Չալեան, որ քանի մը տողով բացատրեց թէ արուեստն ու մշակոյթը, անուղղակիօրէն որքա՜ն դեր կրնան ունենալ քաղաքականութեան մէջ:

p2-3 hk1 Էրիք Նազարեան զեկուցեց Պոլսոյ մէջ ունեցած իր փորձառութեան մասին: Արդարեւ, ան աւելի քան տարի մը առաջ հրաւիրուած էր Պոլիս, քառորդ ժամ տեւողութիւն ունեցող ժապաւէն մը պատրաստելու համար: Հինգ այլ բեմադրիչներու հետ, ան կարճ պատմութիւններէ պատրաստուած “Մի Մոռնար Զիս Իսթանպուլ“ գործին մէջ, բեմադրած էր “Պոլիս“ խորագիրով կարճ ժապաւէն մը` գլխաւոր դերակատար ունենալով ֆրանսահայ յայտնի դերասան Ժաքի Ներսէսեանը: Այս գործին կեդրոնական կերպարը կը խօսի Ցեղասպանութեան ընթացքին իր այնթապցի եւ արաբկիրցի ընտանիքի պատմութեան մասին:

Ան յայտնեց թէ իբրեւ բեմադրիչ, կարեւոր է “Պոլիս“ ֆիլմը վերածել թուրքի մը եւ հայու մը մարդկային պատմութեան` յայտնաբերելով զգացական կապ մը պատմութիւն պատմելու արարքին ընթացքին, եւ անկեղծօրէն ու բացայայտօրէն դէմ յանդիման գտնուելով մեր անցեալին հետ եւ շեշտեց թէ հայորդին իր հետ կը տանի նախնիներու ոգին` ո՛ւր ալ երթայ, յատկապէս Պոլիս` ուր սկսաւ Ցեղասպանութիւնը` տեղւոյն հայ ընտրանիին դէմ:  Ան նաեւ բազմաթիւ պատմութիւններ լսած է այն մարդոցմէ, որոնց հետ հանդիպումներ ունեցած է Պոլսոյ մէջ: Ան հանդիպած է Սերժ Թանքեանի “Սիսթըմ աֆ է Տաուն“ խումբի մոլեռանդ սիրահարներու, ինչ որ զարմանք եւ միեւնոյն ժամանակ հաճոյք պատճառած է: “Արուեստը առաջնահերթ դեր ունի Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մէջ: Յոյսով եմ որ պատրաստած գործերս, իբրեւ տաղերգութիւն պիտի հանդիսանայ հայ եւ թուրք մարդոց համար, որոնք հասարակաց կապ մը կը գտնեն իրարու հետ հասարակ սուրճի մը կամ զրոյցի մը ընթացքին…“, եզրակացուց ան:

Նազարեանի համար այս գծով տպաւորութիւնները շատ բարդ եւ հակասական են: Ան ըսաւ թէ Ցեղասպանութեան չար ոգին շարունակ կը հետապնդէր:

p2-3 hk3 Քրիս Պոհճալեան որուն լոյս ընծայած “Աւազէ ամրոցի աղջիկները“ գործը, վերջերս մեծ ընդունելութիւն գտաւ թէ՛ հայ եւ թէ՛ օտար ընթերցասէրներու մօտ, յայտնեց թէ տարիներէ ի վեր փափաքած  է, որ իր ամբողջ գիտակցական կեանքի ընթացքին Ցեղասպանութեան մասին վէպ գրել: Ան իր անդրանիկ փորձը կատարած է 1990-ականներուն, սակայն` ապարդիւն դուրս եկած է:

Ան շեշտեց թէ արդարութեան ճանաչման համար մրոտած է այս էջերը եւ թէ անձամբ իրեն վէպը օգնած է հասկնալ սեփական հոգիի աշխարհագրութիւնը: Պոհճալեան նշեց թէ թէեւ Ցեղասպանութեան զոհ դարձան Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող 1,5 միլիոն հայեր, շատերուն համար ատիկա կը մնայ “կոտորած, որուն մասին ոչինչ գիտեն“: Պոհճալեանի եզրակացուց թէ մենք` հայերս, կարօտ ունինք մեր պատմութիւնը ներկայացնող վէպերու, որոնք կրնան կրկնել մոռցուած պատմութիւն մը: Նշենք թէ Պոհճալեանի “Աւազէ ամրոցի աղջիկները“ վէպը սիրոյ պատմութեան մը վրայ կը հիւսուի` Հալէպէն Նիւ Եորք երկարող դէպքերով ու իրադարձութիւններով, սկիզբ առնելով 1915-ին եւ հասնելով մինչեւ մեր օրերը:

p2-3 hk2 Գանատահայ բեմադրիչ Աթոմ Էկոյեանի համար հետաքրքրական են “Արարատ“ի պատրաստութեան առաջին քայլերը: Արդարեւ, իբրեւ ուսանող ան եօթանասունականներուն Թուրքիոյ բանտերուն ահաւոր վիճակը նկարագրող “Միտնայթ էքսփրէս“ ժապաւէնին մասին քննադատական յօդուած մը գրելու պարտականութիւնը ունէր: Շարժապատկերի սրահին դիմաց թուրք ուսանողներ ժապաւէնին մէջ ներկայացուող պատկերները դատապարտող թռուցիկներ կը բաժնէին: Այդ մէկ իրադարձութիւնը պատճառ դարձաւ որ ան սկսի քաղաքականապէս դերակատարութիւն ունենալ եւ հետեւաբար գրեց “Արարատ“ին նիւթը: Անոր համար անընդունելի բան էր պատահածը: Ան զայրացած էր եւ կ՛ատէր ուրացող թուրքերը: Չէր գիտեր, որ կայ թուրքերու սերունդ մը, որ ոչինչ գիտէ այդ հարցին մասին: “Եթէ երկխօսութիւն տեղի պիտի ունենայ, մենք պէտք է հասկնանք այն իրականութիւնը, թէ մենք ճանաչում կը պահանջենք ժողովուրդէ մը, որ այդ գծով ոչ մէկ նախապատրաստութիւն ունեցած է իր պետութենէն: Չենք կրնար ակնկալել, որ յանկարծ ընդունին ցեղասպանական արարքներ գործած ըլլալը: Արդեօ՞ք կարելի է երկար ժամանակ առաջ տեղի ունեցած եւ ցարդ ծրագրուած ձեւով ուրացուող մարդկային իրաւանց այդ խափանարարութիւնը արդարութեան հրաւիրել: Այդ է կարեւորագոյն հարցումը, նկատի առած, որ այս բաները ժամանակի ընթացքին չեն կորսուիր““ շեշտեց Էկոյեան:

p2-3 hk4  Արսինէ Խանճեանի համար յստակ է թէ այսօր հայերը 1915 թուականին տեղի ունեցածին մասին աշխարհին բացատրութիւն տալու կարիք չունին, մանաւանդ որ աշխարհը արդէն գիտէ:

“Փաստն այն է, որ մարդիկ բռնի կերպով դուրս դրուած են իրենց պատմական հողերէն, կոտորուած են, եւ հիմա կը ժխտուի այդ բոլորը: Թուրքիոյ համար նոր հեղինակութիւն կը ստեղծէ, քանի որ աշխարհը քա՛ջ կը գիտակցի, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է 1915 թուականին: Թրքական ժխտողական քաղաքականութիւնն ու անոր միլիոնաւոր բնակիչներու ժխտումը այլեւս կարեւոր չեն եւ արժէք չունին“:

Ան նաեւ աւելցուց թէ Թուրքիան Ցեղասպանութեան հարցը օրակարգի վրայ չի դներ, քանի որ ժողովրդավարութեան բնագաւառին մէջ բազմաթիւ խնդիրներ ունի: Եթէ ան լուծէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, ապա ստիպուած պիտի ըլլայ լուծելու Թուրքիոյ մէջ առկայ մեծ թիւով հարցեր: Խանճեանի համար Թուրքիան այս բոլորը կը ժխտէ նաեւ իր ժողովուրդին առջեւ` իր ունեցած պատասխանատուութենէն ամբողջովին խուսափելով: “Թուրքիան չի գտնուիր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու շարքին, որովհետեւ այստեղ ազգայնականութիւն կը տիրէ, ինչ որ կը վնասէ երկիրի միասնութեան: Ցեղասպանութեան ճանաչումը դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ նաեւ Թուրքիոյ տնտեսական աճին ու զարգացման“, շեշտեց ան: Արուեստ – քաղաքականութիւն յարաբերութեան մասին խօսելով` ան նշեց թէ Արեւմտեան Աշխարհի պետութիւնները նիւթապէս կ՛աջակցին արուեստին: “Այս մէկը բնական է, որովհետեւ ամէն երկրի քաղաքագէտները կը հասկնան արուեստի փոխկապակցութիւնը մշակոյթին եւ տնտեսութեան հետ“, աւելցուց ան:

Վերջապէս, վերադառնալով իր ընդգրկած ասպարէզին ոլորտը, ան նշեց թէ Ցեղասպանութիւնը շարժանկարի արուեստի ճամբով աշխարհին ծանօթացնելու եւ այս ուժեղ զէնքը ի նպաստ Հայ Դատին գործածելու ուղին կը մնան խիստ կարեւոր եւ առաջնահերթ:

Ձեռնարկի աւարտին, տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց:

 

 

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button