Լրահոս

ՓՐՈ­ՎԻ­ՏԷՆ­ՍԻ ՄՈՒ­ՐԱՏ ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ՎԱՐ­ԺԱ­ՐԱ­ՆԻ ԱՄԱ­ՎԵՐ­ՋԻ ՀԱՆ­ԴԷՍ ՆՈՒԻՐ­ՈՒԱԾ` “ՀԱՅ ԳՐԻ­ՔԻ ՏՊԱԳ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ 500֊ԱՄ­ԵԱ­ԿԻՆ“

 Փրո­վի­տէն­սի Մու­րատ Ազ­գա­յին Վար­ժա­րա­նի ամա­վեր­ջի հան­դէ­սը նուիր­ուած` հայ գրքի տպագ­րու­թեան 500-ամ­եա­կին, տե­ղի ու­նե­ցաւ Կի­րա­կի, Յու­նիս 10, 2012 Գրէնս­թը­նի Հօբ Հայ­լէնտ  դպրո­ցի սրա­հին մէջ: Տէր Հօր բաց­ման աղօթ­քէն ետք  երգ­ուե­ցան “Մեր Հայ­րե­նիք“  եւ “Թող Միշտ Պան­ծայ Մեր Հայ Դպրոց“ քայ­լերգ­նե­րը աշա­կեր­տու­թեան կող­մէ: Խնա­մա­կալ Մարմ­նի ատե­նա­պետ` Պր. Յա­կոբ Խա­չա­տուր­եան  յայտ­նեց իր շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քե­րը տնօ­րէ­նու­հի`  Տիկ. Անա­հիտ Քի­պար­եա­նին, ու­սուց­չա­կազ­մին եւ ծնող­նե­րուն,  որոնց գոր­ծակ­ցու­թեան շնոր­հիւ յա­ջող տա­րի մը եւս բո­լո­րե­ցինք: Ան յայտ­նեց որ 2012 տա­րին հռչակ­ուած է “Հայ Գրքի“ տա­րի Արամ Ա.Կա­թո­ղի­կո­սի կող­մէ, որուն պատ­գա­մէն մէջ­բե­րե­լով մատ­նան­շեց  թէ  ինչ­պէս Ոս­կե­դա­րէն մին­չեւ մեր ժա­մա­նակ­նե­րը, հայ գիր­քը եղաւ ամե­նօր­եայ աղ­բիւր լոյ­սի, յոյ­սի, հա­ւատ­քի եւ իմաս­տու­թեան, ու­ղե­ցոյց ու ճա­նա­պարհ քրիս­տո­սա­կեդ­րոն եւ հա­յա­հոծ կեան­քի:

Ման­կա­պար­տէ­զի մա­նուկ­նե­րը եր­գե­ցին Ծա­փիկ, ծա­փիկ եւ Արեւ, արեւ եր­գե­րը, որ­մէ ետք մի­ջին կար­գի աշա­կերտ­նե­րը ար­տա­սա­նե­ցին Ժագ Ս. Յա­կոբ­եա­նի “Հա­յե­րէն Գիրք“ քերթ­ուա­ծը: Անգլ­ի­ա­խօս դա­սա­րա­նի աշա­կերտ­ներն ու փոք­րե­րը մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ եր­գե­ցին “Կը Հնչէ Զան­գը“ եւ “Հա­յաս­տա­նը Պէտք է Ծաղ­կի“ եր­գե­րը, դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ` եր­գի դա­սա­տու եւ շնոր­հա­լի դաշ­նա­կա­հա­րու­հի` Տիկ. Այ­տա Գա­լիք­եա­նի: Աւար­տա­կան դա­սա­րա­նի աշա­կերտ­ներն ու օգ­նա­կան շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն  մի քա­նին, առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով  բեմ բարձ­րա­ցան որ­պէս դե­րա­սան­ներ ու ներ­կա­յա­ցու­ցին “Կի­րա­կոս Աղա­յին Ճա­շա­րա­նը“ ծի­ծա­ղա­շարժ զա­ւեշ­տը, բե­մադ­րու­թեամբ` թատ­րո­նի ու­սու­ցիչ` Պրն. Հա­մա­զասպ Ռշտունի­ին, ար­ժա­նա­նա­լով բուռն ծա­փա­հա­րու­թեան:

Տնօ­րէ­նու­հի` Տիկ. Անա­հիտ Քի­պար­եան խօսք առ­նե­լով շեշ­տեց հայ գրքի կա­րե­ւոր դե­րը հայ դպրո­ցին, հայ ըն­տա­նի­քին, ու հայ մա­նու­կին հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան մէջ: Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց  այն ծնող­նե­րուն, Հ.Օ.Մ.ի  ու եկե­ղեց­ւոյ քոյր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, որոնք յատ­կա­պէս օգ­տա­կար կ՛ըլ­լան մեր դպրո­ցին իրենց ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րով: Մեծ ու­րա­խու­թեամբ ան յայտ­նեց թէ յայ­տագ­րի երկ­րորդ բաժ­նով, ներ­կա­նե­րուն պի­տի հրամց­ուի սքան­չե­լի պա­րեր ու եր­գեր բո­լո­րո­վին նոր, շատ ճոխ ու գու­նա­զարդ տա­րազ­նե­րով, նուիր­ուած եւ կար­ուած պատ­ուա­կան ծնող­քի մը կող­մէ, յան­ձին` Տոքթ. Ազ­նիւ Չա­լըգ­եա­նին եւ իր ազն­ուա­փայլ մօր` Տիկ. Ազատ Օզ­ցո­լա­քի: Անոնց սի­րա­յօ­ժար նիւ­թա­կան օժան­դա­կու­թիւնը եւ ամիս­նե­րու տքնա­ջան  աշ­խա­տան­քը  յայտ­նա­պէս ար­դիւ­նա­բեր դար­ձան երբ բծախնդ­րօ­րէն ձեւ­ուած, կար­ուած ու զար­դար­ուած  հայ­կա­կան ճա­շա­կա­ւոր տա­րազ­նե­րով բեմ բարձ­րա­ցան ժպտուն    աչ­քե­րով, հպարտ կեց­ուած­քով,  խան­դա­վառ մօտ 35 աշա­կերտ­ներ:  Մեր նախ­կին շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն` Պրն. Ռաֆ­ֆի Ռշտունի­ին տա­ղան­դը, որ­պէս պա­րու­սոյց, ի յայտ եկաւ իր սոր­վե­ցու­ցած գե­ղե­ցիկ պա­րե­րով, յատ­կա­պէս “Նին­նօ Պար“ եւ “Քէ­լէքՎ­րէն“, որոնք ար­ժա­նա­ցան բուռն ծա­փա­հա­րու­թեան:

Հան­դէ­սին իւ­րա­յա­տուկ փայլ աւել­ցուց աւար­տա­կան դա­սա­րա­նի աշա­կեր­տու­հի` Անոյշ Չա­լըգ­եա­նը որ այն­քան հա­րա­զա­տօ­րէն մեկ­նա­բա­նեց Կո­մի­տա­սի “Քե­լեր, Ցո­լեր“ եր­գը իր դիւ­թիչ, թաւ­շա­յին անոյշ ձայ­նով:

Ներ­կա­նե­րուն խան­դա­վա­ռու­թիւնը իր գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սաւ  երբ  բո­լոր աշա­կեր­տու­թիւնը բե­մին վրայ շար­ուած գե­ղե­ցիկ տա­րազ­նե­րով, մեծ եռան­դով կա­տա­րե­ցին  նախ “Հայ ենք Մենք“ երգն ու պա­րը, մե­նա­կա­տա­րու­թեամբ նախ­կին շրջա­նա­ւարտ` Շանթ Եկ­եա­նին  ու ապա “Մենք ու Մեր Սա­րե­րը“  եր­գա­խառն պա­րը, առաջ­նոր­դու­թեամբ եր­գի դա­սա­տու` Տիկ. Այ­տա Գա­լիք­եա­նին, որուն երաժշ­տա­կան  եւ ու­սուց­չա­կան կա­րո­ղու­թեան շնոր­հիւ այս­պի­սի բարձր որա­կի հան­դէս­ներ կը ներ­կա­յաց­ուի մեր դպրո­ցին կող­մէ:

Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան կող­մէ, Ընկ. Ճօյս Երեմ­եան կա­տա­րեց շա­րադ­րա­կան մրցու­մի  մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւնը:  Մեր վար­ժա­րա­նի աշա­կերտ­նե­րէն մրցա­նակ­ներ շա­հե­ցան Ճորճ Տօ­նոյ­եան, Տա­թե­ւիկ Խա­չատր­եան: Տնօ­րէ­նու­հին ներ­կա­յա­ցուց շրջա­նա­ւարտ օգ­նա­կան­նե­րը`  Մկրտիչ Արս­լան­եա­նը, Սե­ւան Զօպ­եա­նը Յա­րութ Թաշ­եա­նը, Նա­րէ եւ Նա­րեկ Մկրտիչ­եան­նե­րը,  որոնք կա­մա­ւոր կեր­պով բո­լոր տա­րին օգ­տա­կար դար­ձան դպրո­ցին,  ու­սուց­չու­հի­նե­րու կող­քին աշ­խա­տե­լով: Շրջա­նա­ւարտ  օգ­նա­կան ու­սուց­չու­հի Նա­րէ Մկրտիչ­եան ար­ժա­նա­ցաւ Տոքթ. եւ Տիկ. Արա Սա­տան­եան­ցի հաս­տա­տած Մա­կի Նալ­պանտ­եան Կրթան­պաս­տի Հիմ­նադ­րա­մի նուէ­րին, որ կը յատ­կաց­ուի հա­մալ­սա­րան յա­ճա­խող Մու­րատ Ազ­գա­յին Վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տի մը:

Յայ­տագ­րի աւար­տին, եկե­ղեց­ւոյս հո­վիւ` Արժ. Տ. Ա.Քհնյ. Կո­մի­տաս Պաղ­սար­

 

եան իր խօս­քով շնոր­հա­ւո­րեց  շրջա­նա­ւարտ­նե­րը, որոնք հան­դէ­սէն առաջ մաս­նակ­ցեց­եան Սուրբ Պա­տա­րա­գին, ար­տա­սա­նե­լով “Հա­ւա­տամք“ը, կար­դա­լով օր­ուայ աւե­տա­րա­նի ըն­թեր­ցու­մը, փո­խան­ցե­լով ող­ջոյ­նը որ­պէս կրտսեր հո­գա­բար­ձու­ներ,  յոյս ներշն­չե­լով բո­լո­րիս որ անոնք ապա­գա­յին  պի­տի մաս­նակ­ցին մեր գա­ղու­թի կեան­քին, մօտ մնա­լով հայ դպրո­ցին եւ եկե­ղեցի­ին: Հե­տեւ­եալ աշա­կերտ­նե­րը ստա­ցան իրենց վկա­յա­կան­նե­րը Ճի­օ­վա­նի Ագչ­եան, Կա­րէն Զօպ­եան, Փօլ Մի­նաս­եան, Ալի­սա Պէյ­լի, իսկ Ար­ման Գա­լիք­եան, Յա­կոբ Թա­րաքս­եան, Անոյշ Չա­լըգ­եան եւ Ճորճ Տօ­նոյ­եան  աւար­տե­ցին պա­տուոյ յի­շա­տա­կու­թեամբ:

Տնօ­րէ­նու­թեան, ու­սուց­չա­կազ­մի եւ Չա­լըգ­եան ըն­տա­նի­քի նման նուիր­եալ ծնող­նե­րու ջան­քե­րուն, նուի­րու­մին, տքնա­ջան աշ­խա­տան­քին ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շնոր­հիւ այս ան­նա­խըն­թաց հան­դէ­սը դար­ձաւ յի­շա­տա­կե­լի օր մը դպրո­ցի պատ­մու­թեան մէջ:

 

ԹՂԹԱԿԻՑ

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button