ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՈՂՋՈՒՆԵՑ «ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ» ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԴԱՏԻՆ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Շարունակելով իր հանդիպումները՝ պետական, համայնքային ու կրօնական ներկայացուցիչներու հետ, Ուրբաթ, Մայիս 8-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը «Պաշտպանութիւն Քրիստոնէութեան» ամերիկեան համախմբումի նախագահ Թուֆիք Պաաքլինիի եւ աւագ խորհրդական...