Հ.Յ.Դ.-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ` “ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ“ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ

0 0
Read Time:4 Minute, 28 Second

ԵՐԵՒԱՆ (“Երկիր“, “Թերթ“).- Բազմամարդ հանրահաւաքով մը, Ապրիլ 10-ին, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ազդանշանը տուաւ, յառաջիկայ Մայիս 6-ին կայանալիք Խորհրդարանի ընտրութիւններուն:

Օր մը առաջ, կատարուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ներկայացուած էր Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն  Հ.Յ.Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրը (Տեսնել էջ` 2-3):

Հանրահաւաքը տեղի ունեցաւԱզատութիւնհրապարակին վրայ, ուր կը գտնուէին Հ.Յ.Դ.ի հանրահաւաքի մասնակիցները: Ըստ քայլարշաւի մասնակիցներուն, չափազանց կարեւոր է, որ այսօրուան երիտասարդութիւնը կը գիտակցի պահի լրջութեան եւ դուրս կու գայ փողոց` յանուն երկրին մէջ արդար ընտրութիւններու ճամբով իշխանութեան ձեւաւորման: Նաեւ մասնակիցները նշեցին, որ դուրս եկած են պայքարի` յանուն արդար եւ ազատ ընտրութեան, որմէ կախեալ է Հայաստանի վաղուան օրը:

Հ.Յ.Դ. ուսանողական եւ երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչները, ազատամարտիկները եւՔուէն ուժ էշարժման գործիչներն ու կուսակցութեան համակիրները քայլարշաւով հասան Մատենադարան, միացան այնտեղ հաւաքուածներուն եւ քալեցին դէպի Ազատութեան հրապարակ:

Երթին միացած ազատամարտիկներն ալ նշեցին, որ Արցախը ազատագրելէն ետք իրենց կռիւը չէ աւարտած, այժմ ալ պէտք է պայքարիլ երկրին մէջ` բազմաթիւ անարդարութիւններու դէմ: Իսկ պայքարի յաջողութեան գրաւականը արդար ընտրութիւններու կայացումն է, քաղաքացիին կողմէ իր քուէի ուժի գիտակցումը եւ անոր տէր կանգնելու պատրաստակամութիւնը:

Հանրահաւաքին ընթացքին խօսք առաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան.- Բացարձակապէս ոչ չարախօսելով, այլ դժգոհութեամբ, ափսոսանքով եւ մեծ անհանգստութեամբ ենք արձանագրում, որ մարդիկ, աշխատանքի, ապրելու նուազագոյն պայմանների փնտռտուքով, յանուն իրենց ընտանիքների, լքում են նոյն այդ ընտանիքները, թողնում են իրենց հայրենիքը: Դատարկւում են համայնքները, գիւղերը, սահմանամերձ շրջանները: Երիտասարդներ, որոնք մեծ յոյսերով դպրոց են գնացել, համալսարան են յաճախել, զինուորական ծառայութիւն են անցել, յետոյ յայտնւում են անօգնական վիճակում` չեն կարողանում կեանքի ասպարէզ մտնել, չեն կարողանում սեփական ոտքերի վրայ կանգնել եւ թողնում են ու հեռանում իրենց երկրից, անպաշտպան թողնում սահմանները, վտանգում հայրենիքը:Սրտի կսկիծով, պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ ու ընդվզումով ենք արձանագրում նաեւ, որ մեր երկրում ոչ միայն չի պակասում, այլեւ աճում է աղքատութիւնը: Այնինչ` մենք այլեւս պէտք չէ ունենայինք աղքատութիւն երեւոյթն ընդհանրապէս: Ո՞վ պէտք է զբաղուի մեր քաղաքացիների համար աշխատանք ապահովելու հարցով, ո՞վ պէտք է աշխատող մարդու համար բարօր կեանքի պայմաններ ապահովի, ո՞վ պէտք է վերացնի զանգուածային արտագաղթի պատճառները, ո՞վ պէտք է ծրագրի եւ աշխատանք տանի, որպէսզի մեր երկրում չունենանք աղքատութիւն: Թւում է, թէ պատասխանը միանշանակ է` մարդկային հասարակութիւնը հաւաքական իր կեանքը կազմակերպելու, ուղղութիւն տալու, ներքին համերաշխութիւն ստեղծելու, զարգացման պայմաններ ստեղծելու համար կերտել է պետականութիւնը, սակայն պետականութեան ուժ ու բովանդակութիւն են տալիս պետական ղեկը ստանձնած իշխանութիւնները, իրենց գաղափարականութեամբ, յստակ արժէքային համակարգով ու ձեռներէցութեամբ: Մենք մինչ այժմ այդպիսի իշխանութիւններ չենք ունեցել“:

Հրանդ Մարգարեան շարունակեց իր խօսքը, շեշտելով.- “Հրապարակի վրա առկայ ուժերը, մասնակի բացառութիւններով, այս տնտեսական քաղաքականութեան հեղինակներն են, այս արժէքային համակարգի կրողները, նրանք իշխանութեան գալու դէպքում կարող են մի քիչ լաւ կամ վատ աշխատել, բայց մեր կեանքում, ժողովրդի կեանքի պայմաններում բան չի փոխուելու:Եւ ուրեմն այս անելանելիութեան մէջ ո՞րն է ելքը: Հին առասպելներում անելանելի վիճակում յայտնուած մարդիկ գնում էին իմաստունի մօտ: Մեր նոր առասպելում եւս եկել է իմաստունի մօտ գնալու ժամանակը: Նոր առասպելի իմաստունը հենց Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն է, սիրելի՛ ժողովուրդ: Մեզ իմաստնացրել է մեր երկար կենսագրութիւնն ու փորձը, մեր անսասան նպատակասլացութիւնն ու սկզբունքայնութիւնը, մեր հանդուրժելու ու չհանդուրժելու կարողութիւնը, մեր յարատեւ պայքարը` վերջապէս:Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն է, որ կարող է փոխել մեր կեանքը, մենք ենք, որ վերջ ենք դնելու այսօրուայ ապիկար տնտեսական քաղաքականութեանը: Դաշնակցութիւնն է, որ կարող է բեկանել մեր կեանքում առկայ անարդարութիւնները: Դաշնակցութիւնն է, որ կարող է տէր կանգնել անգործներին, վերջ դնել աղքատութեանը` մեր երիտասարդներին ամուր կապելով այս երկրի եւ այս երկրի ճակատագրի հետ, նրանց համար ապահովելով բարօրութիւն եւ զարգացում: Դաշնակցութիւնն է, որ կարող է մեր հասարակութեան մէջ ապահովել համերաշխութիւն: Դաշնակցութիւնն է այդ ուժը, որովհետեւ հաւատում է այլ արժէքային համակարգի, ուր տիրական է արդարութիւնն ու ազատութիւնը, իսկ ազգային արժանապատուութեան հիմքում ընկած է հայ մարդու անհատական արժանապատվութիւնը: Դաշնակցութիւնն է այդ կազմակերպութիւնը, որովհետեւ ազգային եւ ընկերվարական կուսակցութիւն է: ընկերվարութիւնը բխում է մեր արժէքային համակարգից ու ազգային էութիւնից“:

Վահան Յովհաննիսեանը դիմելով հանրահաւաքի մասնակիցներուն` կոչ ուղղեց Հ.Յ.Դաշնակցութեան հետ ըլլալու: Ան հաւաստիացուց թէ, երկիրը հասած է այնպիսի հանգրուան մը, ուր մարդիկ կարիք ունին վճռական պատասխաններու եւ կեցուածքներու: Անդրադառնալով Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրին` Յովհաննիսեան ըսաւ, որ նոյնիսկ իրենք զիրենք ընդդիմադիր որակած կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները նկատած են, որ..- “Հ.Յ.Դ. նախընտրական ծրագիրը լաւն է եւ յեղափոխական: Մեր տնտեսական մտքերը, գաղափարները տանում են, Դաշնակցութիւնը հարուստ է լաւ կը լինէր, որ նրանք տանէին նաեւ Դաշնակցութեան յեղափոխական գաղափարախօսութիւնը, ինչը փողոցներում գոռգոռալը չէ:

Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին ելոյթ ունենալով զաւեշտ նկատեց իշխանութեան` փոխելու մասին կարգախօսները: Ըստ անոր, տարբեր բան է, երբ ատիկա կ՛ըսէ ընդդիմութիւնը, տարբեր բան` իշխանութիւնը, որ մինչեւ վերջերս կ՛ըսէր, թէ Հայաստանի մէջ ամէն բան լաւ է:

Եթէ լաւ է, ի՞նչը պէտք է փոխենք, իսկ եթէ վատ է, ինչո՞ւ ձեզի չփոխենք“, հարց տուաւ Արմէն Ռուստամեան` նշելով, որ այս հանրահաւաքը պէտք է վերջ դնէ այն փարիսեցիութեան, որ գոյութիւն ունի Հայաստանի պետական համակարգին մէջ. մարդիկ այլ կեանքով կ՛ապրին, այլ ելոյթներ կ՛ունենան:

Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ անկարելի է նայիլ ժողովուրդի աչքերուն մէջ եւ զայն համոզել. ժողովուրդը գիտէ, որ կացութիւնը վատ է եւ շատ վատ է: Ան աւելցուց, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ընտրութիւններուն չի մասնակցիր սոսկ մասնակցութեան համար: Հ.Յ.Դ. այս ընտրութիւններուն միջոցով կ՛ուզէ ցոյց տալ այս վիճակէն դուրս գալու ճամբան: Այս իմաստով պատահական ձեւով չէ ընտրուած Հ.Յ.Դաշնակցութեան այս ընտրութիւններուն կարգախօսը` “Ազատութիւն, արդարութիւն, դաշնակցութիւն“:

Ռուստամեան նշեց, որ բոլորին ամօթն է, որ հազարամեայ քաղաքակրթութիւն ունեցող ազգի ներկայացուցիչները իրենք զիրենք ուրիշ պետութեան մէջ աւելի լաւ կը զգան, քան իրենց պետութեան մէջ: Ըստ անոր, “դաշնակցութիւնբառը այս կարգախօսին մէջ կը նշանակէ ոչ թէ Հ.Յ. Դաշնակցութիւն, այլ` “դաշնակցիլ“, առանց որուն անկարելի կ՛ըլլայ հասնիլ ամբողջական իշխանափոխութեան, որուն նպատակադրուած է Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles