Սէուտական Արաբիոյ, Փաքիստանի Ու Թուրքիոյ Միջեւ Կայացած Դաշինքը՝ Մեր Տեսանկիւնէն
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ռիչմընտ – Վըրճինիա
Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ ու Փաքիստանի միջեւ Մեքքայի մէջ կնքուած պաշտպանութեան դաշնագիրը խնդրոյ առարկայ պետութիւններու ազգային իրաւունքն ու մենաշնորհը կը մնայ անտարակոյս, այդ մէկը դրացի երկիրներուն հաճելի թուի կամ ոչ․․․
Երբ վերոնշեալ մահմետական սիւննի հատուածին պատկանող պետութիւններու ղեկավարները, ի մի գալով պատկերասփիւռի միջազգային կայաններէն հեռարձակեցին իրենց միջեւ կայացած այնպէս կոչուած՝ «պաշտպանութեան համաձայնագիրը», ամբողջ աշխարհ պահ մը ցնցուեցաւ․․․ ոմանք՝ անհուն հրճուանքէն, իսկ ուրիշներ՝ քօղարկեալ, անզուսպ մտահոգութենէ։
Եթէ ակնարկ մը նետելու ըլլանք ու գումարենք խնդրոյ առարկայ երեք պետութիւններու միացեալ տարածքը, անոնց բնակչութեան թիւն ու տարեկան պիւտճէն, շատ հաւանական է որ պահ մը սարսափ ապրինք ու դողը պատէ մեր էութիւնը․․․ կամ ալ հակառակ պարագային, մահմետական երկիրներու բնակիչներու նման, պիտի ցնծանք ուրախութենէ, ի տես եւ ի լուր նորակազմ քաղաքական ուժին ու պաշտպանութեան երրեակի ծնունդին, որ խօսք չուզէր, խոստումնալից ու գրաւիչ ըլլալ կը թուի, տարածաշրջանի շատ մը պետութիւններու համար։
Այսպէս ուրեմն, պահն է թիւերու լեզուով բնութագրելու նորակազմ դաշնութեան ծնունդն ու կազմաւորումը։ Սակայն նախքան սկսիլը, չմոռնանք այն իրողութիւնը, թէ նոյնինքն Փաքիստանը, հաշտարար միջնորդի դերը կը կատարէ Ամերիկայի եւ Իրանի, աւելորդ է ըսել՝ զոյգ մը իրարու դէմ ճակատող թշնամի պետութիւններու միջեւ։ Իսկ միւս ցցուն ու աչք ծակող իրողութիւն՞ը, անիկա միակ մահմետական երկիրն է, որ պաշտօնապէս կը տիրէ հիւլէական զինանոցի։
Թուրքիա, իր կարգին, ամբողջ էութեամբ կը տենչայ իր նախնիներու՝ Օսմանեան կայսրութեան օրինակով, ստանձնել շրջանային մահմետական երկիրներու ղեկավարի դերը, իր մասնակցութիւնը բերելով պաշտպանութեան դաշինքին։
Գալով Սէուտական Արաբիոյ, անիկա քարիւղի իր անսպառ հարստութեան վրայ յենած, կը տենչայ իր ապահովութիւնը ամրապնդել, կրթնելով կրօնակից գերպետութիւններու հզօր զինուժին;
Այժմ շարունակենք մեր մտորումները, ակնարկ մը նետելով թիւերուն վրայ․
– Սէուտական Արաբիա․ տարածք՝ 2,149,698 ք․ք․, բնակչութիւն՝ 36,000,000, պիւտճէ՝ $350 միլիառ,
– Փաքիստան․ տարածք՝ 881,919 ք․ք․ բնակչութիւն՝ 260,000,000, պիւտճէ՝ $67,
– Թուրքիա․ տարածք՝ 783,962, բնակչութիւն՝ 88,000,000, պիւտճէ` $520 միլիառ։
Իսկ գալով ներկայ դաշինքին հանդէպ Հայաստանի պետութեան եւ ի մասնաւորի՝ սփիւռքահայութեան մօտեցումին, պէտք է նշել, թէ բացի Սէուտական Արաբիայէն, միւս երկու դերակատարները անցեալին, ինչպէս նաեւ ներկայիս, հայութեան հանդէպ ի գործ դրած իրենց ժխտական կեցուածքով ու թշնամական վերաբերմունքով, նուազագոյնը ըսած ըլլալու համար, դրական կերպով երբեք չեն տրամադրուած մեր ժողովուրդին հանդէպ։
Ներկայ գրութեան ամբողջ տարածքին փորձեցինք խուսափիլ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած Ցեղասպանութեան դժխեմ արարքին, ինչպէս նաեւ զաւթուած Արեւմտեան Հայաստանին ցաւալի իրողութեան անդրադառնալէ․․․ ոչ ալ միւս դերակատարին՝ Փաքիստանի պարագային, Ղարաբաղի պատերազմին անոր որդեգրած ու ցուցաբերած հակահայ դիրքորոշման ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանին տրամադրած զինեալ օգնութեան։
Երբ հարցը մեր հողային տարածքները պաշտպանելու զինեալ բախումներու ու մարտնչումներու գայ, հայերս մեր ցաւը կիսող ու մեր իրաւունքները պաշտպանող անկեղծ բարեկամներ երբեք չենք ունեցած դժբախտաբար․․․ վկայ՝ մեր դարաւոր պատմութիւնը։
Կը յուսանք որ Պաշտպանութեան ներկայ դաշինքը ստորագրող երրեակը, իր որդեգրելիք խաղաղասիրական վերաբերմունքով, կը փարատէ մեր կասկածները ու իր համամարդկային կեցուածքով օրհնութիւն կը դառնայ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն ու պետութեանց․․․
Իսկ մեր հայրենի իշխանութիւնները, յուսանք, խելքի գալով՝ կը դադրեցնեն խեղճ կղերին անտեղի հալածանքը․․․


