Լրահոս
Գերմանիոյ Նաումպուրկ Քաղաքին Մէջ «Արմաւիր» Ծառուղիի Բացում
Գերմանիոյ Նաումպուրկ քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայկական Արմաւիր քաղաքին անունը կրող նոր ծառուղի մը: Անուանակոչման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Նաումպուրկի աւանդական փառատօնին ընթացքին: Արմաւիր եւ Նաումպուրկ քաղաքները պաշտօնապէս քոյր քաղաքներ հռչակուած են 2025 թուականին, որմէ ետք երկու քաղաքապետարանները կը համագործակցին կրթական փոխանակման, խաղողագործութեան եւ տնտեսական զարգացման ոլորտներուն մէջ:
Հանդիսաւոր բացման ներկայ գտնուեցան` Արմաւիրի քաղաքապետ Վարշամ Սարգսեան, Նաումպուրկի քաղաքապետ Արմին Միւլլեր եւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վիքթոր Ենգիբարեան, ինչպէս նաեւ` Ֆրանսայէն եւ Գերմանիայէն ժամանած պատուիրակութիւններ:

