Յօդուածներ

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան 100-ամեակը՝ Յիշատակում Եւ Ազգային Ռազմավարութեան Նոր Տեսլական

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

Յունիս 25-28-ի օրերուն, կիպրացի ժողովուրդը, բայց մանաւանդ հայկական գաղութը ապրեցան զգացական ջերմ օրեր`յիշատակելով Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հարիւրամեակը: Աշխարհի տարբեր երկիրներէ Կիպրոս ժամանեցին Մելգոնեանի նախկին աշակերտներ թէ շրջանաւարտներ, որոնք իրենց զգացումները միացուցին տեղական գաղութին եւ ստեղծեցին շատ գեղեցիկ «ապրող» օրեր` արժեւորելով վարժարանին դերը անոր ծաւալած ազգային-կրթական մեծ առաքելութեան ընդմէջէն` պատմութեան տարբեր հոլովոյթներու ընթացքին: Մեծ «Պրաւօ՛» մը կիպրահայ գաղութին, որ շատ գեղեցիկ եւ բծախնդիր կերպով կազմակերպած էր հանդիսութեան այս օրերը` ստեղծելով յիշատակելի մթնոլորտ բոլորին համար:

Բայց հարկ է զգացական մթնոլորտէն եւ գեղեցիկ յիշատակումներէն անդին անցնիլ` դէպի գործնական եւ ազգային համասփիւռքեան ռազմավարութեան նոր տեսլականի մը անհրաժեշտութիւնը եւ գրաւականը: Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակը պարզապէս անցեալի փառքը յիշելու առիթ մը պէտք չէ ըլլայ: Անիկա նաեւ ազգային նոր ռազմավարութեան մը ստեղծելու պահն է: Այս օրերուն, երբ մեծ թիւով մելգոնեանցիներ, նախկին ուսուցիչներ, բարեկամներ եւ հայորդիներ համախմբուեցան յիշողութիւններու, զգացումներու եւ երախտագիտութեան շուրջ, անհրաժեշտ է, որ այս ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտը վերածուի գործնական ազգային ռազմավարութեան: Հարցը այլեւս միայն Մելգոնեանի պատմութիւնը չէ, այլ` Մելգոնեանի միջոցով եւ անոր հետ համասփիւռքեան ազգային ռազմավարութեան մը տեսլականի-ապագայի մասին մտածելու առիթ:

Երկար տարիներ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը եղաւ սփիւռքահայութեան համահայկական կրթական յաջող փորձառութիւններէն մէկը: Ան ոչ միայն դպրոց էր, այլ նաեւ` ազգային դարբնոց, ուր տարբեր երկիրներէ եկած հայ երիտասարդներ կը սորվէին ապրիլ իրարու հետ, կը կազմաւորէին ազգային ինքնութիւն եւ կը պատրաստուէին ծառայելու իրենց գաղութներուն ու համայնքներուն: Անիկա կը մարմնաւորէր այն գաղափարը, որ սփիւռքը մէկ ամբողջութիւն է, եւ անոր զաւակները պէտք է դաստիարակուին համազգային տեսլականով:

Այսօր սփիւռքի իրականութիւնը եւս փոխուած է: Տասնամեակներ շարունակ կարծեցինք, թէ սփիւռքը ժամանակաւոր վիճակ մըն է, որ օր մը պիտի աւարտի զանգուածային վերադարձով: Ներկայիս պատմութեան ընթացքը ուրիշ ուղղութեան մը մէջ է: Այսօր արդէն յստակ է, որ սփիւռքը(ներ) կը դառնայ-կը դառնան հայ ժողովուրդի մնայուն ներկայութիւններէն մէկը: Անոր-անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները` ձուլում, լեզուի կորուստ, ինքնութեան նահանջ եւ ազգային կառոյցներու տկարացում, պահանջ կը ներկայացնեն նոր մտածողութեան-ռազմավարութեան մը եւ զայն իրականացնելու համար ստեղծելու նոր հիմնարկ-միաւորներու:

Advertisement Subscribe Today

Այս պայմաններուն մէջ Մելգոնեանի վերաբացումը պէտք է դիտուի ոչ թէ իբրեւ զգացական արդարացում կամ անցեալի սխալ(՞) որոշումէ ետդարձ, այլ` իբրեւ ազգային ռազմավարական անհրաժեշտութիւն: Համասփիւռքեան կրթական կեդրոնի մը գոյութիւնը կրնայ դառնալ այն առանցքը, որուն շուրջ պիտի վերակազմակերպուի ապագայի սփիւռքեան ղեկավարութեան պատրաստութիւնը: Այսպիսի հաստատութիւն մը կրնայ ընդունիլ աշակերտներ աշխարհի տարբեր գաղութներէն, զանոնք կրթել բարձր մակարդակով, ամրապնդել հայերէնը, ազգային գիտակցութիւնը եւ ծառայութեան ոգին, ապա վերադարձնել զանոնք իրենց համայնքները` իբրեւ պատրաստուած առաջնորդներ, մարդուժ: Հայկական մնայուն սփիւռք-սփիւռքներու համար պէտք է արտադրել ազգային նոր մշակոյթ ու դիմագիծ, որ կը համընկնի աշխարհի ստեղծած նոր իրավիճակներուն:

Այս իմաստով վերաբացումը ինքնանպատակ չէ ու չի կրնար ըլլալ: Անիկա պէտք է հիմնուի ժամանակակից տեսլականի վրայ: Նոր Մելգոնեանը պէտք է ըլլայ ոչ միայն երկրորդականի ուսման կրթական հաստատութիւն, այլ նաեւ` ուսուցիչներու պատրաստութեան կեդրոն, սփիւռքագիտական հետազօտութիւններու օճախ, երիտասարդական առաջնորդութեան ակադեմիա եւ համահայկական համագործակցութեան հարթակ: Այսօրուան աշխարհը կը պահանջէ նոր հմտութիւններ, նոր կրթական մօտեցումներ եւ նոր ցանցեր, որոնց ստեղծման մէջ Մելգոնեանը կրնայ դարձեալ առաջատար դեր ստանձնել:

Բնականաբար այսպիսի ծրագիր մը կը պահանջէ քաղաքական կամք, ազգային համաձայնութիւն եւ նիւթական մեծ միջոցներ: Բայց ամէնէն առաջ կը պահանջէ հաւատք, որ սփիւռքը արժանի է երկարաժամկէտ ներդրումի: Եթէ կը հաւատանք, որ սփիւռքը պիտի շարունակէ մնալ հայկական իրականութեան հիմնական եւ մնայուն սիւններէն մէկը, ապա չենք կրնար զայն ձգել առանց համազգային կրթական, մշակութային եւ ազգային կեդրոն ու հիմնարկներու ծրագրումին:

Այս բոլորին վրայ արժէ աւելցնել Մելգոնեանի աշխարհագրական դիրքը եւ վայրը: Կիպրոսի Հանրապետութիւնը, որ Եւրոպական Միութեան լիարժէք անդամ է, ունի առանձնաշնորհումը` ըլլալու աշխարհաքաղաքական շատ կարեւոր եւ դիպուկ վայր մը: Մէկ կողմէ` Կիպրոս շատ մօտ է Միջին Արեւելքին եւ տակաւին կամուրջ է Եւրոպայի ու աշխարհի տարբեր երկիրներու միջեւ: Աւելի՛ն. Կիպրոսի Հանրապետութիւնը բարեկամ երկիր է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին` հաստատելով շատ ջերմ յարաբերութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի տարբեր զանգուածներու հետ:

Ուստի Մելգոնեանի հարիւրամեակի ոգեւորութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի յուշերով, հանդիսութիւններով եւ զգացական խօսքերով: Այդ բոլորը շատ լաւ են եւ կարեւոր: Այս պահը պէտք է վերածուի կազմակերպուած առաքելութեան` յստակ նպատակով, լայն համախմբումով եւ գործնական քայլերով: Հարիւրամեակը պէտք է դառնայ մեկնակէտ, ոչ թէ` եզրակացութիւն:

Մելգոնեանը արժէ վերաբանալ` ոչ միայն որովհետեւ անցեալին մեծ ծառայութիւն մատուցած է, այլ որովհետեւ ապագային կրնայ դարձեալ ծառայել: Ազգեր, որոնք կը մտածեն իրենց վաղուան մասին, կը կառուցեն միտք եւ տեսլական: Եւ միտքն ու տեսլականը իրականացնելու համար կարիք կայ հաստատութիւններու: Այս իմաստով հայը, եթէ իսկապէս կը հաւատայ սփիւռքի շարունակական առաքելութեան, պէտք է մտածէ վերաբանալու Մելգոնեանը` իբրեւ համասփիւռքեան ազգային կեանքի համար մէկ նոր ռազմավարական դարբնոց:

Հայկական սփիւռքի մնայուն կարգավիճակը կ՛ամրապնդուի, եթէ տարեդարձները կարենանք վերածել յիշատակումներէ դէպի ազգային ռազմավարութեան նոր տեսլականներու իրականացման: Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը մէկ կարեւոր միաւորն է այս իմաստով:

Եթէ կ՛ուզենք հայուն կեանքը դնել պատմութեան շարունակականութեան գործընթացի մէջ, ուրեմն պիտի հաւատանք ծրագրուած աշխատանքին:

Եւ աշխատանքը կը ներառէ կամք:

Եւ ո՛ւր որ կամք կայ, հոն կեանք կայ:

Հայուն կեանքը…

Նիկոսիա, Յունիս 2026

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button