ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ՆԻԿԻՈՅ ՀԱՆԳԱՆԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ` ԲԱՐՇ. ՇԱՆԹ Ա. ՍՐԿ. ԳԱԶԱՆՃԵԱՆԻ ԳՐՔՈՅԿԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

Կիրակի, 8 Փետրուարին, Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանի հեղինակած «Նիկիոյ տիեզերական ժողովը եւ Նիկիոյ հանգանակը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ» անգլերէն գրքոյկի ներկայացումը։
Գրքոյկին հրատարակութիւնը հովանաւորուած է Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ կողմէ, որ նախապէս հովանաւորած էր լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի «Մեկնութիւն Հայ Եկեղեցւոյ Հաւատամքի» հատորի երկեզու զոյգ հրատարկութիւնները (2013 եւ 2025), զոր անգլերէնի թարգմանած էր Բարշ. Շանթ Ա. Սարկաւագը։
Բացման խօսքը կատարեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեան, որ յայտնեց իր խորին գնահատանքը Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանի աշխատանքին համար։ Ան աւելցուց, թէ այս հրատարակութիւնը քայլ կը պահէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի հռչակագրին հետ, որ 2026 թուականը յայտարարած է «Հոգեւոր կեանքի վերանորոգման տարի», ընդգծելով, որ Մայր Եկեղեցին արդէն Նորին Սրբութեան հոգեւոր վերանորոգման 12 յանձնարարականները սկսած է գործադրել։
Արմէն կիսասարկաւագ Մորեան՝ հոգաբարձութեան ատենապետ, գրքոյկը նկատեց իբրեւ անհրաժեշտ ընթերցանութեան նիւթ «բոլոր անոնց համար, որոնք կ՚ուզեն սորվիլ ու ապրիլ աւելի իրազեկ հայ քրիստոնէական հաւատքով»։ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան 30 էջի մէջ ներկայացուցած է Նիկիոյ տիեզերական ժողովի պատմութիւնը եւ Նիկիոյ հանգանակի վերլուծումը, զայն ճոխացնելով լրացուցիչ այնպիսի մանրամասնութիւններով ու բացատրութիւններով, որ գրքոյկը կը դառնայ քրիստոնէական դաստիարակութեան էական նիւթ մը։
Շանթ Ա. Սարկաւագ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Թեմի Կրօնական Ժողովին գրքոյկը պատուիրելու համար եւ ամփոփեց անոր բովանդակութիւնը, եզրակացնելով. «Այս գրքոյկը կարդալէ ետք, այլեւս Նիկիոյ հանգանակը երբեք պիտի չարտասանէք նոյն ձեւով»։
Եզրափակիչ խօսքով, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Շանթ Ա. Սարկաւագին իր հեղինակած գրքոյկին եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ՝ Ազգային Առաջնորդարանի ծրագիրներու անսակարկ աջակցութեան համար։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Արմէն կիսասարկաւագ Մորեանին իր խմբագրական աշխատանքին համար եւ խրախուսեց հեղինակին, որ նոր գրքոյկներ գրէ եւ ստեղծէ քրիստոնէական դաստիարակութեան մատենաշար մը։

