Միակողմանի Եւ Անարդար Վճիռներ` Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Նկատմամբ
ՊԱՔՈՒ․- 5 Փետրուարին, զինուորական դատարանը ցկեանս բանտարկութեան դատապարտեց Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, զօր. Դաւիթ Մանուկեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը եւ արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանը:
Նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանն ու Բակօ Սահակեանը դատապարտուեցան քսան տարուան բանտարկութեան, որովհետեւ Ատրպէյճանի օրէնսդրութիւնը կ՛արգիլէ 65 տարին ամբողջացուցած անձեր ցկեանս բանտարկել:
Պաքուն Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը մեղադրէ քանի մը տասնեակ յօդուածներով` պատերազմ ծրագրելու եւ իրականացնելու, ապօրինի վերաբնակեցման, չարչարանքներու եւ այլնի մէջ:
Միւս մեղադրեալները` Մադաթ Բաբայեանը եւ Մելիքսէթ Փաշայեանը դատապարտուեցան 19 տարուան, Գարիկ Մարտիրոսեանը` 18, Լեւոն Բալայեանը եւ Դաւիթ Ալավերդեանը` 16, Վասիլ Բեգլարեանը, Գուրգէն Ստեփանեանը եւ Էրիկ Ղազարեանը` 15 տարուան բանտարկութեան: Պաքուն բոլորն ալ կը մեղադրէ ծանր յանցանքներու մէջ` ահաբեկչութենէն մինչեւ ցեղասպանութիւն:
Նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութիւնը առանձին կ՛ընթանայ:
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան արձագանգեց եւ ըսաւ. «Չկայ աշխարհի մէջ որեւէ երկիր, որ այս ձեւով նուաստացած ըլլայ, եւ որուն իշխանութիւնները ջայլամի պէս նկատեն, թէ ամէն ինչ բնական է»:
Ան պատմեց, որ ճիշդ այն ժամերուն, երբ իր եղբայրը` զօր. Դաւիթ Մանուկեանը, Պաքուի մէջ ցմահ բանտարկութեան կը դատապարտուէր, ինք Երեւանի մէջ` խորհրդարանին մէջ, հանդիպում կ՛ունենար քանի մը տասնեակ ուսանողներու հետ: Ան հետեւեալ հարցումը ուղղած է անոնց. «Արդեօք անոնք գիտե՞ն աշխարհի մէջ երկիր մը, որուն քաղաքացիները, ռազմաքաղաքական ղեկավարները գերութեան մէջ են իր դրացիին մօտ, երկիր մը, որու հսկայական տարածքներ բռնագրաւուած կը մնան, եւ այդ երկու երկիրները կը յայտարարեն իբրեւ թէ խաղաղութեան մասին, ատոր համար կը ժպտին, կ՛եղբայրանան, մրցանակներ կը ստանան եւ կը նկատեն, որ ամէն ինչ բնական է»: Հարցումին յաջորդած է քար լռութիւն:
Եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներուն իրաւունքները ներկայացնող Սիրանուշ Սահակեան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի դատարանը ընդամէնը վաւերացուց նախագահ Իլհամ Ալիեւի քաղաքական որոշումները: Ըստ անոր, Ալիեւի վարչակազմը քաղաքական յայտարարութիւններով բազմիցս մերժած է ինքնորոշման իրաւունքը եւ օրինականացուցած ուժի գործադրութիւնը, իսկ այս քայլով Պաքուն նաեւ ցուցադրաբար կը պատմէ ինքնորոշման իրաւունքը իրականացնողները:
«Այս դատավճիռները գործնականին մէջ չեն կրնար խոչընդոտել կամ կանխել հայերու հայրենադարձման, քանի որ կրկին գործընթացը իրաւական չէ, քաղաքական չէ: Դատարանները ցոյց տուին, որ այս հարցը գերքաղաքական է, եւ անոնք ունակ չեն ապահովելու արդար դատաքննութիւն», ըսաւ Սահակեան:
Այս առթիւ, Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, բռնօրէն քննադատելով, այս միակողմանի վճիռը։

