Լրահոս

Ա․Մ․Ն․ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

 

Հինգշաբթի, 29 Յունուարին, Ամերիկայի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսի հրաւէրով, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, մասնակցեցաւ քրիստոնէական միասնութեան աղօթքի շաբթուան միջ-եկեղեցական աղօթքին, որ տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի Սուրբ Երրորդութիւն յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ էջմիածնական Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպիսկողոս Պարսամեանը։

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button