Լրահոս
Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմնի Անդամ Իկոր Սարգսեան՝ Տնային Կալանքի Տակ
ԵՐԵՒԱՆ․- «Սրբազան պայքար» դատական գործով կալանաւորուած Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ Իկոր Սարգսեանի կալանքը փոփոխութիւն կրեց եւ վերածուեցաւ տնային կալանքի։
Իկոր Սարգսեանը կալանաւորուած էր իշխանութիւններու կողմէ յօրինուած «յեղաշրջման» շինծու դատական գործի պատճառով, որուն ծիրէն ներս մեղադրանք առաջադրուած է 18 անձերու նկատմամբ, որոնց մէջ է նաեւ Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանը։
«Նոյեմբերի 25-էն ետք, երբ կալանքի ժամկէտը լրանայ, պիտի կիրառուի տնային կալանք, բացակայութեան արգելք եւ երկու միլիոն դրամ գրավ», նշեց Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի դատաւոր Կարեն Ֆարխոյեանը։

