Ազնաւուր ընտանիքը եւ «Ազնաւուր» հիմնարկը գուժեցին Շարլ Ազնաւուրի քրոջ` Այտա Ազնաւուր-Կառվարենցի մահը, որ պատահեցաւ Հոկտեմբեր 22-ին։
Ան խաղաղութեամբ մեկնեցաւ այս աշխարհէն 102 տարեկանին։ Ծնած` գաղթի ճանապարհին, Սելանիկ (Յունաստան), 1923-ին, ան իր եղբօր հետ կը կիսէր ո՛չ միայն իրենց հայկական արմատներն ու փարիզեան դաստիարակութիւնը, այլ նաեւ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին կապուած էր անոր ջերմ սիրով: Անոնց կապը այնքա՜ն ամուր էր, հիմնուած` ընդհանուր պատմութեան, երաժշտութեան եւ մարդոց հանդէպ անսահման սիրոյ վրայ:
Անոնք մտերիմ մնացին իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին. Շարլ յաճախ Այտան կ՛անուանէր իր կեանքի կայուն խարիսխներէն մէկը եւ իրենց ընտանիքի յիշողութիւնը: Այտայի կեանքը կամուրջ մըն էր սերունդներու միջեւ. ան վկան էր փոփոխութիւններու ստեղծագործականութեան եւ դիմադրութեան դարու մը: Այտա իր ամբողջ կեանքը ապրեցաւ` հաւատարիմ Ազնաւուրեան ընտանիքի արժէքներուն` բարութեամբ, հաւատարմութեամբ, խոնարհութեամբ եւ արուեստի ու մարդկութեան ուժին հանդէպ անսասան հաւատքով», ըսուած է «Ազնաւուր» հիմնադրամին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Այտա Ազնաւուրի աճիւնը պիտի հանգչի Մոնֆոր-լ՛Ամորիի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ` իր եղբօր, ամուսնոյն` Ճորճ Կառվարենցի եւ միւս հարազատներուն կողքին:

