Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Այցելեց Միքայէլ Արք. Աջապահեանին
ԵՐԵՒԱՆ․- 9 Սեպտեմբերին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը այցելեց քրէակատարողական հիմնարկը եւ տեսակցեցաւ աւելի քան երկու ամիսներէ ի վեր բանտարկուած Միքայէլ արք. Աջապահեանի հետ:
Վեհափառը նախապէս փափաք յայտնած էր այցելելու Միքայէլ Աջապահեան եւ Բագրատ Գալստանեան
սրբազաններուն, ինչպէս նաեւ ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանին, սակայն մերժուած էր։
Դատական նիստերէն մէկուն ընթացքին իշխանութիւնը յափշտակելու կոչին համար մեղադրուող Միքայէլ սրբազանին պաշտպան փաստաբանը՝ Երէմ Սարգսեան միջնորդած էր, որ անոր հետ տեսակցութեան սահմանափակումները մեղմացուին, եւ բացառեն միայն լրագրողներու հետ հանդիպումը: Փաստաբանը հիմնաւորած էր, որ սրբազանը ամուսնացած չէ եւ կը փափաքի հանդիպում ունենալ իր բարեկամներուն հետ: Դատաւորը ընդառաջած էր պաշտպանական կողմի այս միջնորդութիւնը:
Այցելութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան, տրուած կարճ պատասխանին մէջ միայն կ՛ըսուի, որ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ սրբազաններուն, ինչպէս նաեւ ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանի նկատմամբ իրականացուող անօրէն գործողութիւնները եւ պատուիրուած դատավարական գործընթացները:

