Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

 

«Հայաքուէ» նախաձեռնութեան համակարգող Աւետիք Չալապեանի եւ Արամ Պետրոսեանի  դիմումը մերժուեցաւ իրաւապահներուն կողմէ։ Անոնք դիմած էին Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Աննա Վարդապետեանի, Փտածութեան դէմ կոմիտէի նախագահ Արթուր Նահապետեանի եւ Քննչական կոմիտէի նախագահ Արթուր Պողոսեանի՝ Նիկոլ Փաշինեանի  եւ այլ ՔՊ-ականներու դէմ քրէական վարոյթ ընդունելու համար, ներկայացնելով այն բոլոր  գրառումները, որոնք կատարուած են ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ բարձրաստիճան եկեղեցականներու հասցէին։

«Հայաքուէ»-ի վարչութեան անդամ Արամ Պետրոսեան յայտնեց, որ կ՛ակնկալէին, թէ դիմումները պիտի մերժուին՝ հաստատելով, որ մինչեւ վերջին ատեան պիտի դիմեն, Փաշինեանն ու միւսները դատելու համար։

*

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա կ՛ակնկալէ, որ Երեւան եւ Պաքու կը գիտակցին այն վտանգներուն, որոնք կրնան յառաջանալ՝ ՆԱԹՕ-ի հետ համագործակցութեան պատճառով։

Զախարովա ըսաւ, որ անոնք իրական վտանգներ են, որովհեետւ իրավիճակը կը բարդանայ։ Ամէնուրէք, ուր կը հասնի Արեւմտեան Զինակցութիւնը, տագնապներ կը ստեղծուին եւ լարուածութիւնը կը բարձրանայ՝ մոռացութեան տալով խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բնականոն վիճակ բառերը։

Advertisement Subscribe Today

*

Միջազգային օրէնքի մասնագէտ իրաւաբան Սիրանուշ Սահակեան վստահեցուց, որ Հայաստանի պետութիւնը չունի իրաւասութիւնը Իրաւարարական դատարարնին որոշումը չէզոքացնելու ներքին պետական դատական հոլովոյթով մը։

Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Կալեան նախապէս նշած էր, որ Հայաստանի Ելեկտրական Ցանցերու պետականացման դէմ Կարապետեան ընտանիքին յարուցած դատին իրաւարարական վճիռը, որ կայացուեցաւ Սթոքհոլմի Առեւտրային Պալատին ատեանին կողմէ, պէտք է ապացուցուի հայաստանեան ատեանին կողմէ։ Սահակեան շեշտեց, որ նման դիրքորոշում քողարկուած ծրագրեր կը պարունակէ։«Եթէ պետութիւնը չկատարէ միջազգային դատարանին որոշումը, ապա կարելի է, որ ոչ միայն վնասուց հատուցման նոր պահանջ ի յայտ գայ, այլեւ պետական բաժնետոմսեր սառեցուին տարբեր երկիրներու մէջ», ըսաւ ան։

*

ՔՊ-ական Տաթեւիկ Տէր Ղահրամանեանի պատկանող «Արթ Օֆ Շին» ընկերութիւնը շահեցաւ ներքին գործոց նախարարութեան Փրկարար ծառայութեան մասնաշէնքին վերանորոգումները կատարելու իրաւունքը։ Մրցոյթին մասնակցեցան ութ ընկերութիւններ, բայց վերոյիշեալ ընկերութիւնը ձեռք ձգեց իրաւունքը։

Ուշագրաւ է, որ այս ընկերութիւնը վերջին երկու տարիներու ընթացքին 189 միլիոն դրամի պետական պատուէր ստացած է։Պատուիրատուներու շարքին են Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը, Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն, Պատկերասփիւռի Հանրային ընկերութիւնը։

*

Թրքական «Պայքար» ընկերութիւնը անցեալ շաբաթ անօդաչու սարքերու կեղծ թռիչքներ կազմակերպած է Հայաստանի հետ սահմանին վրայ , կը հաղորդէ Սփութնիք Արմէնիա՝ յղում կատարելով թելեկրամեան «Յետպատերազմ» ալիեքին։

Թրքական անօդաչու սարքերուն կեղծ թռիչքները կատարուած են Նախիջեւանի եւ Տաւուշի ուղղութիւններով։ «Ֆլայթռատար» սպասարկութեան տուեալներուն լուսանկարները ցոյց կու տան, որ անօդաչու սարքը նախ երեւցած է Իզմիրի մերձակայքը, ապա Նախիջեւանի եւ աւելի ուշ՝ Եւլախի շրջանին վերեւ։ Երկրորդ լուսանկարին մէջ թրքական անօդաչու սարքին կեղծ թռիչքը կը կատարուի Հայաստանի հետ սահմանի երկայնքին՝ Տաւուշի վերեւ։

*     Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտարարեց, որ զբօսաշրջային կամ ուսանողական անցագրով Միացեալ Նահանգներ գտնուող անձերու կողմէ թմրեցուցիչներու գործածութիւնը կամ ամերիկեան օրէնքներու խախտումը կրնայ պատճառ  դառնալ, որ անոնք զրկուին հետագային ամերիկեան անցագիր  ստանալու հնարաւորութենէն։

Դեսպանատունը շեշտեց, որ ամերիկեան վիզան ոչ թէ տուեալ անձին վերապահուած իրաւունք է, այլ անոր տրուած արտօնութիւն մը։ Վիզայի տրամադրումէն ետք անոր հետ կապուած ստուգումները չեն դադրիր։ Իսկ վիզան կրնայ ջնջուիլ, եթէ ենթական օրէնքի խախտումներ կատարէ։

*

Հայաստանի Վիճակագրական կոմիտէին հրապարակած տուեալներուն համաձայն, ընթացիկ տարուան առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին առեւտուրի արտաքին շրջանառութիւնը կը կազմէ 9 միլիառ 668,6  միլիոն տոլար, որ անցեալ տարուան նոյն ժամակահատուածին տուեալներուն համեմատ 45 առ հարիւրով պակաս է։

Ճիշդ է, որ արտաքին առեւտուրի ծաւալը Յունիսին աճած է 9,4  առ հարիւրով՝ Մայիսի տուեալներուն համեմատ, սակայն բաղդատած անցեալ տարուան Յունիս ամսուան տուեալներուն հետ, անիկա 52,8 առ հարիւրով նուազած է։

Ինչ կը վերաբերի ներածումներուն, ապա ընթացիկ տարուան առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին ներածումը կազմած է 5 միլիառ 913 միլիոն տոլար, որ 38,6 առ հարիւրով նուազ է՝ բաղդատած անցեալ տարուան առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին կատարուած ներածումներուն։

 

 

 

 

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button