ԱրտերկիրԼրահոս

Պուէնոս Այրէսի Մէջ ԹՈՒՄՕ-ի Բացում

 

ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ․- Յուլիս 3-ին, Արժանթինի մայրաքաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հարաւային Ամերիկայի ԹՈՒՄՕ-ի առաջին կեդրոնին, ուր ամէն շաբաթ կրնան 6000 պատանիներ ուսում ստանալ:

Նոր կեդրոնը կը գտնուի Հարաւային Ամերիկայի ձեւաւորման ամէնէն մեծ կեդրոնին մէջ՝ (Centro Metropolitano de Diseno – CMD), որ կառուցուած է 2000-ականներու սկիզբը եւ կը տարածուի 14,000 քառակուսի մեթր տարածքի մը վրայ՝ նախատեսուած դասընթացքներու, ցուցադրութիւններու եւ ձեռնարկներու համար։

Կեդրոնի պաշտօնական բացումի արարողութեան ներկայ եղան քաղաքապետ Խորխէ Մաքրի, կրթութեան նախարար Մերսետես Միկէլ եւ ԹՈՒՄՕ-ի գործադիր տնօրէնուհի Մարի Լու Փափազեան

Նշենք, թէ 2026-ին, Պուէնոս Այրէսի հարաւային եւ հիւսիսային հատուածներուն մէջ պիտի բացուին ԹՈՒՄՕ-ի երկու կեդրոններ եւս, Արժանթինի մայրաքաղաքի պատանիներուն կարելիութիւն ընձեռելով ուսումնասիրել արհեստագիտութիւններու եւ ձեւաւորման մարզերը՝ անկախ իրենց ընկերային կարգավիճակէն։

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button