
Վենեզուելլահայ խմբավար Տոմինկօ Հինտոյեան նշանակուեցաւ Լոս Անճելըսի Օփերայի երաժշտական տնօրէն։ Ան այս պաշտօնը պիտի ստանձնէ 2026ին՝ փոխարինելով Ճէյմզ Քոնլընը։
Ծնած Քարաքասի մէջ, 1980-ին, Հինտոյեան կը պատկանի Վենեզուելայի հռչակաւոր «Էլ Սիսթեմա» երաժշտանոցին, Լոս Անճելըսի նուագախումբի ներկայ հանրահռչակ մաէսթրօ՝ Կուսթաւօ Տուտամելին նման, որուն մօտիկ բարեկամն է։ Քարաքաս ծնած, ան զաւակն է ջութակահար Տոմինկօ Կարսիայի եւ Վենեզուելայի խորհրդարանի գործօն իրաւաբաններէն՝ Վիգի Հինտոյեանի, որ ծնած է Հալէպ եւ փոքր տարիքէն գաղթած Վենեզուելա։
Նախապէս ելոյթ ունենալէ ետք Լոս Անճելըսի եւ Միննեսոթայի մէջ, վենեզուելահայ մաէսթրօ Տոմինկօ Հինտոյեան անցեալ տարեշրջանին ունեցաւ իր անդրանիկ ելոյթը, Պոսթընի մէջ, Մարտ 28-30, 2024-ին, որոնց յայտագիրը կ՛ընդգրկէր փորթորիքոցի յօրինող Ռոպերթօ Սիեռայի վեցերորդ «Սինֆոնիա»-ն, բրիտանացի Էտուըրտ Էլկարի թաւջութակի «Քոնչերթօ»-ն (մասնակցութեամբ սպանացի երիտասարդ թաւջութակահար Փապլօ Ֆեռանտէսի) եւ չեխ յօրինող Անթոնին Տվորիաքի եօթերորդ համանուագը։
Լոս Անճելըսի Օփերային հետ «Ռոմիօ Եւ Ժիւլիէթ»-ը ներկայացնելով՝ Հինտոյեան տպաւորած էր Օփերային ղեկավարութիւն, եւ այդի սկ պատճառաւ, ան կնքեց հինգ տարուան պայմանագիր մը, որ կը ներառէ առնուազն երեք բեմադրութիւններ։
Ան, իբրեւ ջութակահար սկսած է իր երաժշտական ուսումին, զոր կատարելագործած է Ժընեւի մէջ: Նախապէս գործակցած է Լեհաստանի Ազգային ձայնասփիւռի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ, իբրեւ հիւր խմբավար: Հինտոյեան աշխատած է միջազգային ճանաչում ունեցող շարք մը նուագախումբերու եւ օփերաներու հետ, որոնց կարգին՝ Լոնտոնի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին, «Մեթրոփոլիթըն» օփերային, Վիեննայի «Սթաատեր»-ին եւ յատկապէս հանրահռչակ Տանիէլ Պարընպոյմի հետ, որուն ղեկավարութեամբ մաս կազմած է արաբ-իսրայէլեան նուագախումբին։
Սեպտեմբեր 2021-էն ի վեր, ան ստանձնած էր Լիվըրփուլի Արքունի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին ղեկը։

