Լրահոս

Պատմաբան Դոկտ. Կարօ Մոմճեանի Մահը

Մարտ 28-ին, Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքեց պատմաբան եւ դաստիարակ Դոկտ. Կարօ Մոմճեանը։

Պէյրութի «Համազգային»-ի հայագիտական հիմնարկը աւարտած, Գալիֆորնիոյ մէջ Կարօ Մոմճեան եղած է Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տնօրէն եւ Վահան եւ Անոյշ Շամելան Ազգային վարժարանի փոխտնօրէն։ Ան հեղինակած է շարք մը յօդուածներ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իր ուսումնասիրութիւններ եւ ներկայացուցած է գիտաժողովներու եւ հանրային ձեռնարկներու ընթացքին։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button