
Խոր վիշտով իմացանք ծանօթ ազգային կրթական մշակ Նազելի Սանենցի (ծնեալ Փարթամեան) մահուան գոյժը։
Ան ծնած էր 1926-ին՝ Քեսապ եւ առջինեկ դուստրն էր Յովհաննէս եւ Մելիա (Մոմճեան) Փարթամեաններու, սիրեցեալ այրին՝ ողբացեալ Փառէն (Գազանճեան) Սանենցի, անձնուէր մայրը՝ Արա-Պարոյրի, Շահէի, ու Լենայի, եւ մեծ մայրը՝ Արմանի։
Նազելի Սանենց մահացաւ 93 տարեկանին, Ապրիլ 12, 2020-ին՝ Սուրբ Զատիկի Կիրակին, Պոսթընի մէջ։
Իր համակ արհեստավարժ կեանքը նուիրած էր սփիւռքի զանազան կրթական հաստատութիւններուն՝ Հալէպէն Պէյրութ եւ Պոսթըն, իբրեւ տիպար ուսուցչուհի եւ դաստիարակ, մասնակցելով նաեւ Հ․Բ․Ը․Մ․-ի եւ հայրենակցական միութեանց մշակութային ձեռնարկներուն եւ արժանանալով իր աշակերտներուն եւ հայ համայնքին յարգանքին ու սիրոյն:
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կատարել՝ “St. Sahag & St. Mesrob Armenian School”-ին, հասցէ,- St. James Armenian Church, 465 Mt. Auburn St., Watertown, MA 02472․