
Արմենակ Եղիայեան
Գրաբարը ունէր պտուտել եւ պտուտիլ, որոնք կը յառաջանան, անշուշտ, պտոյտ-էն: Ասոնց դիմաց «Նոր հայկազեան»-ը դրած է պտըտիլ՝ իբրեւ աշխարհաբարեան հոմանիշ: «Առձեռն»-ը ունի նաեւ պտըտցնել:
Ինչպէս կը տեսնենք, երկուքն ալ աշխարհաբարեան ձեւերը գրած են ը-ով: Սակայն այս ը-ի կիրարկութեան շատ կարեւորութիւն պէտք չէ ընծայել, քանի որ աշխարհաբարի ընթերցումը դիւրացնելու համար՝ մխիթարեանները ը-ով օժտած են իրենց բառարանի հազարաւոր այլ բառերը եւս, որոնք ժամանակի ընթացքին թօթափեցին այդ տառը:
Գրաբարի բառարանագիրներէն Սիմոն Գաբամաճեան հլու-հնազանդ հետեւած է «Նոր հայկազեան»-ին ու «Առձեռն»-ին եւ ինք ալ գրած է «պտուտկել=պտուտել=պտըտիլ, պտըտցնել»:
Այսքանը՝ գրաբարի բառարանագիրներու ծիրէն ներս:
* *
*
Ժամանակակից աշխարհաբարեան բառարանագիրներէն ը-ով գրած են Գայայեան, Տէր Խաչատուրեան, հայր Կռանեան: Առանց ը-ի գրած է միայն հայր Պետրոս Ճիզմեճեանը: Պտըտիլ ձեւը կը դասաւանդեն նաեւ կարգ մը դասագիրքեր: Մեր մամուլին, այլեւ գրողներուն մէկ կարեւոր մասը բառս կը գրէ ը-ով:
Ահա ա՛յս է անոր ուղղագրութեան պարզած պատկերը:
* *
*
Ինչո՞ւ այս ը ձայնաւորը, ի՞նչ տրամաբանութեամբ ու ո՞ր կանոնի թելադրութեամբ:
Հոն ուր կարելի եղած է բանաւոր կամ գրաւոր բացատրութիւն մը ստանալ, ապա այս ը-ին կիրարկութիւնը կ’արդարացուի՝ 1) նախ՝ բառին արտասանութիւնը դիւրացնելու մտահոգութեամբ. որպէսզի ան չարտասանուի պըտ-տիլ, ինչպէս կ’ըսենք փըթ-թիլ, այլ մեր փոքրիկները զայն արտասանեն պը-տը-տիլ, 2) սակայն բուն՝ «մեծ» պատճառը կը նկատուի այն իրողութիւնը, թէ պտտիլ բայը կրկնակ հնչիւնափոխութեան արդիւնք է՝ պտոյտ-պտուտ-պտտիլ, որուն մէջ անհետացած ոյ երկբարբառը պէտք է բանով մը ցոլանայ. այդ ցոլացումը տեղի կ’ունենայ շնորհիւ ը ձայնաւորի ներկայութեան, ուրեմն՝ պտոյտ-պտուտ-պտըտիլ:
- Նախ՝ դիւրընթեռնելիութիւնը:
Հայերէնը ունի հարիւրաւոր բառեր, որոնք ճիշդ ընթերցանութեան հարց կը յարուցեն, որովհետեւ մէկէ աւելի ընթերցումի առարկայ կրնան դառնալ՝ յատկապէս անվարժ ընթերցողներու կողմէ. օրինակ՝ կրկնել կրնայ արտասանուիլ թէ՛ կըրկ-նել, թէ՛ կը-րըկ-նել, թէ՛ կըր-կընել. թռչնազգի կրնայ արտասանուիլ թըռչ-նազգի, թըռըչ-նազգի, թըռ-չընազ-գի. մրջնաբոյն կրնայ արտասանուիլ մըրջ-նաբոյն, մը-րըջ-նաբոյն, մըր-ջը-նաբոյն եւ այլն: Անոնք, որոնք հայոց լեզուի ուսուցիչ եղած են տարրական դասարաններու մէջ,–ինչպէս այս տողերը գրողի պարագան է,– այսպիսիներէն բոլորին (որոնք հազարաւոր են մեր լեզուի մէջ) պէտք է հանդիպած ըլլան: Սակայն ասոնց որեւէ մէկը աւելորդ ը-ով չենք օժտեր, քանի որ այս տարընթերցումները հետզհետէ կը սրբագրուին միջնակարգի մէջ ու աւելի ուշ բոլորովին կ’անհետանան: Պտտիլ-ին համար բացառութիւն կազմելը, ուրեմն, բոլորովին անտեղի ու անհեթեթ է:
- Կորսուած ոյ երկբարբառը:
Ինչ կը վերաբերի կորսուած ոյ երկբարբառը «բանով մը ցոլացնելու» մտահոգութեան, ապա մեր լեզուն նման անհրաժեշտութենէ չէ առաջնորդուած բնաւ, ո՛չ ալ Մեսրոպ Մաշտոց, որ մեր ուղղագրութեան հիմնադիրն է եւ որուն սրբատառ կանոնագրութեամբ՝ արմատական բառերու մէջ լսուող ը ձայնաւորը չի գրուիր: Եւ իրօք ալ մենք այլուր չենք գրեր զանոնք. օրինակ՝ քոյր-քուր-քրոջ, պոյտ (կաւէ աման, pot ֆրանսերէն, pota իտալերէն) դարձած է նախ պուտուկ, ապա՝ պտուկ. Վարդան Այգեկցի ունի այս բառը ա՛յս ուղղագրութեամբ, ան կը գտնուի մեր արդի բառարաններուն մէջ եւս. տե՛ս նաեւ Արսէն Բագրատունի՝ պոյտն-պուտան-պտուկ («Ի պէտս զարգացելոց», էջ 19): Լէզ–լիզել-լզուըռտել: Ցոյց արմատը տուած է ցուցնել, ասկէ ալ՝ ցցնել. այս վերջին ձեւը կիրարկուած կը գտնենք Արսէն Այտընեանի, այլև Դանիէլ Վարուժանի կողմէ եւս. օրինակ՝ «Իր գթութեան փայլ ալ ցցո՞ւց վեհօրէն» («Արիւնոտ ճիւղը»): Պարոնեան՝ «Բարթողիմէոս աղան ալ ժամանակաւ մատով կը ցցունեն» («Մեծապատիւ…»): Բոյթ-բութամատ-բթամատ, բոյն-բունաւեր-բնաւեր եւ այլն. ասոնց բոլորին մէջ կայ թաքնուած, սղած, կորսուած ոյ երկբարբառ մը, որուն փոխարէն ը կ’արտասանենք, ճիշդ է, սակայն ոչ մէկ արեւմտահայու միտքէն անցած է այդ արտասանութիւնը արտայայտել ը տառով, հապա ինչո՞ւ այդ մտահոգութիւնը պտոյտ-ի պարագային, երբ ան կու տայ պտոյտ-պտուտ-պտտիլ: Ինչո՞ւ և յանուն ինչի՞ այս երկու չափն ու երկու կշիռը:
Մեր հազարաւոր արմատական բառերէն ոչ մէկը իր ծոցին մէջ ը ունի. պտըտիլ բացառութիւն մը որեւէ արդարարացում չունի: Միայն անցընել ներգործական բայը համազգային համախոհութեամբ կը գրենք ը-ով, որպէսզի խուսափինք զայն չէզոքին հետ շփոթելէ. բաղդատել՝ կ’անցնէի եւ կ’անցընէի: Որուն վրայ կ’աւելնան զուտ աշխարհաբարեան պահուըտիլ, քերուըտիլ, հոտուըտալ եւ նմանները, որոնց մէջ ը-ի գրութիւնը ուղղագրական անհրաժեշտութիւն է, քանի որ առանց անոր՝ բոլորովին տարբեր արտասանութիւն կը ստանան բառերս, ինչ որ պարագան չէ պտտիլ-ին:
* *
*
Մեր արդի ուղղագրութիւնը ոչ-արմատական բառամէջի ը բովանդակող ուրիշ բառ չունի անցընել-էն բացի: Անշուշտ տարբեր է պարագան այն ածանցաւոր կամ բարդ բառերուն, որոնց բաղադրիչներէն մէկը կը սկսի ը-ով, օրինակ՝ անընդհատ, արագընթաց, դասընկեր, խոչընդոտ, հիւրընկալ եւ այլն:
Յ. Գ.
Ցաւով պիտի նշեմ, որ մեր դպրոցներուն մէջ կը տիրէ նոյն երկւութիւնը՝ պտտիլ եւ պտըտիլ. նախակրթարաններու մէջ կը դասաւանդուի պտըտիլ, երկրորդականի մէջ՝ պտտիլ: Այսպէս է, քանի սփիւռքահայ կրթական վերին մարմինները ընդհանրապէս լեզուական, սակայն մասնաւորաբար միասնական ուղղագրական որեւէ քաղաքականութիւն չեն մշակած, որպէսզի հայոց լեզուի դասագիրքերը ըստ այնմ պատրաստուէին: Այդ քաղաքականութիւնը կը մշակեն դասագիրքերու պատահական հեղինակները՝ ըստ իրենց անհատական ճաշակին: Եւ որովհետեւ աշխարհի վրայ չկայ երկու հայ, որոնք նոյն ձեւով մտածեն (վասնզի մեծ ամօթ պիտի ըլլար նման բան), հետեւանքը կ’ըլլայ այն, որ մէկը ուսուցէ պտըտիլ, միւսը՝ պտտիլ:
Եւ լեզուական այսպիսի ի՜նչ-ի՜նչ ուրիշ գայթակղեցուցիչ տարբերութիւններ, որոնց ոչ մէկ ուշադրութիւն կը դարձուի:
Ի՞նչ կայ որ…այսպէս ալ կ’ըլլայ, այնպէս ալ կ’ըլլայ, բան գործ չունինք ալ, հիմա ելլենք հայոց լեզուով կամ անոր ուղղագրութեա՞մբ զբաղինք: