
Յունուար 17-ին, իննիսուն տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց Ալիս Աղաւնի Համբարեան-Գասպարեանը, Թինէքի (Նիւ Ճըրզի) մէջ, շրջապատուած ընտանեկան պարագաներով:
1927-ին, Նիւ Եորքի մէջ ծնած Ալիս, զաւակն էր Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած Սեբաստացի ծնողքի: Ընտանիք կազմելէ ետք, ան տեղափոխուեցաւ Թինէք (Նիւ Ճըրզի), ուր աւելի քան երեսուն տարի ծառայեց տեղւոյն հանրային դպրոցներէն ներս: Ան անգլերէն լեզուի եւ թուաբանութեան վերապատրաստման յատուկ դասեր ներկայացուց, նաեւ մաս կազմեց Թինէքի աւագ դպրոցի վարչական կազմին:
Ալիս գործած է նաեւ, Նիւ Ճըրզիի ազգային հաստատութիւններուն մէջ: 1970-ականներուն, ան Նիւ Ճըրզիի շաբաթօրեայ «Նարեկ» վարժարանին մանկապարտէզի ուսուցչուհին եղած է, ապա 1990-ականներուն մաս կազմած է Հայ Առաքելական Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան:
Ալիսին համար մշակոյթն ու սովորութիւնները կը նկատուէին յոյժ կարեւոր, յատկապէս նկատի ունենալով որ, կ՛ապրէր բոլորովին օտարացած միջավայրի մէջ: Այսպէս ան շարունակ կառչած մնաց աւանդոյթներուն եւ տան մէջ ամէն գնով շեշտեց հայերէն խօսելու կարեւորութիւնը:
Երիտասարդ տարիքին Ալիս հմուտ սոփրանօ երգչուհի էր, սակայն ան հեռացաւ այս ասպարէզէն, նախընտրելով կազմել հայկական օճախ մը:
Ան մաս կազմած է նաեւ, Նիւ Եորքի «Նայիրի» պարախումբին, որ մասնագիտացած էր Արեւմտահայաստանի աւանդական երգուպարով: Ալիս մաս կազմած է Նիւ Եորքի Հայ Ազգային երգչախումբին, Նիւ Ճըրզիի Համազգայինի երգչախումբին: Ան մենակատարած է Նիւ Եորքի Հայր Առաքելական Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Նիւ Ճըրզիի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասերուն հետ: Ամերիկահայ հանրածանօթ երաժիշտներ՝ Օննիկ Տինքճեան եւ Արմէն Պապամեան վեր առած են սոփրանօ երգչուհի Ալիսի մակարդակն ու որակը:
Ալիսը պիտի յիշուի որպէս մեղմ եւ բազմատաղանդ անձնաւորութիւն մը: Լռակեաց, ան շարունակ կը փորձէր օգտակար դառնալ:
Ան լաւապէս մարմնաւորած էր իսկական արժանիքները՝ համեստութիւն, արժանապատուութիւն, աշխատասիրութիւն, անձնուիրութիւն եւ հայրենասիրութիւն:
Ալիսի ընտանեկան պարագաներն են.- կողակից՝ Չարլզ Կարապետ Գասպարեանը, որդին՝ Անդրանիկ Գասպարեանն ու իր կինը՝ Մարօ Մաթոսեանը, դուստրը՝ Լուսին Գասպարեանն ու իր ամուսինը՝ Դաւիթ Պոյաճեանը, նաեւ իր երկու եղբայրներուն (Նշան եւ Արտաշէս՝մահացած) զաւակները՝ Արամ, Անահիտ, Վարդան եւ Լորիկ, Արամ եւ Ռաֆֆի, նաեւ բազմաթիւ ազգականներ:
Կատարուած է ընտանեկան հոգեհանգիստ: Յառաջիկային պիտի կատարուի յատուկ յայտագիր, քառասունքին առթիւ:
Փոխան ծաղկեպսակի, Ալիսի յիշատակին կարելի է նուիրատուութիւններ կատարել Նիւ Եորքի Հայր Առաքելական Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ, Նիւ Ճըրզիի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ , կամ «Թիւֆէնքեան» Բարեգործական Հիմնադրամին:
ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ
ԱԼԻՍ ԱՂԱՒՆԻ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆ-ԳԱՍՊԱՐԵԱՆի մահուան առիթով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէն իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ եւ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆ ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն:
Պոսթըն
Յունուար 19, 2018