Չորքշաբթի, Դեկտեմբեր 13-ին, Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը եւ Ատպէյճանի նախագահի վարչակազմը միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով տեղեկացուցին, թէ ազատ արձակած են ռազմագերիներ։ Այսպէս, 32 հայ գերիներ վերադարձան Հայաստան, իսկ Հայասատան ազատ արձակեց երկու ատրպէյճանցի գերիներ:
Միւս կողմէն, ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազ Քեամրան Ալիեւ յայտարարեց, որ Պաքուի մէջ կազմուած է միասնական քննչական խումբ մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ղեկավարներու գերութեան հարցով։


