ԳլխաւորԼրահոս

ԱՐՑԱԽ.- «ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ

p1 madenataran

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Նոյեմբեր 21-ին, տեղի ունեցաւ «Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան մատենադարան-Գանձասար» գիտամշակութային կեդրոնի` Մատենադարանի մասնաշէնքի բացման արարողութիւնը, ներկայութեամբ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի:
Կեդրոնը կը բաղկանայ գիտական եւ թանգարանային մասերէ, գիտաժողովներու, մշակութային տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններու համար նախատեսուած դահլիճէ, գրադարանէ ու ընթերցասրահէ: Նորաբաց ցուցասրահներուն մէջ ներկայացուած են Արցախի մէջ կանուխ միջնադարէն մինչեւ նոր շրջան ստեղծուած հարիւրէ աւելի ձեռագիրներու, Արցախի պատմութեան առնչուող հազուագիւտ վաւերագիրներու բնագիրներ եւ ընդօրինակութիւններ, ինչպէս նաեւ հնատիպ գիրքեր:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button