
Նախօրէին Ֆրանսայի դրօշի գոյներով ծածկուեցաւ նաեւ Մատենադարանը, իսկ քիչ աւելի հեռու` Ֆրանսական անունը կրող հրապարակին վրայ, վառեցան հազարաւոր մոմեր: Շաբաթ օր երեկոյեան հաւաքուած էին հարիւրաւոր մարդիկ` յարգանքի տուրք մատուցանելու ահաբեկչութիւններու զոհերու յիշատակին: Նոյնիսկ հնչեց
Ֆրանսայի օրհներգ Մարսէյէզը` կենդանի կատարումով: Սգոյ հաւաքին միացած էր նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Ահաբեկչական գործողութիւններէն ժամեր անց, առտու կանուխէն, Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան դիմաց սկսան յայտնուիլ ծաղկեփունջեր: Անհատ քաղաքացիներ, առանձին կազմակերպութիւններու պատուիրակութիւններ կը շտապէին դէպի Ֆրանսան Հայաստանի մէջ ներկայացնող գլխաւոր հաստատութիւնը` իրենց զօրակցութիւնն ու ցաւակցութիւնը յայտնելու ֆրանսացի ժողովուրդին: Մարդիկ դեսպանատան փոստարկղ կը նետէին առանձին գրութիւններ եւ վշտակցութեան խօսքերով ուղերձներ:
Իսկ այդ ընթացքին ֆէյսպուքի մէջ սկսաւ լայն արշաւ` օգտատէրերը իրենց դիմապատկերները կը ծածկէին ֆրանսայի դրօշի երանգներով` իբրեւ զօրակցական քայլ: Սա ալ դարձաւ հանրային մեծ բանավէճի նիւթ` ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ միջազգային լայն հարթակներու վրայ:
Շատեր կը բողոքէին, թէ ինչո՞ւ նման նախաձեռնութիւն չեղաւ, երբ նախորդ տարի Քենիայի մէջ իսլամ ահաբեկիչները յարձակեցան համալսարանի վրայ ու գնդակահարեցին առնուազն 200է աւելի քրիստոնեայ ուսանողներ, ինչո՞ւ չեղաւ, երբ ահաբեկչութիւն կազմակերպուեցաւ Պէյրութի մէջ, այս շաբաթ նաեւ Պաղտատի մէջ ու վերջապէս` ինչո՞ւ չեղաւ, երբ անցնող երեք-չորս տարիներու ընթացքին Սուրիոյ մէջ զոհուեցաւ 350 հազարէ աւելի խաղաղ բնակիչ։
Սուրիոյ թեման յատկապէս շատ նուրբ է փարիզեան ահաբեկչութիւններէն ետք:
Ի վերջոյ, ինչպէ՞ս ծնաւ մարդկութեան նորագոյն այդ չարիքը:
Չէ՞ որ անոնց նօսր շարքերուն մէջ, Սուրիոյ առաջին ցոյցերուն ու յետոյ ռազմական գործողութեանց օրերուն, նոյն միջազգային առաջնորդները Ասատի վարչակարգին հակառակորդներուն կ՛անուանէին ժողովրդավարական ուժեր, կը պահանջէին` Սուրիոյ մէջ Ասատի հեռացումը նոյն այդ ուժերով, կը զօրակցէին անոնց, կը հանդիպէին անոնց հետ: Չէ՞ որ նոյն ամերիկեան ծերակուտական Մակքէյնի հետ հրապարակուած են այն նոյն իսլամականներու լուսանկարները, անոնց շարքին` Իսլամական Պետութեան առաջնորդ Ալ Պաղտատիի հետ: Քատտաֆֆի դէմ պայքարողները ինչո՞ւ մէկ վայրկեանի մէջ դարձան արեւմտեան ժողովրդավարութեան կրողներ, նոյնիսկ Քատտաֆիին առանց դատ ու դատաստանի բզկտող բազմութիւնը քննադատութեան չարժանացաւ:
Չէ՞ որ այդ բոլոր ահաբեկիչները այնպէս մէջտեղ չեկան: Զանոնք սնուցեցին, ֆինանսաւորեցին, զինեցին, մարզեցին: Ու այսօր բոլորս կ՛ողբանք Փարիզի մէջ սպաննուած 129 անմեղ մարդոց համար: Ողջ աշխարհով կ՛ողբանք: Իսկ ո՞վ պիտի ողբայ մեր հարենակից այն 70էն աւելի հալէպահայերուն համար, որունք զոհուեցան այս քանի մը տարիներուն` նոյն այդ ահաբեկչական խմբաւորումներու դիպուկահարներու գնդակներէն կամ զինեալներու արձակած արկերու բեկորներէն:
Ո՞վ պէտք է ողբայ այն անհետ կորած կամ զոհուած մեր քեսապցի հայրենակիցներուն համար, որոնց բնակավայրը նոյն ահաբեկիչները գրաւեցին արդէն Թուրքիոյ աջակցութեամբ: Այն Թուրքիոյ, որուն իշխանութեան ու Իսլամական Պետութեան միջեւ կապը կ՛արձանագրեն անգամ այդ երկրին մէջ, որուն անվտանգութեան ծառայութեան պետ Հաքան Ֆիտան դեռ օրերս միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ընէր ճանչնալու Իսլամական Պետութիւնը, կ՛առաջարկէր այդ ահաբեկչական խմբաւորման պաշտօնական գրասենեակ բանալ Պոլսոյ մէջ, որ անոնց հետ շփումները համակարգուած ըլլան:
Կ՛ողբանք արդարացիօրէն ողջ աշխարհով Փարիզի անմեղ զոհերուն համար, սակայն քանի՞ հոգին կ՛ողբայ ճիշդ այս օրերուն Թուրքիոյ տարածքին, հարաւ-արեւելեան Ճիզրէ քաղաքին մէջ պետական զօրքին կողմէ սպաննուող խաղաղ բնակիչներուն համար կամ այն վայրագութիւններուն համար, որոնք կը կատարուին հոն:
Երկակի չափանիշներ ըսուածը ա՛յս է, որ համաշխարհային պատմութեան ոլորաններուն մէջ միշտ ալ հանդիպած է ու միշտ ալ դարձած երկսայրի սուր:
Անցնող քանի մը տարիներու «Արաբական Գարուն»ը ատոր վառ օրինակն է:
Երբ ժողովրդավարական անունը կրող ոլրանետ (boomerang) նետելով չէին պատկերացներ, որ ատիկա կը վերադառնայ … կամ գուցէ՞ անգրագէտ ըլլալով` չէին հասկնար, թէ ոլրանետի գործը ի՜նչ է: