Լրահոս

22 ՅՈՒԼԻՍԻ՝ «ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿԻ ՕՐ»-ՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՒ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ

Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քարոզչական յանձնախումբին եւ մասնակցութեամբ քարոզչական Ա. համագումարի մասնակիցներուն

 

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յաձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական քարոզչական Ա. համագումարի մասնակիցներուն ներկայութեամբ, Երեքշաբթի, 21 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7.30-ին, Երեւանի «Հոլիտէյ ինն» պանդոկի «Արմաւիր» սրահին մէջ նշուեցաւ «Հայ մարզիկի օր»-ը։ Հինգ տարիէ կը նշուի 22 Յուլիսին, հայ մարմնակրթութեան մեծ ռահվիրայ Շաւարշ Քրիսեանի ծննդեանը օրը։ Այս տարի, սակայն, ան շուք եւ թելադրականութիւն ունեցաւ, նախ՝ Երեւանի մէջ եւս նշուելով, եւ ապա՝ «Օր»ը նուիրուելով միջազգային մարզական մրցաշարքերու պատուաբեր յաջողութիւններ արձանագրած Արցախի մարզիկ-մարզիկուհիներուն։

«Հայ մարզիկ»-ի օրուան երեկոն իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան, Արցախի երիտասարդութեան, մարմնակրթութեան եւ զբօսաշրջութեան վերջին նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Անդրանիկ Չաւուշեան եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական քարոզչական Ա. համագումարի մասնակիցներ։

Գնահատանքի երեկոն սկսաւ Հայաստանի, Արցախի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայլերգներով եւ հայութեան եւ Արցախի համար զոհուած հերոսներու յիշատակին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ։

Բացման խօսքը արտասանեց եւ օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի անդամ քոյր Նայիրի Ազարիկեան։ Ան իր խսօքին սկիզբը ըսաւ, որ «Հայ մարզիկի օր»-ը օրն է յարգանքի տուրք մատուցանելու այն բոլոր հայ մարզիկներուն, որոնք իրենց հպարտալի իրագործումներով, նուիրումով եւ ազնիւ մրցակցութեամբ կը կերտեն հայ մարզական կեանքին փառաւոր պատմութիւնը։

Advertisement Subscribe Today

Քոյր Ազարիկեան նկատել տուաւ, որ «Այսօր, երբ անցեալի փառաւոր էջերը կը յիշենք, կը հաստատենք որ Հայ մարզիկը միայն ախոյեանութիւններու հետամուտ անձ մը չէ. Ան ազգային արժէքներու դրօշակիր է, կամքի, կարգապահութեան, ազնիւ մրցակցութեան եւ ծառայութեան մարմնացում է»։ Ապա, երեկոյին կազմակերպման մասին խօսելով, քոյրը յայտնեց, որ «Յուլիս 22-ի՝ «Հայ մարզիկի օր»ուան առիթով՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը, Կեդրոնական Վարչութեան քաջալերանքով, գեղեցիկ մտայղացումը ունեցաւ գնահատելու եւ լուսարձակի տակ առնելու միջազգային մրցանակներու տիրացած արցախցի մարզիկներ, որոնք  թէեւ այսօր տեղահան են, սակսյն  կը շարունակեն հայութեան անունը բարձր պահել իրենց փայլուն յաղթանակներով։ Անոնք ամէն տեսակ դժուարութիւն յաղթահարելով կը պայքարին իրենցմէ շատ աւելի յարմարութիւններ եւ դիւրութիւններ ունեցող մարզիկներու դէմ եւ այդուհանդերձ կը յաջողին փայլուն մրցանակներ խլել եւրոպական թէ համաշխարհային մակարդակի վրայ»։ Հետեւաբար,- նկատել տուաւ ան,- մենք մեր  երախտագիտութիւնը պիտի յայտնենք այն սքանչելի մարզիկներուն, որոնց արցախցիի անկոտրում հաւատքը եւ մրցակիցին դիմաց տեղի չտալու անյաղթահարելի կամքը ներշնչումի աղբիւր են բոլորիս համար»։

Երեկոյին ողջոյնի խօսք արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Անդրանիկ Չաւուշեան։ Ան ըսաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը աշխարհի 41 շրջաններու մէջ հազարաւոր հայ երիտասարդներ կը համախմբէ ազգային, մարզական եւ սկաուտական արժէքներու շուրջ։ Եղբայրը Արցախի մասնաճիւղի վարչութեան անունով շնորհաւորեց մեծարեալ բոլոր մարզիկները, ապա իր յատուկ երախտագիտութիւնը յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան՝ շեշտելով, որ ան միշտ իր ուշադրութեան կեդրոնը կը պահէ Արցախը, կը լուսաբանէ արցախեան իրականութիւնը եւ կ’արժեւորէ Արցախի առնչուած բոլոր յաջողութիւնները։

Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արցախի մասնաճիւղէն սկաուտներ Պելլա Խալատովա եւ Մարի Սայիեան ասմունքեցին Արցախեան բառբառով Գուրգէն Գաբրիէլեանի «Ղարաբաղ» ստեղծագործութիւնը։

Յաջորդ սրտի խօսքը արտասանեց Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արամ Պուլուզեան։ Ան ըսաւ, որ «մեր այսօրուան մարզիկները, մեր ապագայ մարտիկները» կարգախօսը երեբք չի կորսնցներ իր այժմէականութիւնն ու թելադրականութիւնը։

Ան նշեց, որ այսօր Արցախի մարզիկները միջազգային մրցաբեմերուն վրայ իրենց նուաճումներով կը ներկայացնեն Արցախի անկոտրում ոգին, որ երբեք չի մարիր։ Անոնք մարզական պայքարի ճամբով արձանագրած իրենց յաղթանակներով բարձր կը պահեն Արցախի դրօշը եւ արժանապատիւ կերպով կը ներկայացնեն իրենց ժողովուրդը համաշխարհային հարթակներու վրայ։ Արա Պուլուզեան շնորհաւորեց Արցախի մարզիկները իրենց վաստկած տիտղոսներուն եւ արձանագրած յաջողութիւններուն համար՝ մաղթելով, որ անոնք շարունակեն Արցախի դրօշը պահել իրենց սրտերուն մէջ, նորանոր բարձունքներ նուաճեն եւ իրենց հայրենասիրական ոգիով գալիք սերունդները ոգեշնչեն։

Խօսք առաւ նաեւ Արցախի երիտասարդութեան, մարմնակրթութեան եւ զբօսաշրջութեան վերջին նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան։ Ան ըսաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը մեծ ընտանիք մըն է, որ իր «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանով տասնամեակներ շարունակ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է հայ կեանքին մէջ։

Յովհաննէսեան նշեց, որ հայրենազրկումէն ետք արցախցիները բախեցան բազմաթիւ դժուարութիւններու, իսկ ընկերային ցանցերու եւ զանազան հարթակներուն վրայ տարածուող հակաարցախեան քարոզչութիւնը փորձեց ընկճել անոնց ոգին։ Սակայն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ական երիտասարդներու նուիրումն ու հետեւողական աշխատանքը նպաստեց այդ դժուարութիւններու յաղթահարման։

Լեռնիկ Յովհաննէսեան բարձր գնահատեց Արցախի մարզիկներուն արձանագրած յաջողութիւնները՝ յայտնելով, որ անոնք զանազան մարզաձեւերու մէջ ախոյեան դառնալով եւ իրենց նուիրեալ պայքարով Արցախի հայութիւնը արժանապատիւ կերպով կը ներկայացնեն համահայկական մարզական դաշտին վրայ։ Ան խրախուսեց մարզիկները՝ շարունակելու իրենց ուղին նոյն վճռակամութեամբ՝ շեշտելով, որ պէտք է կենդանի պահել Արցախ վերադարձի տեսլականը, պահպանել հայրենիքի յիշողութիւնը եւ պատրաստ ըլլալ, որպէսզի բարենպաստ պայմաններու ստեղծման պարագային այդ ամբողջ ներուժն ու ձեռքբերումները տեղափոխուին Արցախ։

Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրուեցան միջազգային մրցաշարքներու ախոյեանական տիտղոսներ շահած Արցախի մարզիկ-մարզիկուհիներ, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեանի ձեռամբ ստացան յատուկ յուշանուէրներ եւ նիւթական պարգեւներ։

Պարգեւատրուեցան հետեւեալ մարզիկ-մարզիկուհիները.-

Տիգրան Թովմասեան-17 տարեկան, Սանտա Ուշու, աշխարհի պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի ախոյեան, Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր, Ասիոյ ախոյեան, Կովկասի եռակի ախոյեան։

Ալեքս Խաչատրեան- 15 տարեկան, Սանտա Ուշու, Եւրոպայի ախոյեան, Ասիոյ ախոյեան, Կովկասի ախոյեան։

Արսէն Բաղրեան- 25 տարեկան, Սանտա Ուշու, աշխարհի կրկնակի պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի ախոյեան, աշխարհի բաժակի արծաթէ մետալակիր, Եւրոպայի եռակի ախոյեան։

Սեւակ Մուսայէլեան- 20 տարեկան, Սանտա Ուշու, աստղերու բաժակի պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի ախոյեան։

Գարօլինա Համբարձումեան- 18 տարեկան, Սանտա Ուշու, աստղերու բաժակի յաղթող, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան։

Ռուզաննա Բալասանեան- 23 տարեկան, սամպոյի Եւրոպայի 2021-ի առաջնութեան երրորդ դիրքին տիրացած, իսկ Հայաստանի սամպոյի 2026-ի ախոյեանութեան երկրորդ դիրքին տիրացած։

Արման Պարսիեանց- 18 տարեկան՝ ճիւտոյի Պալթեան բաժակի մինչեւ 18 տարեկան դասակարգի 2026-ի ախոյեան՝ Լեհաստանի Կտինիա քաղաքին մէջ։

Ի բացակայութեան գնահատանքի արժանացան Ալեքս Խաչատրեան (19 տարեկան, սամպօ, 2024-ին Եւրոպայի պատանիներու ախոյեան, 2026-ին Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան) եւ Էռնեստ Միրզոյեան (ճիւտոյի Պալթեան բաժակի մինչեւ 18 տարեկան դասակարգի ախոյեան)։

Աւարտին, երեկոյին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը եւ ըսաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Արցախի կապը անխզելի է։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վերջին Պատգամաւորական Ընդհանուր ժողովին որոշումով՝ միութեան բոլոր սկաուտներն ու մարզիկները իրենց տարազներուն վրայ կը կրեն Արցախի յատուկ պէճը։ Նոյն ժողովին որոշուեցաւ նաեւ բարձր պահել Արցախի դրօշը՝ մինչեւ այն օրը, երբ արցախահայութիւնը վերադառնայ իր պապենական հայրենիք։

Այս առիթով, եղբ. Խաչերեան պատմական զուգահեռ մը կատարեց՝ յիշեցնելով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը տասնամեակներ շարունակ բարձր պահած էր Եռագոյնը՝ այն տարիներուն, երբ ան ընդունելի չէր նոյնիսկ կարգ մը հայկական շրջանակներու մէջ, շեշտելով, որ այսօր նոյն վճռակամութեամբ ան պիտի շարունակէ բարձր պահել Արցախի դրօշը, որովհետեւ ան պարզ խորհրդանիշ մը չէ, այլ՝ մեր ազգային կամքին եւ հաւատքին արտայայտութիւնն է։

Եղբ. Խաչերեան յայտնեց, որ իբրեւ պասքեթպոլի Ասիոյ ցամաքամասի միջազգային ֆետերասիոնի գործադիր տնօրէն շատ բաժակներ եւ մրցանակներ յանձնած է, սակայն Արցախի մարզիկներուն տրուած յուշանուէրը տարբեր իմաստ եւ թելադրականութիւն ունէր իրեն համար։ Ան յոյս յայտնեց, որ մօտ ապագային Արցախի մարզիկները միջազգային մրցաբեմերուն վրայ նորանոր ախոյեանութիւններ կը նուաճեն եւ ազգային քայլերգը կը հնչեցնեն աշխարհի զանազան հարթակներուն վրայ։

Իր խօսքին աւարտին, եղբ. Խաչերեան վստահութիւն յայտնեց, որ Արցախի ազատագրումէն ետք Հ.Մ.Ը.Մ.-ականները ըլլան Արցախի դրօշը առաջին տուն դարձնողները։

ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Եռօրեայ աշխատանքներէ ետք, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական քարոզչական Ա. համագումարը իր աւարտին հասաւ երէկ, Չորեքշաբթի, 22 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 6-ին։ Համագումարի ընթացիկ նիստերու կողքին,  յատուկ զեկուցում մը ներկայացուց ԹՈՒՄՕ-ի հանրային կապերու ղեկավար Շուշան Մարուքի՝ նիւթ ունենալով «Հանրային կապերու դերն ու հնարաւորութիւնները Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գաղափարախօսութեան եւ գործունէութեան տարածման մէջ»։

Յայտնենք, որ համագումարի մասնակիցները երէկ այցելեցին Հայաստանի Ազգային արխիւ եւ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի տեսալսողական բաժանմունք (media lab)։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button