ԳլխաւորՅօդուածներ

2025՝ ՕՁԻ ՏԱՐԻ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Դարերէ ի վեր չինական աստղագիտութիւնը մարդոց տարիները բաժնած է 12 կենդանիներու անուններով: Այսպէս առաջին տարուան անունը սկսած է մուկով, անոր յաջորդած է ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը: Այս ձեւով, ամէն 12 տարին անգամ մը, նոյն անասունը կը յիշուի չինական օրացոյցին վրայ: Այս տարի 2025-օձի տարի է:

Իսկ գալով հայկականին, կ՚ուզենք պարզապէս յիշեցնել, թէ հայկական տոմարի առաջին ամիսը եղած է Նաւասարդը, որ կը համապատասխանէ Յուլեան տոմարի Յունուարին: Նաւասարդ բառը կազմուած է նաւա (նոր) եւ սարդ (տարի) բառերէն եւ կը նշանակէ Նոր տարի, Ամանոր: Հայոց տոմարին մէջ Նաւասարդը կ՚երկարի 11 Օգոստոսէն մինչեւ 9 Սեպտեմբեր: Աւանդութեան համաձայն Նաւասարդը Հայկ նահապետի դուստրերէն մէկուն անունն էր, որով Հայկ ուզած էր կոչել տարուան առաջին ամիսը:

Ճանչնանք 2025-ը, կամ՝ օձի տարին:

Չինական աստղագիտութեան մէջ օձը կը գրաւէ վեցերորդ դիրքը: Կը նախատեսուի, որ օձի տարին իր հետ բերէ խաղաղութիւն, համբերութիւն եւ յաջողութիւն: Որովհետեւ, օձը չինացիներու եւ մանաւանդ վիեթնամցիներու մօտ բախտի ու խաղաղութեան նշան է: Իրենց կարծիքով՝ օձը կը սիրէ խաղաղ տեղեր ապրիլ, ապահով եւ անվրդով:

Կարգ մը չինացի աստղագէտներու համաձայն, 2025 տարին պիտի ըլլայ փոխանցման տարի մը նախորդ տարուան ընթացքին սկսած պատերազմին կամ պատերազմներուն եւ կամ դժբախտ պատահարներուն: Դէպքերն ու ամէն տեսակի իրադարձութիւնները իրենք զիրենք կը մատնեն արդէն եւ 2024 թուականի քաղաքականութեան հետեւած անձերուն կը յուշեն, թէ ինչպիսի զարգացումներ տեղի պիտի ունենան այս նոր տարուան ընթացքին:

Advertisement Subscribe Today

Իսկ գալով օձին եւ չինացիներու կողմէ անով ճանչցուած այս նոր տարուան,  աստղաբաշխները կ՚ընդունին, որ օձը կը մարմնաւորէ որոշ չափով հպարտութիւն, խորամանկութիւն, մեծութիւն, ճարպիկութիւն, կասկածամտութիւն եւ նաեւ օրհնութիւն ներշնչող ու տուող:

Իրենց համար օձը կը խորհրդանշէ թէ՛ կեանք, թէ՛ հմայք եւ լաւ ու դրական նշան: Անոր համար մեծ թիւով չինացիներ իրենց տան մէջ օձ կամ անոր նկարները կամ ալ անոր խորհրդանշական արձանները կը պահեն: Ուստի հիմնուելով իրենց այս տուեալներուն վրայ, ըստ իրենց, օձի տարին ծնած անհատը կ՚ըլլայ քաղաքագէտ: Ան կրնայ յաջող բանագնաց մըն ալ ըլլալ եւ կամ ալ բանակցութիւններ վարել կեանքի ամէն մարզերէ ներս:

Բարդ խառնուածքի տէր ըլլալով հանդերձ այս տարուան ծնունդները այն տպաւորութիւնը կը թողուն, որ իրենք իրազեկ են ամէն բանի: Գիտութեամբ զինուած, բիրտ նկարագրով եւ պրպտող միտքով անձեր կը նկատեն իրենք զիրենք եւ որոնք կը սիրեն բարեկամութիւն հաստատել կամ ընկերակցիլ:

Իրենց համար ընկերը եւ կամ ընկերութիւնը տեւական կամ յաւիտենական իմաստ ունի: Ասոնք կ՚ուզեն միշտ երիտասարդ մնալ: Ասկէ մեկնած, շատ հոգ կը տանին իրենց արտաքինին: Լաւ կը հագնին: Լաւ կ՚ուզեն ապրիլ: Սուղ հագուստներ կը նախընտրեն գնել: Իրենց ուտելիքով մտահոգ են: Կ՚ուզեն միշտ կուշտ ապրիլ: Երբեք նիւթականով չեն մտահոգուած: Սակայն ամենէն վախազդուն՝ ասոնք կ՚ատեն ձախողութիւնը եւ ի գին ամէն զոհողութեաբ եւ զոհաբերութեամբ կ՚ուզեն յաջողիլ:

Ուրեմն կը հետեւցուի, թէ այս տարուան ընթացքին ծնած անձերը կրնան ըլլալ նաեւ խոկացող, արտաքնապէս յուզական անձեր: Կ՚ուզեն շուտով ամէն բանի տէր դառնալ: Անոր համար իրենց մէջ հետեւողականութեան նկարագիրը շատ շեշտուած է:

Ասոնք նաեւ կրնան ըլլալ կասկածամիտ եւ զգուշաւոր: Իրենց համար էականն ու կարեւորը վայրկեան առաջ իրենց նպատակին հասնիլն է: Տիրանալն է իրենց փափաքին: Տէրը դառնալն է իրենց երազին:

Այս տարուան ընթացքին ծնած անձերը իրենց ընտանիքով միշտ մտահոգ եղած են: Հաւատարիմ եւ օգտակար հանդիսացող անձեր ալ են, որոնց ներքին կեանքին եւ զգացումներուն թափանցելը շատ դժուար է: Անոնք սիրոյ մէջ բախտաւոր կ՚ըլլան:

Եթէ արեւելքի ժողովուրդներուն մեծ մասը օձը իբրեւ խաղաղութեան եւ յաջողութեան նշան ընտրած է, սակայն արեւմուտքի մէջ մարդիկ այս իրողութեան հակառակը կը մտածեն: Այս վերջիններուն համար օձը դժբախտութիւն բերող է եւ հաճելի չէ երբեք: Կը կարծեն, որ կարելի չէ օձին հետ բարեկամանալ, որովհեհետ օձը նկատի ունին իբրեւ խաբեբայ եւ խորամանկ, իբրեւ «սուտ լաց» եղող կենդանի, որ իր որսին հասնելու համար հազար ու մէկ հնարքներ կ՚որոնէ:

Բայց, ինչ ալ ըլլան օձի մասին գրուած կամ տրուած ածականներն ու մակդիրները, լաւ կամ վատ կողմերը, ան իր յստակ եւ որոշ տեղը ունեցած է եւ տակաւին կը շարունակէ ունենալ չինացիին ու ներկայիս աշխարհի շատ մը ժողովուրդներուն կեանքին մէջ:

Ստորեւ չինական տարիներու բաժանումները իրենց տարիներու դասաւորումով.-

1.- Առնէտ – 1900-1912-1924-1936-1948-1960-1972-1984-1996-2008-2020-2032

2.- Ցուլ -1901-1913-1925-1937-1949-1961-1973-1985-1997-2009-2021-2033

3.- Վագր    -1902-1914-1926-1938-1950-1962-1974-1986-1998-2010 -2022-2024

4.- Նապաստակ -1903- 1915-1927-1939-1951-1963-1975-1987-1999-2011-2023-2025

5.- Վիշապ -1904-1916-1928-1940-1952-1964-1976-1988-2000-2012-2024-2036

6.- Օձ – 1905-1917-1929-1941-1953-1965-1977-1989-2001-2013-2025-2037

7.- Ձի -1906-1918-1930-1942-1954-1966-1978-1990-2002-2014-2026-2038

8.- Ոչխար -1907-1919-1931-1943-1955-1967-1979-1990-2003-2015-2027-2039

9.- Կապիկ -1908-1920-1932-1944-1956-1968-1980-1992-2004-2016-2028-2040

10.- Աքլոր-1909-1921-1933-1945-1957-1969-1981-1993-2005- 2017 -2029-2041

11.- Շուն -1910-1922-1934-1946-1958-1970-1982-1994-2006-2018-2030-2042

12.- Խոզ -1911-1923-1935-1947-1959-1971-1983-1995-2007-2019-2031-2043

Վերոնշեալ տարիներուն ծնած անձերը կ՚ըլլան լաւ բնաւորութեան տէր եւ արագ բարեկամութիւն հաստատողներ: Գիտակից եւ զարգացած: Նպաստակին համար գերագոյն աստիճան զոհաբերող եւ արտաքնապէս հանդարտ իրավիճակով անձեր: Միշտ կը գնահատուին իրենց բարեկամութեամբ եւ հաւատարմութեամբ:

Իսկ այս անձերուն նկարագրի տկար կամ ժխտական կէտերը նկատուած են անոնց զգուշաւորութիւնը: Շատ յաճախ կասկածամտութեան պատճառով իրենց գործը կամ արհեստը փոխած են: Թէեւ հարցերը շուտով կրցած են լուծել, սակայն ընդհանրապէս սուտ խօսելով ուզած են ինքարդարանալ: Նախանձոտ են եւ կասկածամիտ: Հակառակ իրենց կողմէ տրուած բոլոր խոստումներուն, ասոնց պէտք է միշտ զգոյշ մօտենալ: Գործի մէջ շատ լաւ եւ հաւատարիմ ընկերներ կամ գործակիցներ ըլլալով հանդերձ, անոնք նաեւ կրնան արագ կերպով նոր հարցեր ստեղծել:

Այս տարուան ընթացքին ծնած անձերը կրնան ըլլալ շատ լաւ գիտնականներ, ոսկերիչներ, գործատէրեր, հոգեբաններ, քաղաքագէտներ, պրպտողներ, գծագրիչներ, քաղաքական եւ հոգեւոր ղեկավարներ եւ նկարիչներ:

Օձի տարիներուն ծնած նշանաւոր դէմքեր.-

Մահաթմա Կանտի, Մաու Ցի Թունկ, Ինտիրա Կանտի, Ֆերտինանտ Մարքոս, Աբրահամ Լինքըլն, վարչապետ Թոնի Պլէյր, Ժագլին Քենետի, Մարթեն Լուտեր Քինկ եւ դերասանուհի Կրէյս Քելլի:

«Օձի»ն նախընտարած թիւերը.- 2-14. իսկ նախասիրած գոյնը՝ կապոյտ:

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ

Օրացոյցային զարմանալիքներ՝ ըստ Թէոդիկի (1929, Փարիզ)

1.- Յունուար եւ Հոկտեմբեր ամիսները միշտ կը սկսին շաբթուան նոյն օրով:

2.- Ապրիլն ու Յուլիսը միշտ կը սկսին շաբթուան նոյն օրով:

3.- Սեպտեմբերն ու Դեկտեմբերը միշտ կը սկսին շաբթուան նոյն օրով:

4.- Փետրուար, Մարտ եւ Նոյեմբեր ամիսները միշտ կը սկսին շաբթուան նոյն օրով:

5.- Տարուան 12 ամիսներէն՝ Մայիսը, Յունիսն ու Օգոստոսը միշտ կը սկսին տարբեր օրերով:

6.- Այս բոլոր օրինաչափութիւնները նահանջ տարուայ յատուկ չեն:

7.- Ո՛չ մէկ դար կրնայ սկսիլ Չորեքշաբթի, Ուրբաթ կամ Կիրակի օրերով:

8.- Ր գիրը ունեցող ամիսներուն ոտք եւ մարմին պէտք է տաք պահուին, իսկ Ր գիրը չունեցող ամիսներուն՝ հակառակը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button