Year: 2021

  • Dec- 2021 -
    21 December
    Կիզակէտ

    ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻԻՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԵՒ  ԵՐԵՒԱՆԻ  ԼՈՒՐԵՐԸ ԵՒ …ՔԱՍՈՒԼԷ

                  Էլպիս եւ Մակարուհին շուկայ գացին: Արմենակին հետ, խոհանոցը նստած, պատրաստած սուրճս վայելեցինք:             Էլպիսի բացակայութենէն օգտուելով, Արմենակ բացաւ…

    Կարդալ աւելին »
  • 21 December
    Յօդուածներ

    ՈՐԿՈՐ ԵՒ ՈՐԿՈՐԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

    Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան Մոնրէալ Որկորը, կերակրափողը (esophagus), մկանային, բարակ, պարապ եւ երկար խողովակ մըն է, որ ունի 25-30 սմ երկարութիւն:…

    Կարդալ աւելին »
  • 21 December
    Գլխաւոր

    Արցախի Մանուկներուն Համար

    Ա․Մ․Ն․ արեւեւելեան շրջանի Ամերիկայի Հայկական Մշակութային Միութեան եւ Արցախ ֆոնտի նախաձեռնութեամբ «Արցախի Համազգայինի մանուկներին» ծրագրին գծով, նուէրներ փոխանցուեցան Ստեփանակերտի եւ…

    Կարդալ աւելին »
  • 21 December
    Խմբագրական

    ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ (ԱՆ)ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄ․․․

    ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն Խմբագրական Բեմահարթակներէն կրկին կը խօսուի հին թնճուկին մասին։ Թնճուկ կամ կնճռոտ հարց ըսելով՝ ի մտի ունինք ՀԱՅ – ԹՈՒՐՔ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆը: Անգամ մը եւս, ըստ սովորականին, լուրը հրապարակ նետուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ եւ տարածք գտաւ: Մե՛րթ սուլթանամէտ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան եւ մե՛րթ անոր հլու կամակատարը՝ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու շաբաթներէ (նոյնիսկ ամիսներէ) ի վեր այդ հարցը կ’արծարծէին։ Սակայն իրականութեան մէջ, «բանն ինչումն է»-ն՝ երխօսութիւնը չէ, այլ այդ առաջին քայլէն ալ անդին, տիրող մթնոլորտն է հարցը։ Պարզ ու մեկին. Հայաստանն ու Թուրքիան ահաւասիկ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած յստակ քայլեր ձեռնարկելու պատրաստակամութիւն կը յայտնեն եւ այդ գծով երկուստեք յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակելու ընթացքին մէջ են: Ներազգային գետնի վրայ, «ալիք» մը գործի լծուած է այս ուղղութեամբ, եւ  ճիշդն ու սխալը, պաղն ու տաքը իրարու խառնելով, կը յանդգնի դրական աչքով դիտել յարաբերութիւններու կարգաւորման ծրագիրները։ Թէ՝ այդ վերլուծաբանները իրենց կարծիքները ի՞նչ պայմաններու հիմամբ կամ ի՞նչ ճնշումներու տակ կ՛արտայայտեն՝ կը մնայ մեծ հարցականը։ Իրականութեան մէջ, նկատի ունենալով քաղաքական բեմահարթակին վրայ յետ պատերազմեան շրջանին ստեղծուած կացութիւնն ու պատկերը, կը սպասուէր, որ այսպիսի դժնդակ իրավիճակի մը մէջ գտնուինք։ Չթողունք այն տպաւորութիւնը, թէ կը կրկնենք վարչապետ Փաշինեանը տապալելու յանկերգը,  այլ պարզապէս կը յիշեցնենք, կը վերյիշեցնենք եւ կը կրկնենք, թէ երբ պատերազմը կորսնցուցած ղեկավարութիւն մը կառչած մնայ իր պաշտօնին, դէպքերու հանդէպ ճիշտ զգացողութիւնն ու քաղաքական ողջմիտ եւ արդար տրամաբանութեան հասկացութիւնն ալ կը կորսուի, ահա այսպէս՝ երկիրը կը մնայ կաշկանդուած ու պատանդ՝ անկարողութեան մատնուածի «ելոյթներուն»: Յստակ է, թէ համեմատած մղոններ հեռու գտնուող բարեկամ պետութիւններուն (անշուշտ կասկածելի է, որ լիարժէքօրէն բարեկամ երկիր մը գոյութիւն ունի Հայաստանի համար), սահմանակից երկիրներու հետ յարաբերութիւն մշակելը շատ աւելի կարեւոր է եւ կենսական։ Սակայն նո՛յնքան բնականաբար, շա՛տ աւելի դժուար է բարեկամութեան էջ բանալ դրացիներու հետ, մանաւանդ երբ սահմանակից երկիրները ո՛չ միայն հարցեր ունին քեզի հետ, այլ առանց այլեւայլի թշնամի են եւ դեռ տարի մը առաջ, մահասփիւռ ու աւերիչ պատերազմ մղած ու յաղթական դուրս եկած են, այդ պատերազմին «թափօններ»-ը կը մնան օդէն կախուած…։ Յետ-պատերազմեան ողբալի կացութիւնը քանդած է նաեւ դիւանագիտութիւնը եւ այդ բնագաւառէն ներս սեղանի վրայ քննուելիք հարցերու գործելակերպը։ Այնպիսի կացութիւն մը ստեղծուած է, որ դէմ դիմաց նստող կողմերը իբրեւ հաւասարներ չեն ներկայացուիր։ Թէ՛ հող, թէ՛ արժանապատուութիւն եւ թէ՛ դիւանագիտութիւն կորսնցուցած Հայաստանը, իբրեւ պարտեալ, ձեռքերը կապուածի դրութեամբ կը յայտնուի յաղթականին կամ յաղթականներուն՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դիմաց։ Արցախը իրողապէս եւ, ըստ երեւոյթին՝ իրաւապէս դուրս նետուած է բանակցութեանց սենեակներէն: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման մասին ալ ոչ մէկ խօսք կայ հայ – թուրք երկխօսութեան օրակարգին վրայ։ Այս պայմաններուն մէջ, Արեւմտահայաստանի հողերու մասին խօսիլը, բնականաբար, անհեթեթ է եւ դժբախտաբար՝ անտեղի։ Հարցը ճապաղած եւ դուրս եկած է իր ուղիէն. այս գծով իր լուրջ մտահոգութիւններ յայտնեցին դիւանագիտական ոլորտէն ներս փորձառութիւն ձեռք ձգած  բազմաթիւ անձնաւորութիւններ։ Փաստօրէն, Թուրքիոյ եւ անոր հովանին վայելող Ատրպէյճանի համար, Արցախի հարցը լուծուած է։ Հիմնահարց գոյութիւն չունի։ Հետեւաբար, աւելի դիւրին է… «մանիպուլացիա»-ի անցնիլը։…

    Կարդալ աւելին »
  • 21 December
    Գլխաւոր

    Մարդը Աւելի Գերակշիռ Արժէք Է, Քան` Առեւտուրն Ու Ճամբաները

    ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Աւելի քան մէկ տարի անցաւ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմ պարտուողական յայտարարութեան ստորագրութենէն, սակայն հակառակ այս իրականութեան, տակաւին…

    Կարդալ աւելին »
  • 21 December
    Գլխաւոր

    ՀԱՅԵՒԹՈՒՐՔ ՄԵՐՁԵՑՄԱՆ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

    Ա.Ա. Հայաստան- Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման պատմութիւնը ձախողութիւններով լեցուն է։Մինչեւ Արցախեան երկրորդ պատերազմը, Երեւան- Անգարա յարաբերութիւններուն հաստատման որեւէ փորձ կը բախէր…

    Կարդալ աւելին »
  • 21 December
    Յօդուածներ

    ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ.- Յարութիւն Պէրպէրեանի Բանաստեղծութիւններու «Առաձգական» Հատորը

    Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ «ԱՅՑԵՔԱՐՏ» – Խորագիր՝ Առաձգական: – Հեղինակ՝ Յարութիւն Պէրպէրեան: – Լոյս տեսած՝ Երեւանի «Զանգակ» հրատարակչատունէն, 2021, 272 էջ: (Պատառիկ…

    Կարդալ աւելին »
  • 21 December
    Ամերիկահայ

    Նիւ Եորքի Հ․ Օ․ Մ․-ի «Մայր» Մասնաճիւղի Կազմակերպած Ձեռնարկը 

    Նիւ Եորքի Հայ Օգնութեան Միութեան «Մայր» մասնաճիւղի տօնական օրերու վաճառքը տեղի ունեցաւ կիրակի, Դեկտեմբեր 5-ին, Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ ներքնասրահէն…

    Կարդալ աւելին »
  • 21 December
    Ամերիկահայ

    ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԿՐԱՆԻԹ ՍԻԹԻ

    ԿՐԱՆԻԹ ՍԻԹԻ (Իլինոյ)․- Կիրակի, Դեկտեմբեր 5-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց եւ քարոզեց Սուրբ Գրիգոր…

    Կարդալ աւելին »
  • 21 December
    Ամերիկահայ

    ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ՝ ԴՈԿՏ. ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆԻ ԳԻՐՔԻՆ

      ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8-ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ պատմաբան ու գրականագէտ Վարդան Մատթէոսեանի «Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանելու…

    Կարդալ աւելին »
Back to top button