ԼՈՒՐԵՐ ՆԻՒ ԵՈՐՔԷՆ.- ՍՐԲՈՑ ՆԱ­ՀԱ­ՏԱ­ԿԱՑ ԱՄԵՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐ­ԺԱ­ՐԱ­ՆԻ 30-ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆ­ԴԷՍ

0 0
Read Time:5 Minute, 1 Second

Լուսանկարները`ՌՈՊԵՐԹ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

      Յ.Վ.   Յու­նիս 15, Ուր­բաթ երե­կոյ­եան, Պէյ Սայ­տի մեր եկե­ղեց­ւոյ “Գա­լուստ­եան“ սրա­հը լե­ցուն էր ծնող­նե­րով, ու­սու­ցիչ­նե­րով, նախ­կին շրջա­նա­ւարտ­նե­րով, բա­րե­րար­նե­րով ու զա­նա­զան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րով, որոնք բո­լո­րը եկած էին Նիւ Եոր­քի քա­ղա­քի մի­ա՛կ հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 45 եւ շրջա­նա­ւար­տա­կան հան­դէ­սի տա­րե­կան 30-րդ տա­րե­դար­ձին ներ­կայ գտնուե­լու:

Բա­րի գա­լուս­տի խօս­քով հան­դէս եկաւ տնօ­րէ­նու­հին Տի­կին Զար­մի­նէ Պօ­ղոս­եան եւ տուաւ օր­ուան խոր­հուր­դը ծան­րա­նա­լով մա՛­նա­ւանդ հայ դպրո­ցին ջամ­բած ազ­գա­յին կրթու­թեան վրայ: Դժուար, որ կա­րե­նանք երե­ւա­կա­յել այ­լեւս այս վար­ժա­րա­նին բա­րի ու ապա­հով եր­թը առանց մեր Զար­մի­նէ­ին: Համ­բե­րա­տար, բծախն­դիր իր նկա­րագ­րով, կրթան­ուէր իր առա­քե­լու­թեամբ, հա­յե­րէն լեզ­ուի նկատ­մամբ իր ան­հուն սի­րո­վը, ամ­բող­ջու­թիւն մը կը դառ­նայ ան եւ կը նոյ­նա­նայ դպրո­ցին իսկ էու­թեան հետ: Ան հան­գա­մա­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց ու­սուց­չա­կան կազ­մի ան­դամ­նե­րը:

Նա­խակր­թա­րա­նէն հինգ շրջա­նա­ւարտ­նե­րու հունձք մըն է այս տար­ուա­նը: Կո­կիկ եւ խնամ­եալ յայ­տա­գիր մը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ 5-րդ դա­սա­րա­նի աշա­կերտ­նե­րուն հետ, հրամ­ցու­ցին անոնք ան­թե­րի կեր­պով: Հայ գիր­քի տպագ­րու­թեան 500-ամ­եա­կին նուիր­ուած Յա­կոբ Մե­ղա­պար­տի խօս­քե­րով ան­գիր հրամց­ուա­ծը` մե­ծա­պէս տպա­ւո­րեց ներ­կա­նե­րուն: Իսկ անգ­լե­րէն բա­ժի­նով` ծաղ­կա­քաղ մը Տէյ­վիտ Խըրտ­եա­նի անգ­լե­րէն բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րէն ու քա­նի մը անգ­լե­րէն եր­գեր հրամց­ուե­ցան դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ` Ժ. Մար­գար­եա­նի

Հուսկ Բան­քը ուղղ­ուած աւար­տա­կան դա­սա­րա­նին, 1987ի շրջա­նա­ւար­տի` Տի­կին Յու­շեր Պզտիկ­եան-Քա­լիկ­եա­նի կող­մէ մե­ծա­պէս տպա­ւո­րիչ ու առինք­նող էր: Ան օրի­նակ բե­րաւ իր իսկ կեան­քէն ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը, որոնց հա­մար ան կը մնայ ան­հու­նօ­րէն շնոր­հա­պարտ  իր մայր վար­ժա­րա­նին`  ՍՆԱ­Վին: Հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան կող­քին, վար­ժա­րա­նի ու­սում­նա­կան մա­կար­դա­կին անդ­րա­դար­ձաւ լայ­նօ­րէն: Ու որ­պէս երախ­տա­գի­տու­թիւն, ահա՛ իր աղ­ջի­կը ար­ձա­նագ­րած է ար­դէն վար­ժա­րա­նին ման­կամ­սու­րը` “Հայ պար­տէ­զը“:

Վկա­յա­կան­նե­րը բաժն­ուե­ցան տնօ­րէ­նու­հի Տի­կին Զար­մի­նէ Պօ­ղոս­եա­նի եւ 6-րդ դա­սա­րա­նի դա­սա­տու Պրն. Քրիս­թո­ֆըր Գոն­թե­րելլիի ձե­ռամբ:

Հան­դի­սու­թեան աւար­տին հրամց­ուե­ցաւ հա­յե­րէն եր­գե­րու փունջ մը. Կո­մի­տա­սի “Լէպ-հո, լէ, լէ“, Է. Միհ­րան­եա­նի “Երա­զանք“, Պերճ Թիւ­րապ­եա­նի, որ ներ­կայ էր հան­դէ­սին, “Փիւ­նիկ“ը եւ Գէ­որգ Խրլոբ­եա­նի բա­ռե­րով “Հա­յաս­տան“ը ղե­կա­վա­րու­թեամբ` Անա­հիտ Պօ­ղոս­եա­նի եւ դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ` Նուարդ Ծ. Տա­տուր­եա­նի:

Հրա­ւիր­ուե­ցաւ հան­դէ­սին ներ­կայ գտնուող Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Հ.Հ. հա­ւա­տար­մա­տարն ու մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը դես­պան Կա­րէն Նա­զար­եա­նը, որ վեր առաւ հայ դպրո­ցին կա­րե­ւո­րու­թիւնը որ­պէս ազ­գա­պահ­պան­ման եւ հա­յա­կերտ­ման մնա­յուն խա­րիսխ:

Յա­նուն վար­ժա­րա­նի հո­գա­բար­ձու­թեան հա­մա­-ա­տե­նա­պետ Արեգ Նշան­եան խօսք առ­նե­լով խոս­տա­ցաւ ու ապա­հո­վե­ցուց ներ­կա­նե­րուն որ այս վար­ժա­րա­նին դռնե­րը մի՛շտ բաց պի­տի մնան:

Յայ­տագ­րի աւար­տին ներ­կա­նե­րը հիւ­րա­սիր­ուե­ցան:

“Հե­րոս դառ­նա­լու հա­մար բա­ւա­րար է երեք րո­պէ, իսկ պար­կեշտ մարդ ըլ­լա­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է ամ­բողջ կեանք մը“ բնա­բա­նով այս տա­րի մեր անու­շիկ շրջա­նա­ւարտ­նե­րը հրա­ժեշտ տուին իրենց դպրո­ցէն:  Անոնք վստա­հա­բար պար­կեշտ մար­դու հետ մի­ա­սին պի­տի դառ­նան ամ­բող­ջա­կան հայ մար­դը, պա­տի՛ւ բե­րե­լով իրենց վար­ժա­րա­նին եւ ու­սու­ցիչ­նե­րուն ու ծնող­քին:

Այս առ­թիւ, առաջ­նորդ Խա­ժակ Արք. Պար­սամ­եան իր օրհ­նու­թեան գի­րին մէջ կը գրէր. “Հայ դպրո­ցը որ­պէս նուի­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն եր­բեք պէտք չէ նա­հան­ջէ, իր դռնե­րը միշտ բաց պէտք է պա­հէ եւ իր խնամ­քին յանձն­ուած ան­մեղ ու մատ­ղաշ սե­րուն­դին պար­տի ջամ­բել մայ­րե­նի լե­զուն, պատ­մու­թիւնը. եւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րով ու աւան­դու­թիւն­նե­րով զի­նե­լով անոնց հո­գի­նե­րը տո­կուն նկա­րա­գի­րով ՀԱ­Յը պատ­րաս­տէ“:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles