Տերեւաթափ․- Տէր Գարեգին Աւագ Քհն. Գասպարեան (1930–2026)
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29-ին, էջմիածնական Թեմի Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի անխոնջ մշակներէն՝ Տէր Գարեգին Աւագ Քահանայ Գասպարեան կնքեց իր մահկանացուն:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն Արեւելեան Թեմը 75 տարիներ վայելեց անոր հաւատարիմ սպասաւորութիւնը, մանաւանդ եկեղեցական կոչումներ պատրաստելու ասպարէզին մէջ: Անսպառ եռանդով աշխատեցաւ եւ ցոյց տուաւ երկնաւոր արքայութեան ճամբան անթիւ հոգիներու:
Տէր Գարեգին Քհն. Գասպարեան ծնած է 18 Մայիս 1930-ին Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ, եւ 1944–1951 տարիներուն յաճախած է Անթիլիասի Ընծայարանը: Բարձրագոյն ուսումները շարունակելու համար Միացեալ Նահանգներ եկած է 1951 Դեկտեմբեր 10-ին:
Յովհաննէս Սարկաւագ Գասպարեան վկայուած էր որպէս Մագիստրոս հոգեբանութեան եւ հովուական խնամքի՝ Եպիսկոպոսական Աստուածաբանական Դպրոցէն “Խոստովանութիւն եւ Հոգւոյ Ապաքինում” աւարտաճառով 1955-ին եւ 1957-ին ամբողջացուցած է Հարվըրտ Համալսարանին աստուածաբանական մագիստրոսութեան յայտագիրը:
1957-ին Ուստըրի Սուրբ Փրկիչ Հայաստանեայց Եկեղեցիին մէջ երջանկայիշատակ Տէր Մամբրէ եպս. Գալֆայեան կը ձեռնադրէ զինք սարկաւագ:
Ան շարունակած է Պոսթըն Համալսարանի մէջ դոկտորական յայտագիրը՝ բայց նախ քան աւարտելը երջանկայիշատակ Տիրան Արքեպս. Ներսոյեան 1961-ին կոչած է զինք աշխատակցելու Սուրբ Ներսէս Ընծայարանի հիմնարկութեան՝ Իլլինոյ նահանգին Էվանսթըն քաղաքին մէջ, եւ ապա 1967-էն սկսեալ՝ Նիւ Եորք նահանգին Նիւ Ռոշէլ, եւ այժմ՝ Արմոնք, քաղաքներուն մէջ:
Թեմական մակարդակով մշակած է Հայ Քրիստոնեայ Երիտասարդութեան Ընկերակցութեան համար Հայկական Ուսումներու Յայտագիրը, հայ պարմաններն ու երիտասարդութիւնը ծանօթացնելով իրենց հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան:
1973-ի Յունիս ամիսէն սկսեալ Յովհաննէս Սարկաւագ, այն ատեն Ուսումնապետ Սուրբ Ներսէս Ընծայարանին, ղեկավարած է Ուեստչեսթըրի նորակազմ Սուրբ Յակոբ ծուխին հայ ընտանիքները գտնելու եւ ցանկագրելու աշխատանքը: Իսկ 1974-ի գարնան՝ երջանկայիշատակ առաջնորդ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Մանուկեան անուանած է զայն հոգեւոր խորհրդատու նորակազմ ծուխին:
Յովհաննէս Սարկաւագ ստացած է քահանայական ձեռնադրութիւնը Տ. Թորգոմ Արքեպս. Մանուկեանէն, 1974 Մայիս 19-ին, անուանուելով Գարեգին, ի յիշատակ Գարեգին Յովսէփեան Կաթողիկոսին, որուն աշակերտած էր Անթիլիասի Ընծայարանին մէջ: Թորգոմ Սրբազան Սուրբ Յակոբ ծուխին հոգեւոր հովութիւնը յանձնեց Տէր Գարեգինի, որ հանգամնօրէն վարեց զայն Սուրբ Ներսէս Ընծայարանի իր պաշտօններուն կից:
1978-ին Տէր Գարեգին կը ստանձնէ Սուրբ Յակոբի հովութիւնը եւ կը նուիրուի ծուխին ընտանիքներուն հոգեւոր եւ մշակութային խնամքին: Անխոնջ աշխատանքով եւ իր բարեհամբոյր նկարագրով Տէր Գարեգին առաջնորդեց Սուրբ Յակոբի ծուխին բարգաւաճ վերելքը, ներշնչելով գործակցութեան եւ նուիրումի հոգին բոլորին:
1980-ին ծուխին տեւաբար աճող կարիքները սպասարկելու համար պէտք կ’ըլլայ նոր կալուածի մը գնումը, եւ 13 տարիներ ետք Ուայթ Փլէյնս-ի մէջ 1993-ին դարձեալ նոր կալուածի մը գնումը: Այստեղ 1996 Յունուար 14-ին Նորին Սուրբ Օծութիւն երջանկայիշատակ Տէր Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կ՛օրհնէ նոր եկեղեցւոյ եւ օժանդակ գեղեցիկ կառոյցներուն հիմնաքարերը եւ 19 ամիսներ տեւող շինարարութիւնը կը պսակուի Աստուծոյ տանը օծումով 1998-ին՝ ձեռամբ Առաջնորդ Խաժակ Արքեպս. Պարսամեանի եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոսին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ նոր անունով:
Տէր Գարեգին յատուկ խնամք եւ հոգածութիւն ցոյց տուած է նոր սերունդին հոգեւոր եւ մշակութային կազմութեան, գործօն եւ արդիւնաւէտ կերպով մասնակցելով երիտասարդական կազմակերպութիւններու ժողովներուն, անոնց կրօնական դաստիարակութեան յայտագիրները պատրաստելու եւ իրականացնելու անդադրուն աշխատանքներուն: Իր սիրտն ու հոգին դրած է մանաւանդ եղբայրակից քահանաներուն հոգեւոր կազմութիւնը միշտ նորոգելու նուիրումին մէջ, եւ Տէր Խաժակ Արքեպս. Պարսամեանի հրաւէրով պատրաստած է “Կղերականներուն Նեցուկ Կանգնելու Առաքելութիւն” յայտագիրը:
2014 տարւոյն Հոկտեմբեր ամիսէն ի վեր հանգստեան կոչուած էր, բայց միշտ կը մասնակցէր ծխական կեանքին, անսակարկ նուիրելով իր բարի օրինակն ու խորհուրդները ամէնուն:
Տան Կարգը եւ հսկումը պիտի կատարուի Երկուշաբթի, Մայիս 11-ին, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ, 1131 North Street, White Plains, NY), կէսօրէն ետք ժամը 2–5 հսկում, եւ ժամը 5-ին Տան Կարգ, որուն պիտի հատեւի հոգեճաշը:
Ընտանեկան պարագաներուն խնդրանքով, Մեսրոպ Սրբազան, Առաջնորդ Հայրը պիտի կատարէ Վերջին Օծման եւ Թաղման Կարգի արարողութիւնը կղերական դասին եւ ընտանիքին ներկայութեամբ միայն:

